Թէքէեան Կեդրոնի Մէջ` Լիբանանահայ Երեք Օրաթերթերու Խմբագիրներու Հանդիպում-Հարցազրոյց
Հովանաւորութեամբ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի Լիբանանի կեդրոնական մարմինին, կազմակերպութեամբ Թէքէեան մշակութային միութեան Լիբանանի տեղական վարչութեան, երէկ` ուրբաթ, 27 մարտ 2015-ի երեկոյեան ժամը 8:00-ին, Պէյրութի «Թէքէեան» կեդրոնի «Գերսամ Ահարոնեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ լիբանանահայ երեք օրաթերթերու` «Արարատ»-ի, «Զարթօնք»-ի եւ «Ազդակ»ի խմբագիրներուն հետ հանդիպում-հարցազրոյց: Լիբանանի եւ Հայաստանի ազգային քայլերգներու ունկնդրութենէն ետք, բարի գալուստի խօսք արտասանեց, ինչպէս նաեւ երեկոն վարեց Թէքէեան մշակութային միութեան Լիբանանի...




















