«Ազդակ»-ի խմբագրութեան կազմակերպած մամլոյ լսարաններուն ծիրին մէջ, «Ներթրքական զարգացումները եւ մենք» նիւթով մամլոյ 102-րդ լսարանը տեղի ունեցաւ երէկ` երկուշաբթի, 1 յունիս 2015-ին, երեկոյեան ժամը 7:00-ին, «Ազդակ»-ի «Փիւնիկ» սրահին մէջ:
Բացման խօսքով հանդէս եկաւ «Ազդակ»-ի միջազգային քաղաքական լուրերու խմբագիր Վահրամ Էմմիեան: Ան ըսաւ, թէ հայ ժողովուրդին համար հետաքրքական կը թուի ըլլալ 7 յունիսին Թուրքիոյ մէջ տեղի ունենալիք խորհրդարանական ընտրութիւններուն Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչցող միակ կուսակցութեան` քրտամէտ ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութեան արձանագրելիք ընտրական արդիւնքը, որ մեծ ազդեցութիւն պիտի ունենայ Թուրքիոյ ներքին եւ արտաքին քաղաքականութեան վրայ: Ան ըսաւ, թէ Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչցած թուրք անձնաւորութիւնները եւ քաղաքացիական շարժումները թէեւ տարբեր հարցերու մէջ աշխուժ գործունէութիւն ունին, սակայն անոնք թրքական ժխտողականութեան ովկիանոսին մէջ ջուրի կաթիլ մըն են սոսկ: Ապա Էմմիեան հրաւիրեց օրուան զեկուցաբեր` ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ եւ «Ազդակ»-ի նախկին խմբագիր Խաչիկ Մուրատեան:
Խաչիկ Մուրատեան ներկայացնելով շուրջ մէկ ժամ եւ աւելի տեւած զեկուցումը նշեց, որ հայ իրականութեան մէջ յանկարծակիօրէն կրնան ճառագայթել բազմաթիւ առիթներ, որոնք կրնան խթան հանդիսանալ ընդարձակ քննարկումներու եւ մանաւանդ առիթ կ՛ընձեռեն անցեալի եւ նաեւ ներկայի հետաքրքրութեան: Ան օրինակներ տուաւ, թէ ինչպէ՛ս Գէորգ Չաւուշի կնոջ` Հեղինէի լուսանկարին բացայայտումը Մուրատ Ուչանարի կողմէ առիթ կը դառնայ, որ ան հետաքրքրուի հայ իրականութեամբ, սորվի հայերէն եւ թարգմանութիւններ կատարէ:
Ան ըսաւ, որ որեւէ երեւոյթ Թուրքիոյ մէջ դժուար թէ չառնչուի հայութեան հետ: Ապա հաստատեց, որ այսօր թուրք գործիչներ կը խօսին հայկական հարցին եւ անոր կարեւորութեան մասին ու կը մերժեն խօսիլ քրտական հարցին շուրջ, մինչ ուրիշներ կը փորձեն ճիշդ հակառակը ընել: Իսկ շատեր ալ հայամէտ շրջանակներուն մէջ կարեւոր կը նկատեն Հայաստան-Թուրքիա բանակցութիւնները:
Թուրքիոյ խորհրդարանական ընտրութիւններուն գծով Մուրատեան ըսաւ, որ քաղաքական-ղեկավարներու յայտարարութիւնները, քաղաքական խաղերը տարբեր ձեւով կը դրսեւորուին բացակայութեան մը շահագործումով, այն ալ հայութեան բացակայութիւնն է:
Ան ըսաւ, որ ընտրութիւններուն նախօրեակին քրտական հարցը բարդ դրուածքի մէջ է. ապա վերլուծելով անցնող ամիսներուն կատարուած հրապարակային յայտարարութիւնները` Մուրատեան նշեց, այդ յայտարարութիւնները կատարողները հարցականի տակ կ՛առնեն Հայոց ցեղասպանութեան փաստը, յանձնախումբի մը կազմութեան հակամէտ են ու տակաւին կը յայտնեն, թէ ժողովուրդի հայեցողութեան մնացած խնդիր է Հայոց ցեղասպանութիւնը:
Խաչիկ Մուրատեան պատմեց, թէ ինչպէ՛ս 1950-ական թուականներուն Հրանդ Կիւզէլեանի «Քեմփ Արմէն» կեդրոնը տասնամեակներ ցեղասպանութենէն փրկուածներու բեկորները կը հաւաքէր իր երդիքին տակ, երբ յանկարծ թրքական իշխանութեան կողմէ այդ նոյն կառոյցի փլուզման որոշումը կը տրուի: Ան դիտել տուաւ, որ նման կացութեան մէջ կը ստեղծուի այլ երեւոյթ մը, Նոր Զարթօնք շարժումին երիտասարդները կը համախմբուին ու կը պահանջեն քեմփին վերադարձը հայութեան:
Ան անդրադարձաւ այն իրականութեան, թէ «Քեմփ Արմէն»-ի վերադարձը հայութեան իրականութենէն բխող եւ ամէնօրեայ կեանքին հետ կապուած եւ կամ անոր ցոլացումը չէ, շարժման ետին ամբողջ պոլսահայութիւնը չկայ, այլ փոքրամասնութեան մը փոքր մասը:
Ան նկատել տուաւ, թէ հայութեան մէկ ստուար հատուածը կը շարունակէ իր պահպանողական դիրքորոշումը, որ պարտադրաբար կը կատարէ պահելով 100 տարուան յիշողութիւնը:
Ան օրինակներով բացատրեց, թէ երեւոյթներ կրնան խանդավառել հայ երիտասարդութիւնը, բայց անոնց արդիւնքը կամ հետեւանքը խրախուսիչ չ՛ըլլար:
Ան ըսաւ, թէ «Քեմփ Արմէն» կառոյցի պահանջը եւ զայն հայութեան վերադարձնելու որոշումը Թուրքիոյ կողմէ հարցը տեղայնացնել ու վերստին թաղել կը նշանակէ` խուսափելով ընտրական խնդիրներու վրայ անուղղակի ազդեցութենէն եւ մանաւանդ եւրոպական դատարան կամ նման այլ կառոյցներ պահանջելու առիթ ընձեռել հայութեան:
Մուրատեան նշեց, որ թրքական պետութիւնը հայ իրականութեան հետ կապուած բազմաթիւ երեւոյթներ առանց կռիւի անգամ մըն ալ կը թաղէ գետնին տակ:
Խաչիկ Մուրատեան առաջ քաշեց մէկ այլ իրականութիւն` ըսելով, որ երեւոյթները ցոյց կու տան, թէ երբ ընդհանուր տրամադրութիւն գոյութիւն չունի, դիւրին է թիրախ դարձնել ու ոչնչացնել իր գաղափարներով եւ տեսակէտներով մինակ մնացած որեւէ անձ` տալով Հրանդ Տինքի օրինակը: Ան ըսաւ, թէ Տինքի սպանութիւնը անկիւնադարձային էր, որովհետեւ տարբեր այլախոհներ եւ մտաւորականներ ունեցան յանցանքի զգացումը, որ Հրանդ Տինքը ձգած են մինակ:
Ան յայտնեց, որ պէտք է գիտակցինք, որ առանձնութեան երեւոյթէն դուրս գալու լաւագոյն ձեւը պաշտպանել եւ առանձին չձգել է բոլոր անոնց, որոնք տարբեր շարժումներ կը յառաջացնեն հասարակութեան մէջ:
Ան ուշադրութեան յայնձնեց թրքական պետութեան վարած մէկ այլ քաղաքականութիւնը, որ կ՛ըսէ, Թուրքիոյ հողերուն վերադարձնենք բազմազգեան յատկանիշը, որուն իբրեւ հետեւանք, եթէ մէկ կողմէ կը քանդեն հայկական վանքերը, ապա միւս կողմէ կը փորձեն նորոգել զանոնք, ինչպէս Աղթամարի Ս Սուրբ Խաչ եկեղեցին:
Խաչիկ Մուրատեան անդրադարձաւ նաեւ իսլամացած հայերու` նշելով, որ թէ կարելի չէ թիւեր գոյացնել եւ իսլամացած հայու պիտակ տալ բոլորին, որովհետեւ անիկա կը մնայ անհատական որոշում, անձը ինք պատրաստակամութիւն պէտք է յայտնէ ընդունելու իր ինքնութիւնը եւ վերադառնալու իր արմատներուն` իր որոշած ձեւով:
Մեր պարտականութիւնն է ստեղծել տարբեր կարելիութիւններ, վիճակներ, որ տուեալ իսլամացած հայը շփում ունենայ հայերէնին հետ եւ հաղորդակցի հայ մշակոյթին հետ:
Ան շեշտեց, որ Թուրքիոյ տարածքին վերապրածները դատապարտուած էին ամէն օր տեսնելու իրենց հարազատներուն սպանութեան վայրերը, քանդուած եկեղեցիները:
Ան խօսեցաւ նաեւ վերապրածներու այն սերունդին մասին, որ կը գտնուի մեծ որոշումի մը դիմաց. կա՛մ անգիտանալ պատահածը եւ կա՛մ չանտեսել հայութիւնը:
Իսկ սփիւռքի տարածքին մեր դերակատարութիւնը պէտք է ըլլայ այն, ըսաւ Մուրատեան, թէ մենք ինչպէ՛ս կրնանք ստեղծել պայմաններ իսլամացած հայերուն համար, որ կարենան դուրս գալ իրենց ճնշուածութենէն:
Ան պատմեց վերապրածի մը կրտսեր թոռնիկին մասին, որուն անունը Ապտիւլռահիմ է, որ վերանուանուած է Արմէն: Հայրը իր ճնշումներէն դուրս գալու եւ փաստելու համար, որ ինք լիարժէք թուրք է, իր անդրանիկ զաւկին անունը դրած է Թալէաթ: Իսկ Արմէն վերջին 5 տարիներուն կը հետեւի հայերէնի դասընթացքներու, կ՛աշխատի Ս. Կիրակոս եկեղեցւոյ մէջ եւ վերջերս մկրտուած է:
Մուրատեան աւարտեց խօսքը ըսելով, թէ մթնոլորտ ու առիթ ստեղծելով կարելի չէ թաղուած պահել հայկական ինքնութիւնը: Պատմութիւնը տարօրինակ ձեւեր ունի վրէժ լուծելու:
Աւարտին, Խաչիկ Մուրատեան պատասխանեց ներկաներու հարցումներուն: