Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

105-Ամեայ Վերապրողի Մը Կողմէ Վառած Ջահով Լուսաւորուած Եւ Յաղթանակներու Հերոսական Երթը Շարունակելու Ուխտով Լիացած Մայիսեան Փառատօն

Յունիս 1, 2015
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

5-31-145_Paradon1Երէկ` կիրակի, 31 մայիսի երեկոյեան ժամը 6:00-ին, Պուրճ Համուտի քաղաքապետարանի դաշտին վրայ տեղի ունեցած մայիսեան փառատօնը առիթ հանդիսացաւ անգամ մը եւս համայն աշխարհին եւ յատկապէս ցեղասպան թուրքին երեսին բարձրաձայն գոռալու, որ 100 տարի առաջ ազգ մը բնաջնջելու օսմանեան ծրագիրը ոչ միայն ձախողած է լիովին, որովհետեւ փառատօնին ընթացքին տողանցած սերունդները փաստ են հայութեան գոյատեւման, այլ նաեւ հայը կրցած է յաղթանակներ կերտել, անկախութեան տիրանալ եւ ունենալ այնպիսի սերունդներ, որոնց յաջորդները ուխտեցին ու տակաւին կ՛ուխտեն հաւատարիմ մնալ թէ՛ Ցեղասպանութեան ենթարկուած եւ անկէ ճողոպրածներուն սրբազան կտակին եւ թէ՛ 28 մայիս կերտած նուիրեալներու հերոսական պատգամին:

18130938739_a69534075d_bԼիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեանի նախագահութեամբ, ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան հովանաւորութեամբ եւ ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան կազմակերպութեամբ տեղի ունեցած փառատօնը ընթացք առաւ Լիբանանի, Հայաստանի եւ ՀՄԸՄ-ի դրօշակներուն ծածանումով` ՀՄԸՄ-ի շեփորախումբին կողմէ հնչած Լիբանանի եւ Հայաստանի քայլերգներուն կշռոյթով:

5-31-15_Paradon2Այս տարուան փառատօնին սկիզբը սովորական չէր, որովհետեւ սովորական չէ նաեւ այս տարին` 2015-ը,  100-ամեակը Հայոց ցեղասպանութեան, որմէ վերապրած 105-ամեայ Մարի Միքիքեանի դողդոջուն, սակայն մահը անտեսելով վերապրողի խրոխտ ձեռամբ բոցավառեցաւ սկաուտներուն կողմէ կերտուած Ծիծեռնակաբերդի մանրակերտին սրբազան կրակը: Ոչ ոք կրնար անարցունք կանգնիլ այդ տեսարանին դիմաց, երբ 105-ամեայ մամիկը` նոր սերունդի ներկայացուցիչներուն ընկերակցութեամբ բարձրացուց ջահը եւ վառեց կրակը յարութեան, կրակը գոյատեւումի եւ կրակը պահանջատիրութեան: Վերջին 100 տարիներու հայոց պատմութեան մանրակերտն էր կարծէք այդ պատկերը` վերապրող մամիկ մը եւ անոր կողքին հայօրէն ապրած ու հայօրէն ապրելու ուխտ կատարած սերունդներու ներկայացուցիչներ…

18290712366_727eab1a8c_oԱնմար կրակի բոցավառման զուգահեռ սկաուտները բարձրացուցին դրօշակները այն երկիրներուն, որոնք ճանչցած են Հայոց ցեղասպանութիւնը:

IMG_0210ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան խօսքը փոխանցեց Հայկ Թապագեան, որ դաշտը լեցուցած ժողովուրդն ու պատկան մարմիններու ներկայացուցիչները ողջունելէ ետք անդրադարձաւ ՀՄԸՄ-ի առաքելութեան եւ գերագոյն նպատակներուն: Ան հաստատեց, որ իր հիմնադրութեան օրէն մարմնակրթութեան կողքին ՀՄԸՄ-ը սատարեց նաեւ ազգապահպանման եւ հայ անհատի ֆիզիքական ու բարոյական դաստիարակութեան: «ՀՄԸՄ-ը եղաւ կամքը հայութեան` հայ մնալու ու հայօրէն ապրելու, բաժնեկցեցաւ ժողովուրդին ցաւն ու ցասումը, ուրախացուց եւ ուրախացաւ անոր հետ` իր արձանագրած յաջողութիւններով ու յաղթանակներով»: Հ. Թապաքեան դիտել տուաւ, որ այս պատուաբեր հանգրուանին հասնելու ուղիին վրայ իրենց ներդրումը ունեցան բազմաթիւ արժէքաւոր ՀՄԸՄ-ականներ, որոնք իրենց կեանքին գնով ծառայեցին ազգին ու հայրենիքին:

Անդրադառնալով մերօրեայ բազում մարտահրաւէրներուն` Հայկ Թապագեան հաստատեց, որ ՀՄԸՄ-ը կը շարունակէ մնալ պատնէշի վրայ: «ՀՄԸՄ-ը աննահանջ ու հաստատ քայլերով պիտի շարունակէ իր առաքելութիւնը` շնորհիւ հայ ժողովուրդի գիտակցութեան եւ անոր մշտաթարմ կորովին եւ հաւատքին», նշեց Թապագեան:

Հայաստանի անկախացումէն, Մայիս 28-ի յաղթանակէն 97 տարի ետք մենք այսօր ունինք անկախ Հայաստան, ըսաւ Հայկ Թապագեան` շեշտելով, որ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին առիթով հայութիւնը ցեղասպանին երեսին կը գոռայ, որ ինք ունի պետութիւն, ունի պայքարելու ոգի, տէրն է իր դատին ու պահանջատիրութեան եւ մինչեւ իր իրաւունքներու ձեռքբերումը պիտի շարունակէ անդուլ պայքարը:

Իր խօսքի աւարտին ան շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր անոնց, որոնք ոչինչ խնայեցին այս փառատօնի յաջողութեան եւ նիւթական ու բարոյական նեցուկ ու ապաւէն են ՀՄԸՄ-ին:

Ապա 100 գայլիկ-արծուիկներ` մոմերը իրենց ձեռքին, ուղղուեցան դէպի Ծիծեռնակաբերդի մանրակերտ, ուր զետեղելով մոմերը յարգեցին յիշատակը մէկուկէս միլիոն նահատակներուն` ուխտելով տէր կանգնիլ անոնց սրբազան դատին:

Անկէ ետք սկաուտները իրենց մարմիններով գրեցին 100 թուանշանը` խորհրդանշելով Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակը, կերտեցին սրբազան լեռը` Արարատը: ՀՄԸՄ-ի Անթիլիասի մասնաճիւղի սեւ գօտիները կատարեցին ներկայացում մը, իսկ Լիբանանի հայոց թեմի Ազգային առաջնորդարանի վարժարաններէն աշակերտներ հանդէս եկան տպաւորիչ ֆլեշմոպով մը` նուիրուած Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին: Նշենք, որ միեւնոյն ֆլեշմոպը ապրիլի սկիզբը ներկայացուած էր «Պէյրութ սուքզ»-ի մէջ:

18290617816_00e5a5f9c7_oՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան խօսքը փոխանցեց Գրիգորիս Պողարեան, որ անդրադարձաւ այն իրողութեան, թէ իր հիմնադրութենէն ի վեր ՀՄԸՄ-ը կանգնեցաւ բազում դժուարութիւններու դէմ յանդիման դատապարտուելով նոյնիսկ իր սաղմին մէջ իսկ խեղդամահ ըլլալու, մանաւանդ իր հիմնադիր հօր` Շաւարշ Քրիսեանի անողոք սպանութեամբ: «Բայց որբութեամբ ծնած, որբերէ բաղկացած, որբանոցներու եւ տարագրութեան յաջորդած, յաճախ թիթեղաշէն դպրոցներու աշակերտներէ կազմուած այն կազմակերպութիւնը, որ ՀՄԸՄ կոչուեցաւ, կրցաւ դիմակալել բոլոր դժուարութիւնները եւ դարձաւ ուժեղ բանակ` ջարդարարին տալով եւս շռնթալից ապտակ մը: Մահապատիժէ ճողոպրած ՀՄԸՄ-ը ենթարկուեցաւ նաեւ ակամայ աքսորի` նորանկախացած հայրենիքէն: Ու ի սփիւռս աշխարհի ՀՄԸՄ-ը տակաւ ուռճացաւ շնորհիւ ազգ-կազմակերպութիւն անքակտելի կապին, գաղափարախօսական ամուր հիմունքներու կառչածութեան, ազատ, անկախ ու միացեալ հայրենիքին հանդէպ անսասան հաւատքին եւ մանաւանդ ՀՄԸՄ-ական յաջորդական սերունդներու անձնազոհ նուիրումին եւ վճռակամ պայքարի պատրաստակամութեան», ըսաւ Պողարեան:

Ան փոխանցեց, որ այս օրերուն ՀՄԸՄ-ի շղթային վրայ աւելցաւ օղակ մը եւս` 107-րդ օղակը, Գերմանիոյ մէջ մասնաճիւղի մը հիմնումով:

Գրիգորիս Պողարեան շեշտեց, որ իր 97-ամեայ գոյութեան ընթացքին ՀՄԸՄ-ը միշտ ալ ծառայած է ազգին, զօրացած անով, լաւ ու վատ օրերուն չէ զլացած իր որդիներու արեան գնով իսկ կանգնելու հայութեան եւ հայրենիքին կողքին: Ան հաստատեց, որ ասոր լաւագոյն փաստը այն է, որ ՀՄԸՄ-ը իր ներդրումը ունեցաւ վերանկախացած Հայաստանի եւ ազատագրուած Արցախի ամրագրման ու վերելքին մէջ:

Խօսքը բոլոր ՀՄԸՄ-ականներուն ուղղելով` Գրիգորիս Պողարեան ըսաւ.

«Այսօր ՀՄԸՄ-ի ջահը փոխանցուած է ձեզի, սիրելի՛ ՀՄԸՄ-ական քոյրեր եւ եղբայրներ: Դո՛ւք էք մեր յոյսը, եւ ձեզմէ կ՛ակնկալուի շարունակել ՀՄԸՄ-ի յաղթական երթը: Ձեզմէ անոնք, որոնք առիթ ունեցան մասնակցելու Համա-ՀՄԸՄ-ական 10-րդ բանակումին, արդէն իսկ ծանօթ են բանակումի նշանաբանին` «Արագածէն Արարատ, տէրն ենք մեր դատին»: Դատին տէրն է իւրաքանչիւր ՀՄԸՄ-ական եւ ինչու ոչ, իւրաքանչիւր հայ: Իրականութիւն է, որ ՀՄԸՄ-ական եղբայրներ ցարդ Արարատի լանջերուն թէ գագաթին բարձրացուցած են հայկական Եռագոյնը, սակայն մեզէ իւրաքանչիւրին իղձն է, որ Եռագոյնը յաւերժ ծածանի Արարատի կատարին: Այդ իղձին իրագործման ճանապարհին վրայ կատարուելիք աշխատանքին մէջ կարեւոր բաժին մը կ՛իյնայ ձե՛ր` նոր սերունդին ուսերուն: Ուրեմն յառա՛ջ, կամաւոր բանակ, դէպի անխուսափելի յաղթանակ», եզրափակեց ՀՄԸՄ-ի կեդրոնական վարչութեան անդամը:

IMG_0373Ապա ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան ատենապետ Րաֆֆի Մումջողլեանի եւ ԼԵՎԱՄ-ի ներկայացուցիչ Յարութ Ալաճաճեանի ձեռամբ տեղի ունեցաւ ԼԵՎԱՄ-ի վահաններու տուչութիւն. նախակրթարանի բաժինի յատուկ վահանը յանձնուեցաւ Ազգային Սրբոց Քառասնից Մանկանց վարժարանին, միջնակարգինը` Ազգային Սուրէն Խանամիրեան քոլեճին, իսկ երկրորդականինը` Համազգայինի Մելանքթոն եւ Հայկ Արսլանեան Ճեմարանին:

ԼԵՎԱՄ-ի մասնակցող աշակերտներէն լաւագոյն մարզիկի եւ մարզիկուհիի բաժակներուն տիրացան Համազգայինի Մելանքթոն եւ Հայկ Արսլանեան Ճեմարանէն Քրիստ Բրուտեան եւ Սերին Սարգիսեան, իսկ լաւագոյն արդիւնք արձանագրող մարզիչի բաժակ յանձնուեցաւ Վարդուկ Մարգարեանի:

18129478300_4772b24a90_o18316978145_5c4b4ea871_oՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան շեփորախումբին առաջնորդութեամբ սկսաւ տողանցքը, կարգապահ, խանդավառ եւ յոյսով լի քայլերով դաշտը լեցուցած լիբանանահայութիւնը ողջունեց ԼԵՄ-ականները, Պէյրութի, Զահլէի, Պուրճ Համուտի, Այնճարի, Անթիլիասի, Ժտէյտէի, Պաուշրիէի եւ Ռաուտայի մասնաճիւղերու սկաուտական խումբերը, որոնց յաջորդեցին ՀՄԸՄ-ին ծառայած ու անոր հաւատարիմ ՀՄԸՄ-ական վեթերանները: Մարզական ներկայացուցչական թէ կրտսերներու ու մասնաճիւղերու խումբերուն տողանցքը ընթացք առաւ ՀՄԸՄ-ի Այնճարի շեփորախումբին առաջնորդութեամբ: Տողանցեցին նաեւ  Համազգայինի Մելանքթոն եւ Հայկ Արսլանեան Ճեմարանի, Հայ կաթողիկէ Սրբուհի Ագնէս, Ազգային Քառասնից Մանկանց, Հայ կաթողիկէ Ս. Խաչ-Հարպոյեան, Ազգային Եղիշէ Մանուկեան, Հայ աւետարանական Թորոսեան, Ազգային Լեւոն եւ Սոֆիա Յակոբեան,  Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան, Ազգային Սուրէն Խանամիրեան վարժարաններու աշակերտները:

Հիւրաբար Լիբանան գտնուող սիրուած երգիչ Մակիչ (Մկրտիչ Մկրտիչեան) այս առիթով հանդէս եկաւ երգով մը` խանդավառելով ներկաները:

IMG_0808Փակման խօսքը արտասանեց եւ իր պատգամը փոխանցեց Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեան, որ Հայաստանի անկախութեան 97-րդ տարեդարձին նուիրուած այդ փառատօնը նկատեց առիթ մը` հաղորդուելու հայ ազգի պանծալի պատմութեան հետ եւ վերյիշելու այն պահը, երբ դարաւոր ստրկութենէ եւ Մեծ եղեռնի ազգակործան արհաւիրքներէն ետք հայութիւնը 28 մայիս 1918-ին իր անկախութիւնը հռչակեց պապենական հողերուն վրայ:

«Յաւերժօրէն ճառագայթող պատմական այդ առիթէն արդէն իսկ անցած են 97 տարիներ: Եւ այսօր, ազատ հայրենիք ունենալու հպարտանքով եւ անկախ ըլլալու գիտակցութեամբ, հաւաքուած ենք տօնական մթնոլորտի մէջ խոնարհելու մեզի ազատութիւն եւ անկախութիւն պարգեւած յաւերժալոյս այն նահատակներուն ու անմահ հերոսներուն յիշատակին դիմաց, որպէսզի անոնց շունչը անցնի մեր հոգիներէն եւ անոնց հերոսական ոգիէն մասնիկ մը կաթի մեր արեան մէջ», հաստատեց առաջնորդ սրբազանը:

Շահէ եպս. Փանոսեան շեշտեց, որ դարաւոր տագնապներու եւ մեծ մարտահրաւէրներու դէմ յանդիման կանգնած հայութիւնը կը գիտակցի, որ կերտուած անկախութիւնը պսակն է հաւատքով, Արամ Մանուկեանի օրինակով, գաղափարով եւ նուիրումով մարտի դաշտ նետուած այն հայորդիներուն, որոնք մահը արհամարհելով ապրելու կամքը արտայայտեցին ու կառչեցան անոր:

Իր խօսքը եզրափակելով` առաջնորդ սրբազանը կոչ ուղղեց շարունակելու մայիս 28 կերտած հերոսներու ուղին: Ան ըսաւ.

«Հետեւաբար, ուխտե՛նք պայծառ պահել վասն ազատութեան եւ անկախութեան ինկած մեր նահատակներուն հանդէպ մեր հաւաքական գիտակցութիւնը. ուխտե՛նք հզօր պահել հայրենիքը եւ աշխարհի ճանապարհներուն վրայ ջինջ պահել մեր ինքնութիւնը:

Հաստա՛տ մնանք հայութեան հաւատքին մէջ, հաստա՛տ եւ անշեղ ըլլանք մեր հայրենասիրական կեցուածքներուն մէջ ու հաստա՛տ մնանք մեր ժողովուրդի շինարար, կարգապահ եւ քաղաքացիական հաւատարմութեամբ արտայայտուած նուիրական սկզբունքներուն հանդէպ:

Գօտեպնդուի՛նք մեր անմահ հերոսներուն ոգիով եւ ապրինք անոնց ազատատենչ ոգիէն ճառագայթող օրինակին հաւատարմութեամբ. ուժեղանանք իրարմով, մեր շունչը նուիրենք հայրենիքին, որպէսզի հասնինք մեր ազգութեան դարաւոր երազներու պսակումին:

Ապրի՛ն ՀՄԸՄ-ի դրօշին տակ գործող բոլոր նուիրեալները. կեցցէ՛ հայ ժողովուրդը եւ յաւէտ անսասան մնայ ազատ ու անկախ Հայաստանը»:

Մայիսեան յաղթանակի, վերապրումի եւ հայօրէն երթը շարունակելու երթին հաւատարիմ մնալու խոստումով յատկանշուած փառատօնը աւարտեցաւ հրավառութեամբ:

 

18129310748_448ee72ecb_o

 

18129072390_f52b83c6de_o18129307420_17e26c384d_o
IMG_0278

IMG_5867

IMG_0473

18317095395_f729a88285_o

Նախորդը

Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ ԼԵՄ-ի Կեդրոնական Վարչութեան Քարոզչական Յանձնախումբին. Մայիսեան Յաղթանակի Փառատօն` Պուրճ Համուտի Մէջ

Յաջորդը

«Ազդակ»-ի Ֆոնտին

RelatedPosts

Ակնարկ.  Անգարա-Պաքու Միացեալ Խաղը` Կազայի Հաշուոյն
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Անգարա-Պաքու Միացեալ Խաղը` Կազայի Հաշուոյն

Հոկտեմբեր 28, 2025
Այսօր Խորհրդարանի Նիստ. Շարք Մը Պլոքներ Նիստը Պոյքոթի Կ՛ենթարկեն
Գլխաւոր լուրեր

Այսօր Խորհրդարանի Նիստ. Շարք Մը Պլոքներ Նիստը Պոյքոթի Կ՛ենթարկեն

Հոկտեմբեր 28, 2025
Վատիկան Լեւոն ԺԴ.-ի Այցելութեան Ծրագիրը Հրապարակեց
Գլխաւոր լուրեր

Վատիկան Լեւոն ԺԴ.-ի Այցելութեան Ծրագիրը Հրապարակեց

Հոկտեմբեր 28, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?