ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի «Սաութ Հուրիա» ձայնասփիւռի կայանին եւ «Մանար» պատկերասփիւռի կայանին հետ իր ունեցած հարցազրոյցներուն ընթացքին անդրադարձաւ տեղական եւ շրջանային իրադարձութիւններուն, որոնց շրջագիծին մէջ` Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունի նախաձեռնութեան, անոր դաշնակիցներուն կեցուածքներուն, կառավարութեան իրավիճակին, ապահովական կառոյցներու պետերու նշանակումներուն, Արսալի կացութեան, ինչպէս նաեւ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարին Սուրիա այցելութեան:
Զօր. Աունի նախաձեռնութեան անդրադառնալով` երեսփոխան Բագրատունի յայտնեց, որ զօր. Աուն պիտի շարունակէ նախագահական ընտրութեան իր պայքարը եւ կա՛մ յաղթական դուրս կու գայ անկէ, կա՛մ ալ կը պարտուի:
Յ. Բագրատունի շեշտեց, որ զօր. Աուն կտրականապէս կը մերժէ ստորագրել Տոհայի խորհրդաժողովին նման այլ համաձայնագիր մը:
«Զօր. Աունի կատարած յայտարարութիւններն ու կեցուածքները առանցքային են եւ կարեւոր` քաղաքական դէպքերուն հոլովոյթին հետ կապակցաբար: Պէտք չէ մոռնալ, որ երկրին սահմանադրութեան գործադրութեան իմաստով արձանագրուած են շարք մը խախտումներ, անցեալի փորձառութիւններէն կուտակուած կարգ մը հարցեր գոյութիւն ունին, ինչպէս նաեւ կան խոստումներ եւ խոստումներ, խօսքեր եւ խօսքեր, որոնք մղած են զօր. Աունն ու անոր շուրջ գտնուող քաղաքական ուժերը համոզուելու, որ կարեւոր որոշումներ տան», ըսաւ ան:
Յ. Բագրատունի ցաւ յայտնեց, որ նախագահական աթոռին թափուր մնալը սովորական դարձած է, խորհրդարանի պաշտօնավարութեան նստաշրջանը երկու անգամ երկարաձգուած է, պետական եւ ապահովական հաստատութիւններուն մէջ պատասխանատուներու պաշտօնավարութեան երկարաձգում կատարուած է, ինչպէս նաեւ արձանագրուած են շարք մը այլ օրինազանցութիւններ` կառավարութեան եւ այլոց կողմէ:
«Զօր. Աունի առաջադրած նախաձեռնութիւնը տեղին էր, որովհետեւ ան առաջարկած էր շարք մը լուծումներ: Զօր. Աունի մամլոյ ասուլիսին պահուն իսկ, ինծի համար յստակ էր, որ անոր նախաձեռնութեան դէմ ժխտական կեցուածքներ պիտի արձանագրուին, պարզապէս որովհետեւ զօր. Աունն է նման լուծումներ յայտարարողը: Եթէ մենք իսկապէս Լիբանանի մէջ ժողովրդավարութեան կը հաւատանք, այդ նախաձեռնութիւնը պէտք էր նուազագոյնը քննարկուէր եւ ապա այդ մասին կեցուածք յայտնուէր եւ ոչ թէ իսկոյն մերժուէր», ըսաւ ան:
Երեսփոխան Բագրատունի շեշտեց, որ Լիբանան ներքին եւ արտաքին իմաստով կը գտնուի անդունդին եզրին` յայտնելով, որ լիբանանցիները պէտք է վերադառնան իրենց արմատներուն, ժողովրդավարութեան եւ արաբական արժէքներուն պահպանումին, որպէսզի կարելի ըլլայ իբրեւ երկիր, հանրապետութիւն եւ պետութիւն ինքզինք վերագտնել: «Այս դիտանկիւնէն մեկնելով կարելի է շեշտել, որ զօր. Աուն վտանգի փողը հնչեցուց` հաստատելով, որ այս անգամ անձնատուր պիտի չըլլայ», յայտնեց ան:
Թաէֆի համաձայնագիրին մասին հարցումի մը պատասխանելով` Յ. Բագրատունի յայտնեց, որ ՀՅ Դաշնակցութիւնը այդ համաձայնագիրին ստորագրուած օրէն եղած է այն կարծիքին, որ այդ համաձայնագիրը օրին տիրող պայմաններուն պատշաճեցուած էր եւ կարեւոր էր պատերազմը կասեցնելու համար: «Սակայն ՀՅԴ-ի ներկայացուցիչ երեսփոխանները մնայուն կերպով պահանջած են Թաէֆի համաձայնագիրին բարեփոխումը` նկատի ունենալով անոր բացթողումները եւ այն իրականութիւնը, որ անիկա կատարեալ համաձայնագիր մը չէ», ըսաւ ան:
Յ. Բագրատունի շեշտեց, որ ոչինչ պէտք է վերջնական ըլլայ, ո՛չ համաձայնագիրները եւ ո՛չ իսկ սահմանադրութիւնը, որ պէտք է ծառայէ ժողովուրդին եւ երկրին շահերուն: «Լիբանանեան սահմանադրութեան մէջ կան շարք մը յօդուածներ եւ օրէնքներ, որոնք արդիականացման կարիքը ունին», աւելցուց երեսփոխան Բագրատունի:
Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչը հաստատեց, որ նախագահական ընտրութիւնը կարեւոր է եւ առաջնահերթ` ընդգծելով, որ այնպէս, ինչպէս խորհրդարանի նախագահն ու վարչապետը իրենց համայնքներուն հզօրագոյն ներկայացուցիչներն են, նոյնպէս եւ հանրապետութեան նախագահը պէտք է ըլլայ մարոնի համայնքի եւ քրիստոնեաներու հզօրագոյն ներկայացուցիչը` ամբողջ Լիբանանի նախագահը ըլլալու կողքին: «Ինչո՞ւ պէտք է խորհրդարանի նախագահին եւ վարչապետին մասին այդպէս ըլլայ իրողութիւնը եւ հանրապետութեան նախագահի ընտրութեան պարագային` համայնքին հզօրագոյն ներկայացուցիչը հարց նկատուի, եւ քաղաքական կողմեր ուղղուին համախոհական նախագահ ընտրելու», ըսաւ ան` նշելով, որ այդ իմաստով մարոնի համայնքին մէջ կայ անհամաձայնութիւն:
Երեսփոխաններուն կողմէ խորհրդարան ուղղուելու եւ նախագահական ընտրութեան մասնակցելու իմաստով Յ. Բագրատունի յայտնեց, որ 1943-էն ի վեր Լիբանանի մէջ մէկ անգամ միայն խորհրդարանն է, որ ընտրած է հանրապետութեան նախագահը, որ Սլէյման Ֆրենժիէն էր: «Մնացեալ բոլոր պարագաներուն ալ արտաքին համաձայնութիւն գոյացած է երկրին նախագահին շուրջ, հետեւաբար երեսփոխաններուն կողմէ նախագահական ընտրութեան խորհրդարանի նիստին մասնակցութիւնը այդ հոլովոյթին վերջին մանրամասնութիւնն է: Իսկ այս իրականութեան պատասխանատուները մենք ենք, որովհետեւ միշտ լիբանանցին է, որ օտարին դիմած է իր իշխանութեան պետերն ու պետական անձնաւորութիւնները ճշդելու իմաստով», շեշտեց Յ. Բագրատունի:
Արսալի հարցով Յ. Բագրատունի ընդգծեց, որ եթէ լիբանանեան քաղաքական բոլոր կողմերը այդ շրջանը լիբանանեան հող չեն նկատեր, ապա անիկա փորձանք է եւ պէտք է բոլորին կողմէ ընդունուած ըլլայ, որ Արսալը Լիբանանի մաս կը կազմէ, անկախ այն իրականութենէն, թէ այդ շրջանը յարանուանական ի՛նչ պատկանելիութիւն ունի:
«Եթէ Լիբանանի մէջ կայ շրջան մը, որ բռնագրաւուած է, ապա անիկա պէտք է ազատագրել, անկախ այն իրականութենէն թէ այդ շրջանը քրիստոնէակա՞ն, թէ՞ իսլամական, սիւննիակա՞ն է, թէ՞ շիիական, տիւրզիակա՞ն է, թէ՞ հայկական, որովհետեւ շրջանի մը մէջ յարանուանական պատկանելիութիւնը չի դադրեցներ տուեալ շրջանին լիբանանեան ըլլալու իրականութիւնը: Իսկ լիբանանեան բանակը քաղաքական հովանիի կարիք չունի, որովհետեւ անիկա երկրին սահմանադրութեան համաձայն երկրին, անոր սահմաններուն եւ ապահովական կայունութեան պաշտպանն է: Եթէ մենք սահմանադրութեան կէտերը պիտի գործադրենք` քաղաքական հովանաւորութեան պէտք չունինք, իսկ բանակը իր ազգային պարտականութիւնն ու առաքելութիւնը կատարելու համար քաղաքական հովանաւորութեան կարիք չունի: Ուրեմն, բանակին պարտականութիւնն է պահպանել Արսալը», ըսաւ ան:
Յ. Բագրատունի աւելցուց, որ շուրջ երկու ամիս առաջ ներքին գործոց նախարարը հաստատած է, որ Արսալի որոշ շրջաններ բռնագրաւուած են, մինչդեռ երկու տարի առաջ բոլորը կը շեշտէին, թէ Արսալի մէջ Ժապհաթ Նուսրա, ՏԱՀԵՇ եւ Քայիտա գոյութիւն չունին: «Եթէ բանակը ունի Արսալը` լիբանանեան այդ շրջանը ազատագրելու կարողութիւնը, ինչո՞ւ չի կրնար ազատագրել այդ շրջանները, արդեօք ան ժողովրդային զօրակցութեան կարի՞ք ունի. լիբանանցի ժողովուրդը կը զօրակցի իր բանակին եւ կը պաշտպանէ իր հողը: Համոզուած ենք, որ ուշ կամ կանուխ բանակը պիտի որոշէ ահաբեկիչներէն մաքրագործել Արսալը, այնպէս ինչպէս էր Նահր Պարետի պարագան, իսկ մենք` իբրեւ քաղաքական անձնաւորութիւններ, պէտք է լուռ մնանք: Երբ բանակը երկիրը կը պաշտպանէ, եւ այդ ճամբուն վրայ նահատակներ կ՛արձանագրուին, մենք միայն կրնանք լուռ մնալ եւ օժանդակել բանակին ու ապահովական կառոյցներուն», հաստատեց ան:
Դիմադրութեան դերակատարութեան մասին հարցումի մը պատասխանելով` Յ. Բագրատունի յայտնեց, որ երբ պետութիւնը չի հասնիր իր սահմանները պաշտպանելու, այդ առաքելութիւնը կը կատարէ Դիմադրութիւնը եւ պէտք չէ զայն մեղադրել, որովհետեւ անիկա ազգային Դիմադրութիւն է եւ ոչինչ կ՛արգիլէ, որ լիբանանցիները իրենց զէնքերը բարձրացնեն հաւատադրժողական շարժումներուն եւ ահաբեկիչներուն դէմ:
«Պէտք է համոզուիլ, որ իւրաքանչիւր սիւննիի, շիիի կամ քրիստոնեայի նահատակութեան պարագային Լիբանանն է, որ կը տուժէ: Պէտք է այս համոզումին կառչած մնալ, այլապէս համակեցութիւնն ու ազգային համերաշխութիւնը սուտեր են», շեշտեց Յ. Բագրատունի:
Ան հաստատեց, որ Լիբանանի դէմ գոյութենական վտանգ կը սպառնայ: «Պէտք է ամրապնդել այս երկիրը ահաբեկչութեան դէմ եւ պահպանել զայն, իսկ լիբանանցիներուն պարտականութիւնն է արտաքին որեւէ յարձակումէ պաշտպանել Լիբանանը», ըսաւ ան:
Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեանի Սուրիա կատարած այցելութեան մասին Յ. Բագրատունի յայտնեց, որ Հայաստան երկիր մըն է, որ իր չափաւորական կեցուածքները ունի շրջանին մէջ, իսկ Եւրոպայի հետ` իր յարաբերութիւնները, հետեւաբար անիկա թերեւս կրնայ տեղ մը ունենալ իր դերակատարութիւնը կամ քննարկել անոր կարելիութեան մասին` տրուած ըլլալով, որ Թուրքիոյ եւ Հայաստանի միջեւ արիւնալի պատմութիւն կայ եւ Թուրքիա կը զօրակցի ահաբեկչական բոլոր շարժումներուն, յատկապէս Իրաքի եւ Սուրիոյ մէջ: «Թուրքիան պատասխանատու է սուրիացի ժողովուրդին, ներառեալ սուրիահայութեան դէմ գործուած ահաբեկչութեան: Հետեւաբար Նալբանդեանի Սուրիա այցելութիւնը հաւանաբար կը կայանայ Հայաստանի ունենալիք դերակատարութեան` թէ՛ Սուրիոյ տագնապի լուծման եւ թէ՛ շրջանի ընդհանուր կացութեան կապակցութեան», ըսաւ ան:
Հայ դատի լուծման հաւանականութեան մասին հարցումի մը պատասխանելով` Յ. Բագրատունի շեշտեց, որ այդ հարցը սկսելու համար Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ հարց մը չէ, այլ` հայ-թրքական հարց մը, որ Թուրքիոյ եւ հայ ժողովուրդին միջեւ է` Հայաստանի մէջ եւ Հայաստանէն դուրս` սփիւռքի մէջ: «Սփիւռք, որ հետեւանքն է հայոց դէմ գործուած Ցեղասպանութեան, տեղահանութեան եւ մարդկութեան դէմ ոճիրին, որ Թուրքիան գործած է Համաշխարհային Ա. պատերազմէն առաջ եւ այդ պատերազմին ընթացքին: Այդ դատին ոչ մէկ լուծում կարելի է ապահովել առանց Թուրքիոյ կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչումին, ներման հայցումին եւ հատուցման», հաստատեց Յ. Բագրատունի: