Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լուրեր Կաթողիկոսարանէն. Արամ Ա. Կաթողիկոս` Պոսթընի Ազգային Ս. Ստեփանոս Վարժարանին Մէջ

Յունիս 3, 2015
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

6-02-15_gat-36Երկուշաբթի, 1 յունիս 2015-ի առաւօտեան, Արամ Ա. կաթողիկոս այցելեց Պոսթընի Ազգային Ս. Ստեփանոս վարժարանը, ընկերակցութեամբ Միացեալ Նահանգներու Արեւելեան թեմի առաջնորդ Օշական արք. Չօլոյեանի, առաջնորդական փոխանորդ Անուշաւան եպս. Դանիէլեանի եւ միաբան հայրերու: Դպրոցին մուտքին Արամ Ա. կաթողիկոս դիմաւորուեցաւ Ս. Ստեփանոս եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Անդրանիկ Ա. քհնյ. Պալճեանի, վարժարանի հոգաբարձութեան, տնօրէն Հուրի Պոյամեանի եւ ուսուցչական կազմին կողմէ:

Վարժարանի տնօրէնը բարի գալուստի խօսք արտասանեց եւ շնորհակալութիւն յայտնեց վեհափառ հայրապետին, որ իր խճողուած հովուապետական այցելութեան ծրագիրին մէջ յատուկ տեղ տուած էր Ս. Ստեփանոս վարժարանի աշակերտութեան:

Վեհափառ հայրապետը նախաճաշ ըրաւ վարժարանի աշակերտութեան հետ: Ապա, դպրոցին աշակերտները ներկայացուցին փունջ մը երգեր ու արտասանութիւններ: Յայտագիրի աւարտին աւարտական դասարանի աշակերտները Մայիս 28-ի առիթով` դպրոցի դաստիարակչական հայաստանագնացութեան ծրագիրին եւ իրենց ուղեւորութեան թարմ տպաւորութիւնները բաժնեցին:

Վեհափառ հայրապետը գնահատեց եկեղեցւոյ եւ վարժարանի հոգաբարձական կազմերը, տնօրէնութիւնը, ուսուցչական կազմն ու ծնողները` իրենց յանձն առած բոլոր զոհողութեանց համար: Ապա, աշակերտներուն ուղղելով իր խօսքը ըսաւ, թէ պէտք է հայոց լեզուին նկատմամբ յատուկ սէր եւ հետաքրքրութիւն ունենան, հպարտ զգան հայ ըլլալնուն համար եւ օր մը իրենց կարգին մասնակից դառնան համայնքի կեանքին:

Աւարտին, վեհափառ հայրապետը շրջեցաւ վարժարանի բոլոր դասարանները եւ զրուցեց ու մտերմիկ պահեր ունեցաւ աշակերտներուն հետ: վեհափառ հայրապետը մօտէն հետաքրքրուեցաւ աշակերտութեան հայեցի առողջ դաստիարակութեան եւ քրիստոնէական կազմաւորման համար դպրոցին մշակած ծրագիրներով:

Պոսթընի Ս. Ստեփանոս
Եկեղեցւոյ Մէջ

Կիրակի, 31 մայիս 2015-ին, Արամ Ա. կաթողիկոս Ս. եւ անմահ պատարագ մատուցեց եւ հայրապետական պատգամ փոխանցեց Պոսթընի Ս. Ստեփանոս եկեղեցւոյ մէջ:

Վեհափառ հայրապետը իր պատգամին մէջ ըսաւ. «Սէրը քրիստոնէական կեանքին առանցքն է: Առանց սիրոյ կարելի չէ քրիստոնէական կրօնը հասկնալ իր ճշմարիտ իսկութեամբ: Աստուած սիրոյ անսպառ աղբիւր է` ստեղծագործութիւնը իր ամբողջութեան մէջ արդիւնք է Աստուծոյ սիրոյն: Աւետարանիչին համաձայն, Աստուած այնքան սիրեց մարդը, որ երկինքէն երկիր իջաւ, երբ երկիրը հեռացած էր երկինքէն: Աստուած մեզի նման մարդ դարձաւ, որովհետեւ սիրեց մարդը»:

Ապա, Արամ Ա. կաթողիկոս շեշտեց սիրոյ հրամայականին կարեւորութիւնը մեր ներկայ պայմաններուն մէջ: «Այսօր եւս, ա՛յս է մեր եկեղեցւոյ պատգամը մեր ժողովուրդի զաւակներուն առանց խտրութեան: Պէտք է զիրար սիրենք, որքան ալ տարբեր ըլլան մեր տեսակէտները, մօտեցումներն ու ծրագիրները: Պէտք է զիրար սիրենք, որովհետեւ մենք բոլորս նոյն ազգին, նոյն եկեղեցւոյ եւ նոյն հայրենիքին կը պատկանինք: Մենք բոլորս նոյն պայքարին` պահանջատիրական պայքարին մէջ ենք: Այդ պայքարին մաս կը կազմեն մեր ժողովուրդին, մեր եկեղեցւոյ` ազգային, բարոյական ու հոգեւոր արժէքները, որոնք մեզ քով-քովի կը բերեն եւ սիրոյ օղակով կը շղթայեն իրարու: Սէ՛րն է, որ մեր ժողովուրդը միացուց պատմութեան ընթացքին: Հետեւաբար, սէրն ու միասնականութիւնը պէտք է մղիչ ուժը դառնան մեր ժողովուրդի զաւակներուն գործին ու կեանքին», ընդգծեց վեհափառ հայրապետը:

Փրովիտընսի Սրբոց Վարդանանց
Եկեղեցւոյ Մէջ

Շաբաթ, 30 մայիս 2015-ին, Արամ Ա. կաթողիկոս իր Միացեալ  Նահանգներու Արեւելեան թեմին հովուապետական այցելութեան շքախումբին ընկերակցութեամբ այցելեց Փրովիտընսի Ռոտ Այլընտ գերեզմանատան Հայոց ցեղասպանութեան նահատակ սուրբերուն յիշատակին կառուցուած յուշարձանը, ուր կատարուեցաւ կարճ արարողութիւն` երգուեցաւ «Գոչեմք առ քեզ» նահատակներու նուիրուած շարականը եւ «Քրիստոս Աստուած մեր» մաղթանքը:

Ապա, Արամ Ա. կաթողիկոս ուղղուեցաւ նոյն քաղաքի Սրբոց Վարդանանց եկեղեցին, ուր դիմաւորուեցաւ հոգեւոր հովիւներուն եւ շրջանին մէջ  ծառայող քահանայ հայրերուն, օտար եկեղեցականներուն, հոգաբարձութեան, ՀՄԸՄ-ի սկաուտներուն եւ ժողովուրդին կողմէ: Վեհափառ հայրապետը հացի եւ աղի աւանդական օրհնութիւնը կատարելէ ետք, «Հրաշափառ»-ի երգեցողութեամբ թափօրով ուղղուեցաւ եկեղեցի ու դասին մէջ կատարեց «Կանոնական» աղօթք: Միացեալ Նահանգներու Արեւելեան թեմի առաջնորդ Օշական արք. Չօլոյեան յանուն եկեղեցական դասուն եւ Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ ժողովուրդին բարի գալուստ մաղթեց վեհափառ հայրապետին եւ հրաւիրեց փոխանցելու հայրապետական պատգամը:

Վեհափառ հայրապետը իր պատգամին մէջ ըսաւ, թէ «Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակը մեզմէ իւրաքանչիւրին համար յիշեցում մըն է, որ Քրիստոսի նկատմամբ մեր ունեցած յոյսը առաւել եւս զօրացնենք` այդ յոյսով ծաղկեցնելու եւ պայծառացնելու մեր անհատական թէ հաւաքական կեանքը»:

Նախորդը

Հրայր Մարուխեան Ղեկավարը

Յաջորդը

Հարցազրոյց` «Հայաստան» Համահայկական Հիմնադրամի Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական Մարմինի Ատենապետ Անդրանիկ Պաղտասարեանի Հետ

RelatedPosts

Սաղաթէլեան. «Մեզ Լռեցնել Չեն Կրնար»
Գլխաւոր լուրեր

Սաղաթէլեան. «Մեզ Լռեցնել Չեն Կրնար»

Յուլիս 12, 2025
Պրուսօ. «Միացեալ Նահանգներ Կ՛աջակցին  Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Միջեւ Խաղաղութեան Ձգտման»
Գլխաւոր լուրեր

Պրուսօ. «Միացեալ Նահանգներ Կ՛աջակցին Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Միջեւ Խաղաղութեան Ձգտման»

Յուլիս 12, 2025
Կալուզին. «Չի Բացառուիր, Որ Լեռնային Ղարաբաղէն  Հեռացածները Որոշ Փուլի Որոշեն Վերադառնալ.  Խաղաղապահներու Ներկայութիւնը Այս Մարդոց Համար  Պիտի Դառնայ Հանգստութեան Լրացուցիչ Գործօն»
Գլխաւոր լուրեր

Կալուզին. «Ռուսիա Պատրաստ Է Իր Ներդրումը Ունենալու Երեւանի Եւ Պաքուի Միջեւ Յարաբերութիւններու Կարգաւորման Հարցին Մէջ»

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?