Ցեղասպանութեան 100-Ամեակին Առիթով Ազգային Ժողովը Յայտարարութիւն Պատրաստած Է
«Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին առիթով Ազգային ժողովը յայտարարութիւն պատրաստած է», յայտնած է Հայաստանի Ազգային ժողովի Բարգաւաճ Հայաստան կուսակցութեան խմբակցութեան քարտուղար Վահէ Էնֆիաճեան, երէկուան նիստին ընթացքին: Ըստ անոր, յայտարարութեան վերամշակուած տարբերակին մէջ, որ արդէն մտած է Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի օրակարգ, յղում կը կատարուի ՄԱԿ-ի եւ միջազգային շարք մը հեղինակաւոր կառոյցներու ընդունած այն հռչակագիրներուն եւ օրէնքներուն, որոնցմով կը դատապարտուին 1915 թուականին Օսմանեան...




















