Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Թուրքիոյ Սահմանադրական Դատարանին` Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Դիմումը Իրարանցում Կը Յառաջացնէ

Յունիս 2, 2015
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

6-01-15_sis-26

Կիլիկիոյ Սիս քաղաքին մէջ իր կեդրոնակայանը վերադարձնելու պահանջով Թուրքիոյ Սահմանադրական դատարանին ներկայացուած  Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան դիմումը մեծ իրարանցում կը յառաջացնէ Թուրքիոյ մէջ: Այս մասին կը հաղորդէ Թուրքիոյ մէջ  «Ամերիկայի Ձայն»-ի թղթակից Տորիան Ճոնս:

Ճոնս կը յիշեցնէ, որ վեհարանը բռնագրաւուած էր Թուրքիոյ կողմէ մօտ մէկ դար առաջ` հայերու զանգուածային սպանութիւններուն ընթացքին:

Ըստ եկեղեցւոյ բանբեր Թենի Փիրի-Սիմոնեանի, դատը շուտով պիտի չքննուի:

«Անիկա մեր հաւատքի ու ինքնութեան կեդրոնն է, ուստի եկեղեցին, վերադարձնելով իր վեհարանը, այդ բոլոր խորհրդանիշներուն մէջ կեանք կը դնէ: Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը աւելի քան հազար եկեղեցիներ, վանքեր ու այլ աղօթարաններ ձգած է Թուրքիոյ բազմաթիւ  քաղաքներու մէջ, որոնց մէջ մեր ժողովուրդը կ՛ապրէր նախքան Ցեղասպանութիւնը»,  ըսած է Թենի Փիրի-Սիմոնեան:

Ըստ կարգ մը թուրք վերլուծաբաններու, պաշտօնական Երեւանը եւ հայկական սփիւռքը դիմումը կը նկատեն իբրեւ Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչնալու նպատակով Անգարայի վրայ գործադրուող ճնշում: Ըստ Պոլսոյ Սուլէյման Շահ համալսարանի քաղաքագէտ Ճենկիզ Աքթարի, հայկական սփիւռքը մեծ դեր կը խաղայ  այդ հարցին մէջ:

Ըստ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսին, եթէ դատը մերժուի, ապա պիտի դիմեն Մարդու իրաւունքներու Եւրոպական դատարան:

Սիսի Եկեղեցւոյ Բակը` Հայ Հոգեւորականներու Շիրիմներուն Վրայ,
Մանկական Զբօսայգի Կառուցուած Է

Սիսի մէջ գտնուող հայկական վանական համալիրի տարածքին մանկական զբօսայգի կառուցուած է:

Ըստ Ermenihaber.am-ի, թրքական demokrathaber.com կայքը կը գրէ, որ նշեալ վանական համալիրը կը պատկանի այն հայկական եկեղեցական գոյքերուն շարքին, որոնց վերադարձի պահանջով Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսը վերջերս դիմած է թրքական դատարան:

Աղբիւրին վկայութեամբ` շուրջ 700 տարի տարածքի հայերուն համար իբրեւ հոգեւոր կեդրոն ծառայած վանական համալիրին վերադարձման պահանջով դատական գործին ի պատասխան` Քոզանի քաղաքապետ, Թուրքիոյ  ընդդիմադիր Ազգայնական շարժում կուսակցութեան ներկայացուցիչ Մուսա Էօզթուրքը յայտարարած է. «Որեւէ մէկուն անգամ մէկ թիզ հայրենիքի հող չունինք տալիք», եւ վանական համալիրի բակը մանկական զբօսայգի կառուցած է:

«1915-ին Հայոց ցեղասպանութեան յաջորդած շրջանին` 1921-ին, Սիսի հայկական վանական համալիրը 48 ժամուան ընթացքին յանձնելու հրաման եկաւ, որուն պատճառով հայ հոգեւորականները ստիպուած եղան լքելու Ատանան:

«Հարկադրաբար Լիբանան տեղափոխուած հայ հոգեւորականները մայրաքաղաք Պէյրութի Անթիլիաս շրջանին մէջ նորէն հիմնեցին Կիլիկիոյ հայկական կաթողիկոսարանը», կը գրէ թրքական պարբերականը:

Հայկական երկու կարեւորագոյն հոգեւոր կեդրոններէն մէկը` Կիլիկիոյ հայկական կաթողիկոսարանը, 27 ապրիլին դիմելով Թուրքիոյ Սահմանադրական դատարան` պահանջած է վերադարձնել Սիսի հայկական Սուրբ Սոֆիա եկեղեցին, վանքապատկան կառոյցներն եւ այլ եկեղեցապատկան գոյքը:

«Յայտնի է, որ լքուած եւ անհոգութեան վիճակի մէջ յայտնուած, գանձեր որոնողներու կողմէ անխնայ աւերուող Սիսի հայկական վանական համալիրին վերաբերեալ 1950 թուականին կազմաքանդման հրաման եղած է, իսկ աւերուած եկեղեցւոյ քարերը իբրեւ շինանիւթ օգտագործուած են շրջակայքի տուներու կառուցման ժամանակ», կը գրէ աղբիւրը:

Սիսի հայկական եկեղեցւոյ բակին մէջ, ուր, ի դէպ, կը գտնուին հայ հոգեւորականներու շիրիմները, մանկական զբօսայգիի կառուցումը բողոքի ալիք յառաջացուցած է եւ լայն քննարկումներու առիթ հանդիսացած է ընկերային ցանցերու մէջ` որակուելով իբրեւ 1915 թուականի շարունակութիւն` մշակութային ցեղասպանութիւն:

 

Նախորդը

ԵԱՀԿ-ի Գործող Նախագահն Ու Ազրպէյճանի Նախագահը Կարծիքներ Փոխանակած Են Ղարաբաղեան Տագնապին Վերաբերեալ

Յաջորդը

Սարգսեան Եւ Ծառուկեան Մասնակցեցան «Հայաստան» Շարժապատկերի Սրահի Բացման

RelatedPosts

Ակնարկ.  Պետութիւններու Շահերը  Եւ Տրամադրուող Պատրուակները
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Պետութիւններու Շահերը Եւ Տրամադրուող Պատրուակները

Մայիս 21, 2025
Հաղորդագրութիւն
Գաղութային

Հաղորդագրութիւն

Մայիս 21, 2025
Աուն-Սալամ Հանդիպում
Գլխաւոր լուրեր

Աուն-Սալամ Հանդիպում

Մայիս 21, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?