Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Սարգսեան Եւ Ծառուկեան Մասնակցեցան «Հայաստան» Շարժապատկերի Սրահի Բացման

Յունիս 2, 2015
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

6-01-15_serj-26Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ ներկայ գտնուեցաւ մայրաքաղաք Երեւանի Մալաթիա-Սեբաստիա վարչական շրջանին մէջ «Հայաստան» շարժապատկերի սրահի բացման արարողութեան: Շրջագայութեան  ընթացքին հանրապետութեան նախագահը ծանօթացաւ վերանորոգման աշխատանքներուն եւ կատարուած շուրջ 8 միլիոն տոլարի համարժէք դրամի ներդրումներուն շնորհիւ ստեղծուած ժամանակակից ընտանեկան ժամանցի կեդրոնի (շարժապատկերի սրահ, խաղասրահներ, երաժշտական ժամանցի կեդրոն) կարելիութիւններուն:

Ընտանեկան հանգիստը կազմակերպելու համար կեդրոնին մէջ կը գործեն նաեւ ճաշարաններ, սրճարաններ: Ըստ պատասխանատուներու, կը նախատեսուի, որ 2-3 ամիսէն գործէ կեդրոնի երաժշտական ժամանցի սրահը:

Շարժապատկերի սրահի վերակառուցման զուգահեռ բարեկարգուած է նաեւ յարակից պարտէզին տարածքը, ուր տնկուած են շուրջ 500 տարբեր ծառատեսակներ, հիմնովին նոր յարդարանքով կառուցուած է պարտէզին եւ շէնքին լոյսի ձեւաւորումը, վերանորոգուած են պարտէզին շատրուանները:

Կեդրոնին մէջ կ՛իրականացուին նաեւ բարեգործական ծրագիրներ, կը կազմակերպուին շարժապատկերի երիտասարդ գործիչներու, թեքնիք մասնագէտներու ուսումնական դասընթացքներ:

Շարժապատկերի սրահը այս տարի իր դռները պիտի բանայ նաեւ «Ոսկիէ ծիրան» միջազգային շարժապատկերի փառատօնի մասնակիցներուն առջեւ: Պիտի ցուցադրուին փառատօնին մասնակից ժապաւէններ, պիտի հիւրընկալուին մասնակից բեմադրիչներն ու դերասանները, պիտի կազմակերպուին քննարկումներ, ժապաւէններու ցուցադրութիւններ:

Սերժ Սարգսեան իր թոռներուն հետ այնուհետեւ այցելեց Երեւանի կենդանաբանական պարտէզ, ուր  2014-2015 թուականներուն վերանորոգման եւ բարեկարգման ծրագիրով իրականացուած են մեծածաւալ աշխատանքներ, ինչպիսիք չեն իրականացուած կենդանաբանական պարտէզին հիմնադրման օրէն: Նախագահը քաղաքապետ Տարօն Մարգարեանի ընկերակցութեամբ շրջագայեցաւ պարտէզին մէջ, ծանօթացաւ Երեւանի քաղաքապետարանի ենթակայութեամբ գործող կենդանաբանական պարտէզի բարեկարգման ուղղութեամբ իրականացուած աշխատանքներուն, ինչպէս նաեւ կենդանաբանական պարտէզի նորակառոյց ժամանակակից սարքաւորումներով օժտուած անասնաբուժական կեդրոնին մէջ ստեղծուած պայմաններուն:

 

 

 

Նախորդը

Թուրքիոյ Սահմանադրական Դատարանին` Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Դիմումը Իրարանցում Կը Յառաջացնէ

Յաջորդը

Չաւուշօղլու Կը Քննադատէ Պելճիքայի Մէջ Ժխտողական Թուրք Երեսփոխանին Կուսակցութենէն Արտաքսումը

RelatedPosts

Ակնարկ.  Կարմիր Գիծէն Անցում Դէպի Մտահոգութիւն
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Կարմիր Գիծէն Անցում Դէպի Մտահոգութիւն

Հոկտեմբեր 25, 2025
«Վենետիկի Յանձնաժողովը Արձանագրած Է Քրէական Շարք Մը Գործերու Ապօրինութիւնը» Նիւթով Մամլոյ Ասուլիս
Գլխաւոր լուրեր

«Վենետիկի Յանձնաժողովը Արձանագրած Է Քրէական Շարք Մը Գործերու Ապօրինութիւնը» Նիւթով Մամլոյ Ասուլիս

Հոկտեմբեր 25, 2025
«Հայաստան» Խմբակցութեան Պատգամաւորները Եւրոպական Միութեան Դեսպան Վասիլիս Մարակոսի Հետ Հանդիպում Ունեցան
Գլխաւոր լուրեր

«Հայաստան» Խմբակցութեան Պատգամաւորները Եւրոպական Միութեան Դեսպան Վասիլիս Մարակոսի Հետ Հանդիպում Ունեցան

Հոկտեմբեր 25, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?