20 յունիս 2015-ին տեղի պիտի ունենայ Հայաստանի ազգային բազմարուեստից համալսարանի նախագահի ընտրութիւն: Այս ընտրութեան շուրջ գոյութիւն ունի որոշ լարուածութիւն, որ դուրս եկած է համալսարանի պատերէն եւ ստացած է հասարակական հնչեղութիւն: Յառաջիկայ ընտրութեան ղեկավարի թեկնածուներ առաջադրուած են ներկայիս նախագահ Յովհաննէս Թոքմաճեան եւ նախկին նախագահ Ոստանիկ Մարուխեան:
29 մայիսին «Առաւօտ» թերթին տուած հարցազրոյցին մէջ, Յովհաննէս Թոքմաճեան, անդրադառնալով Ոստանիկ Մարուխեանի առաջադրման, մասնաւորապէս ըսած է. «Որքանով ես տեղեակ եմ, Ոստանիկ Մարուխեանի թեկնածութեան պաշտպանութեան վերաբերեալ Դաշնակցութեան ոչ մէկ մարմին որոշում տուած է»:
Հարցին պարզաբանման համար «Երկիր» դիմած է ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Հրանդ Մարգարեանին, որ նշած է. «Նախ ըսեմ, որ մեզի համար ուրախալի է, երբ կուսակցական ընկերը կը ստանձնէ որեւէ կարեւոր պատասխանատուութիւն եւ յաջողութեամբ կ՛իրականացնէ ատիկա: Մեզի համար նաեւ պատիւ է, որ պաշտօնական պարտականութիւններ կատարած ընկերը այնպիսի բարի հետք կը ձգէ իր պաշտօնավարութենէն ետք, որ բազմաթիւ գործընկերներ կ՛ուզեն կրկին տեսնել զինք նախկին պաշտօնին վրայ: Մեզի համար ասիկա ուրախալի է եւ յաջողութիւն կը ցանկանք Ոստանիկ Մարուխեանին: Անշուշտ, թէ ո՛վ կը դառնայ նոր նախագահը, պիտի որոշուի ընտրութեամբ, ուրեմն փափաքս է, որ մարդիկ կարենան տալ ճիշդ որոշում: Ինչ կը վերաբերի կուսակցութեան կողմէ պաշտօնապէս թեկնածու պաշտպանելուն, ատոր անհրաժեշտութիւնը չկայ: Խօսքը այս պարագային քաղաքական ընտրութեան մասին չէ, եւ համալսարանի ղեկավարի ընտրութիւնը կուսակցականացնելը, ընդհանրապէս կուսակցական միջամտութիւնը, նման պարագային, անընդունելի է: Մենք առհասարակ դէմ ենք երեւոյթին, ատիկա կը վերաբերի համալսարանի, դպրոցի թէ այլ մասնագիտական հաստատութեան, մանաւանդ ուսումնական հաստատութեան: Կողմնորոշիչները այս պարագային, կը խորհիմ, պէտք է ըլլան մասնագիտական եւ բարոյական որակները»:
Հրանդ Մարգարեան յոյս յայտնած է, որ ամէն ինչ տեղի ունենայ արդար ձեւով եւ համալսարանի ղեկավարի ընտրութենէն շահողները, նախ եւ առաջ, ըլլան ուսանողութիւնը եւ դասախօսներն ու ամբողջ անձնակազմը:
«Տեղեակ եմ, որ անձնակազմին փափաքին ընդառաջելով Մարուխեան կրկին ներկայացուցած է իր թեկնածութիւնը: Ատիկա լաւ բանի մասին կը խօսի, եւ մենք Ոստանիկ Մարուխեանին յաղթանակ կը մաղթենք», ըսած է ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Հրանդ Մարգարեան: