Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մասնակցութեամբ Ռուսիոյ, Ֆրանսայի, Սերպիոյ Եւ Կիպրոսի Նախագահներուն. Ծիծեռնակաբերդի Մէջ Ոգեկոչուեցաւ Հայոց Ցեղասպանութեան Սրբադասուած Նահատակներուն Յիշատակը

April 25, 2015
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

11122_bՀայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեանի հրաւէրով Ապրիլ 24-ին Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի արարողութիւններուն մասնակցելու նպատակով Հայաստան եկած են Ռուսիոյ, Ֆրանսայի, Սերպիոյ եւ Կիպրոսի նախագահները, ինչպէս նաեւ 60 երկիրներէ պաշտօնական պատուիրակութիւններ, կրօնական կառոյցներու եւ հաստատութիւններու առաջնորդներ, դիւանագիտական անձնակազմեր, միջազգային կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ ու գիտնականներ: Հիւրերու ընդհանուր թիւը կը հասնէր 600-ի:

Նախագահ Սերժ Սարգսեան Հայաստան եկած բազմաթիւ բարձրաստիճան պատուիրակութիւններու եւ պետութիւններու ղեկավարներու հետ 24 ապրիլ 2015-ի առաւօտուն այցելեց Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու Ծիծեռնակաբերդ համալիրը, ծաղկեպսակ զետեղեց անմար կրակին եւ մասնակցեցաւ ցեղասպանութեան 100-ամեակի յիշատակի արարողութեան: Պէտք է նշել, որ անմար կրակին առջեւ ծաղիկներով խոնարհեցան նաեւ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին, Ֆրանսայի նախագահ Ֆրանսուա Հոլլանտ, Սերպիոյ նախագահ Թոմիսլաւ Նիքոլիչ եւ Կիպրոսի նախագահ Նիքոս Անասթասիատիս:

Արարողութենէն ետք Ռուսիոյ, Ֆրանսայի, Սերպիոյ եւ Կիպրոսի նախագահները այցելեցին Հայոց ցեղասպանութեան թանգարանը եւ ծանօթացան նոր մնայուն ցուցադրութեան, ապա իրենց տպաւորութիւնները արձանագրեցին թանգարանի ոսկեմատեանին մէջ: Տեղին է նշել, որ նոր թանգարանի ցուցադրական տարածքը ընդարձակուած է երկուքուկէս անգամ` կազմելով 2400 քառ մեթր: Թանգարանային ցուցադրութեան բովանդակային լուծումները, հատուածական նիւթերը եւ բացատրագիրները հիմնուած են ցեղասպանագիտական մարզերուն մէջ վերջին տարիներուն գիտական ու մեթոտական մշակումներու վրայ, որոնք երեք լեզուներով` հայերէն, անգլերէն եւ ռուսերէն, կազմուեր են Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկի գիտական անձնակազմի մանրակրկիտ ու ամբողջական աշխատանքին շնորհիւ: Աշխատանքներուն խորհրդատուական աջակցութիւն ցուցաբերած է Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի արարողութիւնները համակարգող պետական յանձնաժողովի կողմէ ձեւաւորուած թանգարանային փորձագիտական խումբը:

Ծիծեռնակաբերդի միջոցառումներու պաշտօնական բաժինի աւարտէն ետք տպաւորիչ ու նոյնքան յուզիչ էին հայ ժողովուրդի զաւակներուն խիտ ու ամրակուռ շարքերը դէպի յուշահամալիր` վերանորոգելու իրենց ուխտը եւ յարգելու Եղեռնի զոհերուն անմահ յիշատակը:

Նախորդը

Նախագահ Սարգսեանի Հետ Տեսնուելու Ընթացքին. «Երեւանի Մէջ Պատմական Իրադարձութեան Մը Մասնակցած Ըլլալու Զգացումը Ունիմ» Կ՛Ըսէ Ֆրանսուա Հոլլանտ

Յաջորդը

Ս. Նահատակաց Մատրան Վերաօծում. Արամ Ա. Կաթողիկոս. «Մենք Թուրքիայէն Ցաւակցութիւն Չենք Խնդրեր, Այլ Դատապարտում Ու Ճանաչում Կը Պահանջենք»

RelatedPosts

Խմբագրական. Որպէսզի Վերապետականանան Հայ Դատի Օրակարգերը  (Հայ Դատի խորհրդաժողովին առիթով)
Գլխաւոր լուրեր

Խմբագրական. Որպէսզի Վերապետականանան Հայ Դատի Օրակարգերը (Հայ Դատի խորհրդաժողովին առիթով)

September 26, 2026
Բացումը Կատարուեցաւ ՀՅԴ Հայ Դատի  Յանձնախումբերու Եւ Գրասենեակներու  Համահայկական Խորհրդաժողովին
Գլխաւոր լուրեր

Բացումը Կատարուեցաւ ՀՅԴ Հայ Դատի Յանձնախումբերու Եւ Գրասենեակներու Համահայկական Խորհրդաժողովին

September 26, 2026
Ռուպիօ. «Մենք Անհամբեր Կը Սպասենք ԹՐԻՓՓ-ի  Յառաջ Մղման Եւ Հայաստանի Ու Շրջանին Համար  Նոր Կարելիութիւններու Բացման Աջակցելուն»
Հայկական

Ռուպիօ. «Մենք Անհամբեր Կը Սպասենք ԹՐԻՓՓ-ի Յառաջ Մղման Եւ Հայաստանի Ու Շրջանին Համար Նոր Կարելիութիւններու Բացման Աջակցելուն»

September 26, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.