Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Մենք Տակաւին Երկար Տարիներ Կրնանք Շարունակել Պայքարը, Մինչեւ Որ Թուրքիա Ներում Հայցէ Եւ Հատուցէ» Շեշտեց Յ. Բագրատունի

Յունիս 1, 2015
| Գլխաւոր լուրեր, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

5-31-15_enger_hagop30ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի «Սաութ Լուպնան» ձայնասփիւռի կայանին հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին նշեց, որ Լիբանանի մէջ ՀՅԴ-ն 1902-էն ի վեր գոյութիւն ունի` աւելցնելով, որ 1904-ին Լիբանանի մէջ հիմնուած է հայկական առաջին ուսանողական միութիւնը:

Ան դիտել տուաւ, որ ՀՅ Դաշնակցութեան Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի բոլոր որոշումները համաձայնութեամբ կ՛որդեգրուին` աւելցնելով, որ իր 125-ամեակը նշող այս կուսակցութեան գաղտնիքը կ՛ամփոփուի անոր կարգապահութեամբ, գաղափարաբանութեամբ եւ ապակեդրոնացեալ դրութեամբ:

Երեսփոխան Բագրատունի շեշտեց, որ ՀՅԴ-ի յարաբերութիւնները հայկական միւս կուսակցութիւններուն հետ լաւ են, հակառակ քաղաքական տարբեր կեցուածքներու գոյութեան, իսկ լիբանանեան քաղաքական բոլոր ուժերուն հետ մեր յարաբերութիւնները եղած են հաւասարակշռուած եւ երկխօսութեան վրայ հիմնուած:

Յ. Բագրատունի յայտնեց, որ ՀՅԴ-ն կը զօրակցի հանրապետութեան հզօր նախագահին, որ իբրեւ պաշտօն կը պատկանի քրիստոնեայ համայնքին, «հակառակ անոր որ հանրապետութեան նախագահը կը ներկայացնէ բոլոր լիբանանցիները», ըսաւ ան:

Այս առումով երեսփոխան Բագրատունի շեշտեց, որ նախագահական ընտրութիւնը լիբանանցիներուն հակակշիռին տակ չի գտնուիր, հետեւաբար նախատեսելի չէ, որ մօտիկ ապագային հանրապետութեան նախագահի ընտրութիւն կատարուի:

Ան նշեց, որ նախագահական ընտրութեան իմաստով լիբանանցի պատասխանատուները պէտք է վերջ տան արտաքին առումով իրենց պահանջած օժանդակութիւններուն եւ պէտք է վերադառնան Լիբանան:

Երեսփոխան Բագրատունի տխրութիւն յայտնեց Լիբանանի նախագահական թափուր աթոռին համար` աւելցնելով, որ ատիկա Լիբանանի դէմ հարուած մըն է եւ անոր ապագան թիրախ կը դարձնէ այլ հարուածներու:

«Այս շրջագիծին մէջ կը շեշտենք, որ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէն կը զօրակցի Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունի թեկնածութեան, հակառակ անոր որ զօր. Աուն պաշտօնապէս իր թեկնածութիւնը չէ առաջադրած: Պէտք է աւելցնել նաեւ, որ ՀՅԴ-ն կը մերժէ խորհրդարանի անդամներուն կէս առաւել մէկին քուէներով հանրապետութեան նախագահի ընտրութիւնը», ըսաւ ան:

Յ. Բագրատունի նշեց, որ իր կարծիքով, ներկայ կառավարութիւնը կազմուած է, որպէսզի ան գոյատեւէ մինչեւ հանրապետութեան նախագահի ընտրութիւնը: «Համոզուած ենք, որ նախարարները կրնան այս դժուար հանգրուանը շրջանցել եւ կը հաւատանք, որ նախարարաց խորհուրդի այսօրուան նիստը խաղաղ պիտի ընթանայ», շեշտեց ան:

Պատասխանելով օրէնսդրական աշխատանքին մասին հարցումի մը` Յ. Բագրատունի ընդգծեց, որ խորհրդարանին մէջ կատարուելիք օրէնսդրական աշխատանքը նոյնքան կարեւոր է, որքան հանրապետութեան նախագահի ընտրութիւնը:

Անդրադառնալով բանակի հրամանատարի նշանակումին` Յ. Բագրատունի ընդգծեց, որ անհրաժեշտ է գործադրել սահմանադրութեան պարտադրած օրէնքները եւ բանակը առանց հրամանատարի չձգել` պատրուակելով հանրապետութեան նախագահին չգոյութիւնը:

Լիբանանեան բանակին Արսալ մուտքին, այդ շրջանը հաւատադրժողական ահաբեկիչներէն մաքրագործելուն առումով, Յ. Բագրատունի վերահաստատեց, որ Արսալ լիբանանեան հող է եւ բանակը սահմանադրութեամբ իրեն տրուած իրաւունքով պատասխանատու է երկրին ապահովութեան ու կայունութեան պահպանումին:

«Բանակը եւ ապահովութեան ուժերը քաղաքական հովանաւորութեան կարիք չունին, այլ` քաղաքական անձնաւորութիւնները պէտք է լուռ մնան բանակին մատուցած զոհողութիւններուն նկատմամբ եւ զօրակցին անոր», շեշտեց ան:

ՏԱՀԵՇ-ի Լիբանան հասնելուն մասին հարցումի մը պատասխանելով` Յ. Բագրատունի յայտնեց, որ շրջանին մէջ աշխարհագրական եւ ժողովրդագրական բաժանումին հաւանականութիւնը առկայ է` ընդգծելով, որ ժողովրդագրական բաժանումը շատ աւելի վտանգաւոր է, քան աշխարհագրականը: «Իսկ ՏԱՀԵՇ-ի, Ժապհաթ Նուսրայի եւ հաւատադրժողական զինեալներուն կողմէ Լիբանան հասնելու վտանգը կայ: Ո՛վ որ կը հերքէ այդ վտանգին գոյութիւնը, անկեղծ չէ: Հետեւաբար մենք պէտք է ամրապնդենք լիբանանեան ներքին միասնականութիւնը եւ պաշտպանենք Լիբանանի սահմանները», շեշտեց ան:

Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին մասին հարցումի մը պատասխանելով` Յ. Բագրատունի շեշտեց, որ այդ հարցը Անգարայի եւ Երեւանի միջեւ չէ, այլ` հայոց եւ Թուրքիոյ արդի պետութեան, որ Օսմանեան կայսրութեան ժառանգորդն է` իր իրաւունքներով եւ պարտականութիւններով:

«Թուրքիա, որ այսօր կ՛ուրանայ Հայոց ցեղասպանութիւնը, կրնայ ընդունիլ, որ իր նախնիները` Երիտասարդ թուրքերը գործեցին Ցեղասպանութիւնը: Հետեւաբար Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչնալով, հայութենէն ներում հայցելով եւ նիւթաբարոյական հատուցումներ կատարելով Թուրքիա կրնայ իր պատմութեան մէջ նոր էջ մը բանալ: Իսկ այնքան ատեն որ Թուրքիա այս մօտեցումը չի ցուցաբերեր, այդ հարցը կը մնայ անլոյծ: Մենք 100-ամեակ մը ամբողջ պայքարած ենք եւ տակաւին կրնանք երկար տարիներ պայքարը շարունակել, մինչեւ որ ան ներում հայցէ եւ հատուցէ», շեշտեց երեսփոխան Բագրատունի:

 

 

Նախորդը

ՀՅԴ Անդամներու Եւ Համակիրներու Համաարցախեան Հաւաք` Հատրութի Շրջանին Մէջ

Յաջորդը

Լեռնային Ղարաբաղի Պաշտպանութեան Բանակ. Հայ Դիրքապահներուն Ուղղութեամբ Արձակուած Է Աւելի Քան 2000 Կրակոց

RelatedPosts

Ակնարկ.  Կարմիր Գիծէն Անցում Դէպի Մտահոգութիւն
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Կարմիր Գիծէն Անցում Դէպի Մտահոգութիւն

Հոկտեմբեր 25, 2025
«Վենետիկի Յանձնաժողովը Արձանագրած Է Քրէական Շարք Մը Գործերու Ապօրինութիւնը» Նիւթով Մամլոյ Ասուլիս
Գլխաւոր լուրեր

«Վենետիկի Յանձնաժողովը Արձանագրած Է Քրէական Շարք Մը Գործերու Ապօրինութիւնը» Նիւթով Մամլոյ Ասուլիս

Հոկտեմբեր 25, 2025
«Հայաստան» Խմբակցութեան Պատգամաւորները Եւրոպական Միութեան Դեսպան Վասիլիս Մարակոսի Հետ Հանդիպում Ունեցան
Գլխաւոր լուրեր

«Հայաստան» Խմբակցութեան Պատգամաւորները Եւրոպական Միութեան Դեսպան Վասիլիս Մարակոսի Հետ Հանդիպում Ունեցան

Հոկտեմբեր 25, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?