Գլխաւոր լուրեր

Մամլոյ Ասուլիս` «Ֆորում Տը  Պէյրութ»-ի Մէջ  Կայանալիք «Հայերը Լիբանանի Մէջ-100 Տարի»  Խորագրեալ Տօնավաճառ-Ցուցահանդէսին Մասին

Մամլոյ Ասուլիս` «Ֆորում Տը Պէյրութ»-ի Մէջ Կայանալիք «Հայերը Լիբանանի Մէջ-100 Տարի» Խորագրեալ Տօնավաճառ-Ցուցահանդէսին Մասին

Հովանաւորութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեանի, երէկ` հինգշաբթի, 26 փետրուար 2015-ի կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին մամլոյ յատուկ ասուլիս մը տեղի ունեցաւ «Ֆորում տը Պէյրութ»-ի հանդիսասրահին մէջ: «Հայերը Լիբանանի մէջ, 100-տարի» խորագրեալ տօնավաճառ-ցուցահանդէսին  գծով կազմակերպուած այս մամլոյ ասուլիսին բացումը կատարեց Անի Եփրեմեան, որ ողջունելէ ետք ներկաները, արաբերէնով անդրադարձաւ ասուլիսի շարժառիթին եւ նպատակին` ընդգծելով լիբանանահայութեան օգտաշատ ներդրումը Լիբանանի յառաջդիմութեան եւ...

ՀՅԴ-ի Մօտ 1000 Անդամներ  Կը Մեկնին Արցախ

ՀՅԴ-ի Մօտ 1000 Անդամներ Կը Մեկնին Արցախ

Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան աւելի քան  1000 անդամներ պիտի մեկնին Արցախ: Այս տեղեկութիւնը հաստատեցին ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինէն` նշելով, որ Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան շուրջ 1200 անդամներ 27 փետրուարին երկօրեայ զօրակցութեան այցելութիւն պիտի կատարեն Արցախ: «Կը մեկնին ՀՅԴ Բիւրոյի եւ Գերագոյն մարմինի պատասխանատու անձեր եւ ազատամարտիկներ, նախատեսուած է հանդիպում Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեանի եւ երկրի ղեկավար անձնակազմին հետ, այցելութիւններ պիտի...

Ռուստամեան. «Մենք Պէտք Է Ծրագրուած  Աշխատինք, Եւ Նոյն Տիկինը  Չփորձէ Նենգափոխել Փաստերը»

Ռուստամեան. «Մենք Պէտք Է Ծրագրուած Աշխատինք, Եւ Նոյն Տիկինը Չփորձէ Նենգափոխել Փաստերը»

Հայաստանի Ազգային ժողովի նիստին կառավարութեան հետ հարցում պատասխանի ընթացքին ՀՅԴ Բիւրոյի քաղաքական ներկայացուցիչ, ՀՅԴ խմբակցութեան ղեկավար Արմէն Ռուստամեան  հարցում ուղղեց Հայաստանի Հանրապետութեան  արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեանին: «Հարցումս կը վերաբերի ներթափանցող այն խմբակին, որ վնասազերծուեցաւ Ղարաբաղի մէջ: Դատավարութիւնը կատարուեցաւ, բայց ատոր  կապուած, միջնորդութեամբ հանդէս եկած են Միացեալ Նահանգներ: Եւ կրկին մտահոգութիւն ունիմ, որ հարցը տեղափոխուի այլ դաշտ, նենգափոխուի հարցի էութիւնը,...

Վարդանեան. «Նոր Շունչ Տալու  Կարելիութիւն Կայ, Պէտք Է  Գիշեր-Ցերեկ Աշխատիլ»

Վարդանեան. «Նոր Շունչ Տալու Կարելիութիւն Կայ, Պէտք Է Գիշեր-Ցերեկ Աշխատիլ»

«Երկիր Մետիա»-ի «Երկրի հարցը» հաղորդումին ընթացքին, ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի  ներկայացուցիչ Աղուան Վարդանեան խօսած է ՀՅԴ-ի յառաջիկայ ընելիքներուն մասին: Ան նախ յիշեցուցած է, որ յունուար ամսուան երկրորդ կիսուն տեղի ունեցաւ Դաշնակցութեան Ընդհանուր ժողովը, որմէ ետք կարգ մը վերադասաւորումներ կատարուեցան կուսակցութեան մարմիններուն մէջ, ապա աւելցուցած է, որ Գերագոյն մարմինը այսօր իր հիմնական գործունէութեան ուղղութիւնները ունի: «Մենք որոշած ենք հանդիպիլ մեր բոլոր...

Սէյրան Օհանեան. «Սահմանին Վրայ  Կացութիւնը Համեմատաբար Հանդարտ Է»

Սէյրան Օհանեան. «Սահմանին Վրայ Կացութիւնը Համեմատաբար Հանդարտ Է»

Հայ-ազրպէյճանական սահմանին վիճակը համեմատաբար հանդարտ է: Այս մասին լրագրողներուն երէկ ըսած է Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեան` նշելով, որ ատիկա էապէս պայմանաւորուած է հայկական զինեալ ուժերու  պատրաստուածութեան մակարդակի բարձրացումով: «Մարտական հերթապահութեան տարրերու կատարելագործման ուղղութեամբ Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան բանակները անընդհատ կ՛աշխատին: Բարելաւած ենք դիտարկման համակարգը, որ կարելիութիւն կ՛ընձեռէ աւելի լաւ  դիտարկել, յայտնաբերել, կողմնորոշուիլ եւ որոշումներ տալ», ըսած...

«Բագին»-ի Ընթերցման Հանդիպում.  Պերճուհի Պարտիզպանեան-Բարսեղեանի  «Խանձուած Օրեր» Վէպի Ներկայացում

«Բագին»-ի Ընթերցման Հանդիպում. Պերճուհի Պարտիզպանեան-Բարսեղեանի «Խանձուած Օրեր» Վէպի Ներկայացում

«Բագին» գրականութեան եւ արուեստի հանդէսին խմբագրութեան կազմակերպութեամբ գրական հանդիպումը տեղի ունեցաւ չորեքշաբթի, 25 փետրուար 2015-ին, երեկոյեան ժամը 7:30-ին, «Բագին»-ի խմբագրատան մէջ: Գրական հանդիպումին ընթացքին «Բագին»-ի խմբագիր  Յակոբ Պալեան ներկայացուց Պերճուհի Պարտիզպանեան-Բարսեղեանի «Խանձուած օրեր»` 1915-ի յիշողութեան վէպը, որ իբրեւ թերթօն լոյս տեսած է «Հայրենիք» ամսագիրին մէջ 1938-1939 թուականներուն, ապա 2004-ին լոյս տեսած է ֆրանսերէնով` թարգմանութեամբ Արմէն Բարսեղեանի: Յակոբ Պալեան նախ ներկայացուց...

Երեսփոխան Սամի Ժեմայէլ Այցելեց «Շաղզոյեան» Կեդրոն

Երեսփոխան Սամի Ժեմայէլ Այցելեց «Շաղզոյեան» Կեդրոն

Երեսփոխան Սամի Ժեմայէլ Փաղանգաւոր կուսակցութեան պատուիրակութեան մը ընկերակցութեամբ այցելեց «Շաղզոյեան» կեդրոն, ուր ընդունուեցաւ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունիի, փոխներկայացուցիչ Աւետիս Կիտանեանի եւ Կեդրոնական կոմիտէի անդամ Յակոբ Հաւաթեանի կողմէ: Փաղանգաւոր պատուիրակութեան մաս կը կազմէին կուսակցութեան փոխնախագահ Իպրահիմ Ռիշա, ընդհանուր քարտուղար Միշել Խուրի եւ քաղաքական խորհուրդի անդամ Փիեռ Ժալխ: Նորընտիր Կեդրոնական կոմիտէին յաջողութեան մաղթանք կատարելէ ետք երեսփոխան Սամի Ժեմայէլ անդրադարձաւ...

Ռուստամեան. «Միասին Խելք Խելքի Տանք  Եւ Ազատինք Չարիք Դարձած  Այս Արատաւոր Համակարգէն»

Ռուստամեան. «Միասին Խելք Խելքի Տանք Եւ Ազատինք Չարիք Դարձած Այս Արատաւոր Համակարգէն»

ՀՅԴ Բիւրոյի քաղաքական ներկայացուցիչ Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան ղեկավար Արմէն Ռուստամեան երէկ խորհրդարանին մէջ կատարեց հետեւեալ յայտարարութիւնը. «Սիրելի՛ հայրենակիցներ, «Այս վերջին օրերուն տեղի ունեցած ներքաղաքական իրադարձութիւնները խորքային ընկալման եւ գնահատման կարիք ունին: Կողմերուն   միջեւ օրէ օր աճող լարուածութիւնը վերածուած էր  անձնական վիրաւորանքներու, սրած էր ճակատումը եւ աւելցուցած բախումներու եւ արիւնահեղութեան հաւանականութիւնը: «Ի պատիւ գլխաւոր դերակատարներուն, պէտք է արձանագրել, որ անոնք...

Մինասեան. «Կառավարման  Ճգնաժամ Կայ, Բայց Ատիկա  Համակարգային Է»

Մինասեան. «Կառավարման Ճգնաժամ Կայ, Բայց Ատիկա Համակարգային Է»

Ազգային ժողովի երէկուան նիստին, ուր կը քննարկուէր Հայ ազգային քոնկրէսին կողմէ ներկայացուած  կառավարման ճգնաժամի մասին նախագիծ, ՀՅԴ խմբակցութեան պատգամաւոր Արծուիկ Մինասեան ներկայացուցած է իր խմբակցութեան տեսակէտը: Նախքան անոր  խօսք տալը, Ազգային ժողովի նախագահ Գալուստ Սահակեան ըսած է. «Խօսքը կը տրուի  Հայ յեղափոխութիւն դաշնակցութեան պատգամաւոր Արծուիկ Մինասեանին»: Ապա  ինքն իրեն սրբագրելով ըսած է. «Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւն, այնքան խօսեցան յեղափոխութեան մասին, որ®»:...

Արցախ.  Նախագահ Բակօ Սահակեան  Ընդունեց Միքայէլ Յարութիւնեանը

Արցախ. Նախագահ Բակօ Սահակեան Ընդունեց Միքայէլ Յարութիւնեանը

Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան երէկ ընդունած է Հայաստանի նախագահի գլխաւոր ռազմական տեսուչ, զօրավար-գնդապետ Միքայէլ Յարութիւնեանը: Ըստ Լեռնային Ղարաբաղի նախագահի պաշտօնական կայքին, հանդիպման, որուն ներկայ եղած է Արցախի պաշտպանութեան նախարար Մովսէս Յակոբեան, քննարկուած են բանակաշինութեան, Լեռնային Ղարաբաղի եւ Հայաստանի համագործակցութեան վերաբերող հարցեր:

ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական Կոմիտէի  Ներկայացուցիչին  Հանդիպումները Բրիտանիոյ Մէջ

ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական Կոմիտէի Ներկայացուցիչին Հանդիպումները Բրիտանիոյ Մէջ

ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական կոմիտէի  ներկայացուցիչ Դաւիթ Իշխանեան, Բրիտանիոյ  ՀՅԴ Հայ դատի յանձնախումբի անդամ Սեւան Արթինի ընկերակցութեամբ, տեսակցեցաւ Բրիտանիոյ մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Արմէն Սարգսեանի հետ: Հանդիպումին ընթացքին արծարծուած  են Արցախի հիմնահարցի, Արցախի քաղաքական եւ տնտեսական իրավիճակին վերաբերող հարցեր: Իսկ Բրիտանիոյ խորհրդարանին մէջ տեղի ունեցաւ ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական կոմիտէի  ներկայացուցիչին հանդիպումը խորհրդարանի անդամներ Ճոն Ուայթինկտէյլի եւ Սթիւըն Փաունտի հետ: Ճոն Ուայթինկտէյլ...

Թաղական Խորհուրդներու  Ընտրութիւններ

Թաղական Խորհուրդներու Ընտրութիւններ

Կիրակի, 22 փետրուար 2015-ին, առաւօտեան կանուխ ժամերէն մինչեւ երեկոյեան ժամը 5:00, Լիբանանի հայոց թեմի բոլոր եկեղեցիներուն մէջ տեղի ունեցաւ թաղական խորհուրդներու ընտրութիւններ: Հաւատացեալ հայորդիները խուռներամ շարքերով մասնակցեցան ընտրութեան: Յառաջիկային Ազգային առաջնորդարանը յատուկ հաղորդագրութեամբ կը ներկայացնէ ընտրութեանց արդիւնքները:

Ակնարկ. Աճիւններ Եւ Իրողական Սահմանագծումներ

Անգարայի իրականացուցած Շահ Ֆըրաթ գործողութիւնը  դիտարժան որոշ երեւոյթներ կը պարզէ: Կը թուի, որ Անգարան բոլոր առնչակից կողմերուն հետ համաձայնեցուցած էր իր գործողութիւնը: Զինուորական գործողութեան անարգել իրականացումը այս ենթադրութիւնը աւելի հաստատ վարկածի կը վերածէ: Առնչակից երեք կողմ կայ այս առումով: Նախ անշուշտ, տարածքը վերահսկող ՏԱՀԵՇ իսլամական զինեալ խմբաւորումը, ապա մերձաւոր դիրքեր գրաւած քրտական ուժեր եւ վերջապէս պաշտօնական Դամասկոսը, որուն բանակային ուժերուն...

ՀՅԴ-ն Դէմ Է Նախագահի Պաշտօնի  Պահպանման Ուղղուած Որեւէ Քայլի

ՀՅԴ-ն Դէմ Է Նախագահի Պաշտօնի Պահպանման Ուղղուած Որեւէ Քայլի

Հայաստանի Ազգային ժողովի նիստին երէկ քննարկուեցան պատգամաւոր Զարուհի Փոստանջեանի ներկայացուցած որոշումի նախագիծը, որ կը վերաբերի Օսմանեան կայսրութեան մէջ ազգային փոքրամասնութիւններու ցեղասպանութեան դատապարտման, ինչպէս նաեւ պատգամաւոր Նիկոլ Փաշինեանի ներկայացուցած որոշումի նախագիծը, որ Հայաստանի Հանրապետութեան  նախագահ Սերժ Սարգսեանը պաշտօնանկ ընելու մասին է: Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան ղեկավար Արմէն Ռուստամեան  ներկայացուցած է ՀՅԴ խմբակցութեան տեսակէտը այդ երկու նախագիծերուն  վերաբերեալ: «Մենք այս երկու նախագիծերուն...

Բարգաւաճ Հայաստան Կուսակցութիւնը Պոյքոթի Ենթարկեց Ազգային Ժողովի Նիստը

Բարգաւաճ Հայաստան Կուսակցութիւնը Պոյքոթի Ենթարկեց Ազգային Ժողովի Նիստը

Բարգաւաճ Հայաստան կուսակցութեան (ԲՀԿ)  խորհրդարանական խմբակցութիւնը պոյքոթի կ՛ենթարկէ  Ազգային ժողովի քառօրեան: Այս մասին յայտարարած է խմբակցութեան քարտուղար Նայիրա Զոհրապեան, ապա  ԲՀԿ-ի ամբողջ խմբակցութիւնը լքած է նիստերու դահլիճը: «Հաշուի առնելով հայաստանեան ներքաղաքական դաշտին մէջ ստեղծուած աննախընթաց իրավիճակը, ԲՀԿ-ի խորհրդարանական խմբակցութիւնը կը յայտարարէ, որ մենք պոյքոթի կ՛ենթարկենք այս քառօրեան: Յառաջիկայ օրերուն Բարգաւաճ Հայաստան կուսակցութիւնը պիտի հրապարակէ յստակ պարզաբանումներ եւ հանրութեան ու իր...

«Ինչո՞ւ Պէտք Է Համախոհութիւն Գոյացնենք  Հանրապետութեան Տկար Նախագահի Մը Շուրջ»  Հարց Տուաւ Յակոբ Բագրատունի

«Ինչո՞ւ Պէտք Է Համախոհութիւն Գոյացնենք Հանրապետութեան Տկար Նախագահի Մը Շուրջ» Հարց Տուաւ Յակոբ Բագրատունի

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունի «Նահար» օրաթերթին հետ իր ունեցած հարցազրոյցին մէջ շեշտեց, որ ՀՅԴ-ն ունի սկզբունքներ, որոնցմէ անշեղ կը մնայ: Այդ սկզբունքներն են` Լիբանանի անկախութիւնը, ազատութիւնն ու գերիշխանութիւնը, հաւասարակշռուած քաղաքականութիւնն ու ներքին քաղաքական տագնապները լուծելու համար երկխօսութեան որդեգրումը, ինչպէս նաեւ լիբանանեան քաղաքական բոլոր ուժերուն հետ գործակցելու պատրաստակամութիւնը: Անդրադառնալով Ազգային ազատ հոսանք եւ Լիբանանեան...

«Պահանջում Եմ Իմ Տունը»  Ֆէյսպուքեան Շարժում

«Պահանջում Եմ Իմ Տունը» Ֆէյսպուքեան Շարժում

ՀՅԴ Հայաստանի երիտասարդական միութիւնը կը տեղեկացնէ, որ յունուար 2015-էն սկսեալ սկիզբ առած է ՀՅԴ երիտասարդական եւ ուսանողական միութիւններու ցեղասպանութեան 100-ամեակի  տարելիցին նուիրուած ձեռնարկներուն շարքը: Ձեռնարկները համահայկական են: Ծրագիրները բաժնուած են քանի մը բաժիններու` միջազգային խորհրդաժողովներ, բաց սեմինարներ, հանդիպումներ եւ այլն, ինչպէս նաեւ համացանցի միջոցով տեսահոլովակներու, պաստառներու եւ կոչերու տարածում: ՀՅԴ Հայաստանի երիտասարդական միութիւնը կոչ կ՛ուղղէ հայկական բոլոր կազմակերպութիւններուն միանալու իր...

Արցախի Հանրապետութեան Նախագահը Ընդունեց  ՀՅԴ Եւրոպայի Հայ Դատի Գրասենեակի Ղեկավարը

Արցախի Հանրապետութեան Նախագահը Ընդունեց ՀՅԴ Եւրոպայի Հայ Դատի Գրասենեակի Ղեկավարը

Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան 20 փետրուարին ընդունեց ՀՅԴ Հայ դատի Եւրոպայի գրասենեակի ղեկավար Գասպար Կարապետեանը: Արցախի նախագահի աշխատակազմի տեղեկատուութեան գլխաւոր վարչութենէն կը յայտնեն, որ հանդիպումին ընթացքին, որուն կը մասնակցէր Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան  արտաքին գործոց նախարար Կարէն Միրզոյեան, քննարկուած են ղարաբաղեան-ազրպէյճանական տագնապի լուծման, Արցախի միջազգային ճանաչումին եւ Արցախ-սփիւռք կապերու ամրապնդման վերաբերող հարցեր: Նախագահ Սահակեան բարձր գնահատած է Եւրոպայի Հայ դատի...

«Մանտիլիոն»-ը` «Տարուան Պեսթսելըր»

«Մանտիլիոն»-ը` «Տարուան Պեսթսելըր»

Փորձառու օրէնսդիր եւ քաղաքական գործիչ, ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Վահան Յովհաննիսեանի համար իր «Մանտիլիոն» գիրքը ամէնէն կարեւոր եւ յաջողած ստեղծագործութիւնն էր: «Արմէնփրես»-ի մամլոյ սրահին մէջ Մայրենի լեզուի խորհրդանշական օրը` 21 փետրուարին տեղի ունեցած «Տարուան պեսթսելըր» մրցանակաբաշխութեան աւարտին լրագրողներուն հետ զրոյցի մը ընթացքին նշեց գրողի որդին` Հայկ Յովհաննիսեան: «Մանտիլիոն» գիրքին համար Վահան Յովհաննիսեան «Տարուան պեսթսելըր» մրցանակաբաշխութեան ընթացքին յատուկ մրցանակի արժանացաւ: Մրցանակը յանձնուեցաւ...

Իրավիճակը Հալէպի Մէջ.  Պըսթան Քըլափի Շրջանը Հրթիռակոծման  Թիրախ Դարձաւ. Սագօ Գարակիւլլէեան Եւ Յարութ  Ագսանեան Զոհուեցան,  Կան Նաեւ Հայ Վիրաւորներ

Իրավիճակը Հալէպի Մէջ. Պըսթան Քըլափի Շրջանը Հրթիռակոծման Թիրախ Դարձաւ. Սագօ Գարակիւլլէեան Եւ Յարութ Ագսանեան Զոհուեցան, Կան Նաեւ Հայ Վիրաւորներ

«Բերիոյ նիուզ» կը հաղորդէ, որ Հալէպի կեդրոնը գտնուող Պըսթան Քըլափ վաճառախանութներու շրջանը քանի մը օրէ ի վեր հրթիռակոծման թիրախ դարձած է: Շաբաթ, 21 փետրուար 2015-ին շարունակուեցաւ հրթիռակոծումը զինեալ խմբաւորումներու կողմէ: Թէեւ հրթիռներէն քանի մը հատը չպայթեցաւ յատկապէս Թիլել շրջանի մուտքին (Պապ Ֆարաճի կողմէ), սակայն կէսօրուան Պըսթան Քըլափի շրջանի «Սանոսեաններու կառատունի տարածք»-ը դարձաւ հրթիռներու պայթումին թատերաբեմը: Պայթումին պատճառով զոհուեցան 1970-ի ծնունդ...

Page 785 of 795 1 … 784 785 786 … 795

Արխիւներ