Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Նիւ Եորք Թայմզ» Կ՛անդրադառնայ Կաթողիկոսարանի Յարուցած Դատին . Ուաշինկթընի Մէջ Կատարուած Մամլոյ Ասուլիսի Ճամբով Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը Կը Վերաշեշտէ Սիս Կաթողիկոսարանի Վերադարձի Պահանջքը

April 30, 2015
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

group_Sis_PhotoՔանի մը ժամ առաջ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան նախաձեռնութեամբ եւ Ուաշինկթընի Հայ դատի գրասենեակին աջակցութեամբ մամլոյ ասուլիս մը տեղի ունեցաւ Ուաշինկթընի Մամլոյ ազգային ակուբին մէջ: Հրաւիրուած էին Ուաշինկթընի մէջ գործող Միացեալ Նահանգներու մամլոյ կարեւոր օրկանները: Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան կողմէ տրուած մամլոյ ասուլիսին մասնակցեցան Միացեալ Նահանգներու Արեւելեան թեմի առաջնորդ Օշական արք. Չօլոյեան, Ազգային Կեդրոնական վարչութեան անդամ դոկտ. Տրդատ Մանկիկեան, Ժընեւի համալսարանի դասախօս եւ դատի յանձնախումբի աշխատանքը համադրող Թենի Սիմոնեան, Մեքկիլ համալսարանի Միջազգային օրէնքի դասախօս եւ Եւրոպայի մարդկային իրաւանց դատարանի մօտ փաստաբան, դոկտ. Ախաւան Բայյամ, Մարդկային իրաւանց եւ կալուածային հարցերու փաստաբան դոկտ. Ճեմ Սոֆուօղլու, եւ Ուաշինկթընի Հայ դատի գրասենեակի տնօրէն Արամ Համբարեան:

Մամլոյ ասուլիսին բացումը կատարելով` Օշական արք. Չօլոյեան Արամ Ա. կաթողիկոսին անունով ողջունեց ներկաները եւ ընդհանուր գիծերու մէջ ներկայացուց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան պահանջքը: Ապա խօսք առաւ Արամ Համբարեան եւ անդրադարձաւ Միացեալ Նահանգներու քոնկրեսին տուած որոշումին` Թուրքիոյ բռնագրաւած եկեղեցիներու գծով, եւ այդ ծիրին մէջ կարեւոր նկատեց Անթիլիասի կաթողիկոսութեան առած ներկայի իրաւական  քայլը:

Թենի Սիմոնեան անդրադարձաւ անցնող շուրջ երեք տարիներուն վեհափառ հայրապետին կողմէ նշանակուած իրաւական յանձնախումբին  կատարած աշխատանքին: Ապա յաջորդաբար խօսք առին Սօֆուօղլու ու դոկտ. Ախաւան Բայյամ, որոնք լայնօրէն պարզեցին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան կողմէ առնուած իրաւական քայլին կրօնական, իրաւական ու քաղաքական երեսները: Ապա անոնք պատասխանեցին ներկայ թղթակիցներուն կողմէ ուղղուած հարցումներուն:

10425894_10152967555011859_6650892061476433746_n«Ազդակ» հեռաձայնային կապ հաստատեց Ուաշինկթընի Հայ դատի գրասենեակին հետ եւ զրուցեց Ամերիկայի Հայ դատի գրասենեակի բանբեր Եղիսաբէթ Չուլճեանին հետ, որ ըսաւ, թէ կաթողիկոսարանին յարուցած դատին արդէն իսկ անդրադարձած է աշխարհահռչակ «Նիւ Եորք Թայմզ»-ը` աւելցնելով, որ հետագային եւս աւելի ընդարձակ յօդուածով թերթը այս մասին երկրորդ հրապարակում պիտի կատարէ:

Մամլոյ ասուլիսին ներկայ եղած են համաշխարհային լրատուամիջոցներ, որոնց կարգին`«Ռոյթըրզ», ինչպէս նաեւ թրքական եւ հայկական մամլոյ ներկայացուցիչներ: Գրասենեակին կողմէ աշխատանքը կը շարունակուի` ամերիկեան կարեւորագոյն լրատուամիջոցները այս հարցին մասին իրազեկելու նպատակով:

Յայտնենք, որ ամերիկեան մամլոյ շրջանակներուն մէջ մեծ հետաքրքրութիւն սկսած է այս ուղղութեամբ: «Նիւ Եորք Թայմզ»-ի կողքին այլ մամլոյ օրկաններ կապ հաստատած են կազմակերպիչ յանձնախումբին հետ եւ առաջարկած են առանձին հարցազրոյցներ ունենալ փաստաբաններուն հետ:

Նշենք, որ մամլոյ ասուլիսին ներկայ եղած են նաեւ Միջին Արեւելքի քրիստոնէութեան պաշտպանութեան լծուած կառոյցներու ներկայացուցիչները: Արամ Ա. կաթողիկոսին կողմէ տրուած տեղեկութեան համաձայն, յառաջիկային նոյն հարցին վերաբերող մամլոյ ասուլիսներ պիտի կազմակերպուին Ժընեւի, Փարիզի եւ այլ շրջաններու մէջ:

 

 

 

Նախորդը

Կիրօ Մանոյեան. «Գերմանացիները Թեր Են Ճշմարտութիւնը Ի Յայտ Գալուն»

Յաջորդը

Սուրէն Չախալեան Վերադարձաւ Ուլիս

RelatedPosts

«Հայաստանի Հանրապետութեան Հզօրացումը  Իւրաքանչիւր Հայու Եւ Ամբողջ Հայութեան  Աւագ Պարտաւորութիւնն Է»  Շեշտեց Արամ Ա. Կաթողիկոս
Գլխաւոր լուրեր

Արամ Ա. Կաթողիկոսին Ուղերձը Հայաստանի Անկախութեան Տօնին Առիթով

September 21, 2026
Խմբագրական.  Գերիշխանութեան Պահպանման Համար (Հայաստանի Վերանկախացման 35-Ամեակին Առիթով)
Գլխաւոր լուրեր

Խմբագրական. Գերիշխանութեան Պահպանման Համար (Հայաստանի Վերանկախացման 35-Ամեակին Առիթով)

September 21, 2026
Մուսա Լերան Հերոսամարտի 111-Ամեակի  Եւ Այնճարի Հիմնադրութեան  87-Ամեակի Հանդիսաւոր Նշում
Գաղութային

Մուսա Լերան Հերոսամարտի 111-Ամեակի Եւ Այնճարի Հիմնադրութեան 87-Ամեակի Հանդիսաւոր Նշում

September 21, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.