Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Սրբոց Հռիփսիմեանց Տօնը Առիթ` Անդրադառնալու Սուրբերուն Կեանքի Խորհուրդին

June 2, 2015
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

6-01-15_hrip2

Սրբոց Հռիփսիմեանց տօնին առիթով` երկուշաբթի, 1 յունիսի երեկոյեան ժամը 7:00-ին, Նոր Ատանայի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ հանդիսաւոր Ս. պատարագ` նախագահութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեանի: Պատարագը մատուցեց Սարգիս քհնյ. Սարգիսեան, իսկ երգեցողութիւնը կատարեց Ազգային առաջնորդարանի «Աւետաբեր» երգչախումբը:

Պատարագի ընթացքին առաջնորդ սրբազանը փոխանցեց իր պատգամը: Ան անգամ մը եւս անդրադարձաւ Հռիփսիմեանց կոյսերու կեանքին եւ անոնց նահատակութեան` հաստատելով, որ ներկայիս ալ ունինք անոնց նման սուրբեր, եւ մեր կեանքին մէջ անկասկած  որ կայ նաեւ աստուածային սրբութիւնը: Առաջնորդ սրբազանը հարց տուաւ, թէ որքանո՞վ ծանօթ ենք մեր եկեղեցւոյ սուրբերուն եւ որքանո՞վ կը հետեւինք անոնց կեանքի օրինակին` մեր առօրեային մէջ Աստուծոյ սրբութիւնը հրաւիրելու համար: Ան նկատել տուաւ, որ Սրբոց Հռիփսիմեանց կոյսերու մասունքներէն մասնիկ մը բերուած էր Հայաստանէն, որպէսզի մենք սրբուինք անոնցմով եւ մեր անձերը ընծայենք Աստուծոյ, երկրաւոր կեանքի պայքարին մէջ նայինք Երկնաւորին եւ իր առաջնորդութեամբ տեսնենք այն պայծառ հորիզոնը, որ կը սպասէ բոլոր անոնց, որոնք սրբութեամբ կ՛ապրին:

Անդրադառնալով այս տարի Սրբոց Հռիփսիմեանց տօնին առիթով կատարուած թափօրներուն` առաջնորդ սրբազանը նկատել տուաւ, որ անոնք եղան առաւել եւս ամրապնդելու ժողովուրդին հաւատքը` յոյս յայտնելով, որ այս աղօթքները տեղի ունենան ամբողջ տարուան ընթացքին եւ  չսահմանափակուին  միայն որոշ առիթներով:

Պատարագի աւարտին կատարուեցաւ ջրօրհնէք:

Նախորդը

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի. Անզերծ Զեղծարարութիւն

Յաջորդը

Մամլոյ 102-րդ Լսարան. «Պատմութիւնը Տարօրինակ Ձեւեր Ունի Վրէժ Լուծելու» Ըսաւ Խաչիկ Մուրատեան

RelatedPosts

Հանդիպում Հայ Ազգային Քոնկրեսի  Եւ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան  Ներկայացուցիչներուն Միջեւ
Գլխաւոր լուրեր

Հանդիպում Հայ Ազգային Քոնկրեսի Եւ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Ներկայացուցիչներուն Միջեւ

January 16, 2026
Յ. Բագրատունի Այցելեց Խորհրդարանի Նախագահ Նեպիհ Պըրրիի
Գլխաւոր լուրեր

Յ. Բագրատունի Այցելեց Խորհրդարանի Նախագահ Նեպիհ Պըրրիի

January 16, 2026
Թրամփ. «Մեզի Տեղեկացուցին, Թէ Իրանի Մէջ  Մահապատիժները Դադրած Են, Եւ Իշխանութիւնները  Ոչ Ոք Մահապատիժի Պիտի Ենթարկեն»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Մեզի Տեղեկացուցին, Թէ Իրանի Մէջ Մահապատիժները Դադրած Են, Եւ Իշխանութիւնները Ոչ Ոք Մահապատիժի Պիտի Ենթարկեն»

January 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.