Պռօշեանի Սպաննուած Գիւղապետին Հարազատներուն Պնդումով` Գործին Բացայայտումը Կը Ձգձգուի
Այսօր կը լրանայ Պռօշեանի գիւղապետ Հրաչ Մուրատեանի սպանութեան երկրորդ տարին: Սպանութեան գործով շուրջ 10 ամիս կալանաւորուած պռոշեանցի Արայիկ Պետրոսեան աւելի ուշ ազատ արձակուած էր: Քննչական մարմինը Պետրոսեանի առնչութիւնը այս գործին մէջ չէր հաստատած: Գիւղապետին կուսակից ընկերներն ու հարազատները կը պնդեն, որ քննչական մարմինը կը ձգձգէ գործին բացայայտման ընթացքը: Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Աղուան Վարդանեան «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանին...



















