Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ ԼԵՄ-ի Կեդրոնական Վարչութեան Քարոզչական Յանձնախումբին. Մայիսեան Յաղթանակի Փառատօն` Պուրճ Համուտի Մէջ

June 1, 2015
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

5-30-15_lem-16Հայոց Եռագոյնը կը փողփողէր ամէն կողմ: Հայաստանի Ա. հանրապետութիւնը կերտողներուն լուսանկարներն ու խօսքերը տեղադրուած էին ամէն տեղ, անոնք կարծես նորովի կը պատմէին մահ ու սարսափ ոտնահարած եւ աւերակներուն մէջէն անկախութիւն կերտած սերունդի մը ամբողջ պատմութիւնը:

5-30-15_lem-17Մայիսեան յաղթանակի փառատօնն էր, որ տեղի ունեցաւ ՀՅԴ ԼԵՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան քարոզչական յանձնախումբին կազմակերպութեամբ, շաբաթ, 30 մայիս 2015-ին, երեկոյեան ժամը 6:00-էն սկսեալ «Փոլիկարպոս» շրջանի կառատան մէջ:

Փառատօնի պաշտօնական բացումէն առաջ ՀՅԴ ԼԵՄ-ի բոլոր մասնաճիւղերը եւ ՀՅԴ ԶՈՄ-ը առանձին կրպակներով իրենց մասնակցութիւնը բերած էին հայկական տօնավաճառին: Իսկ երեկոյեան ժամը 8:30-ին ժողովրդական տօնախմբութիւնը սկսաւ Լիբանանի եւ Հայաստանի քայլերգներուն յոտնկայս ունկնդրութեամբ: Բացման խօսքով հանդէս եկաւ Ցօղեր Յովհաննէսեան: Ան անդրադարձաւ, թէ ինչպէ՛ս 97 տարի առաջ, երբ հայութեան արեւելեան հատուածը կը դիմագրաւէր բարբարոս թուրքին սպառնալիքը` ընդմիշտ բնաջնջելու հայութեան մնացորդացը, պայթեցաւ ազգային- ազատագրական պայքարի վճռական համազարկը եւ ազդանշանը տրուեցաւ հայ մարտունակ բազուկի ոգիի բոցավառումին, եւ այդ պայքարին զինուորագրուեցաւ ազգ մը ամբողջ: Ան ըսաւ, թէ 97 տարի առաջ հայոց պատմութեան էջերուն վրայ արձանագրուեցան տեղանուններ` Սարդարապատ, Ղարաքիլիսէ եւ Բաշ Ապարան, պանծալի յաղթանակներու դրուագներ, հայ զօրավարներու անուններ, որոնք հանդիսացան հայոց փառքն ու պարծանքը եւ հայութեան վերադարձուցին հայօրէն ապրելու իրաւունքը:

5-30-15_lem-24Ցօղեր Յովհաննէսեան հաստատեց, որ Արամ Մանուկեանի «Երեւանը չենք դատարկի» պատգամը հայութեան գոյութենական պայքարի սրբազան երդումն է, որով պէտք է սնանին սերունդներ, որպէսզի հայահոծ շրջաններ, ինչպէս Պուրճ Համուտը եւ այլուր, չդատարկուին ու անդիմագիծ չդառնան: Ան ըսաւ, որ դաշնակցական Արամ Մանուկեանը եւ իր սերնդակիցները մեզի սորվեցուցին, որ եթէ ժողովուրդ մը ուզէ ապրիլ եւ ստեղծագործել, յարգուիլ եւ յառաջդիմել, պարտաւոր է միասնակամ ըլլալ եւ հաւաքաբար լծուիլ իր կեանքի բարգաւաճումին ու զարգացումին: Պէտք է գիտնայ Արարատի գեղեցկութեամբ հպարտանալ, գրաւեալ Արեւմտահայաստանին, Ջաւախքին ու Նախիջեւանին անպայման վերատիրանալու գիտակցութեամբ ապրիլ:

Գեղարուեստական յայտագիրը սկսաւ Վահագն Դաւթեանի «Հաւատում եմ քեզ» քերթուածին ասմունքով` կատարողութեամբ Ալինա Քէօքերեանի, որմէ ետք ելոյթ ունեցաւ Համազգայինի կիթառի համոյթը, որ ներկայացուց երաժշտական գեղեցիկ կտորներ: Ելոյթ ունեցաւ նաեւ «Հայք» խումբը, որ մեկնաբանեց հայրենասիրական երգեր: Հայկական պարով փառատօնին իր մասնակցութիւնը բերաւ ՀՅԴ ԼԵՄ-ի պարախումբը ներկայացնելով նազ պարի հաճելի բեմականացում: Ապա Գարմէն Պալեան` ընկերակցութեամբ Սերուժ Պաղտասարեանի (C-ROUGE), փունջ մը երգերով հանդէս եկաւ: Այնուհետեւ յաջորդաբար ելոյթ ունեցան Հրաչ Կայծակեան, Յարութ Լափաճեան, Սերոբ  Յակոբեան, որոնք մեկնաբանեցին ազգային-հայրենասիրական ու յեղափոխական երգեր: Վերջապէս, բեմ հրաւիրուեցաւ հայրենի սիրուած ազատամարտիկ-երգիչ Մկրտիչ Մկրտիչեան (Մակիչ): Ան շնորհաւորեց բոլորը մայիսեան յաղթանակներուն առիթով, ապա մեկնաբանեց ազգային-յեղափոխական երգեր եւ մեծապէս խանդավառեց մթնոլորտը:

Փառատօնը իր աւարտին հասաւ «Սարդարապատ» յաղթերգով:

 

5-30-15_lem-25

5-30-15_lem-23

5-30-15_lem-21

 

 

 

 

 

 

 

 

1024lem-18

 

5-30-15_lem-22

5-30-15_lem-205-30-15_lem-19

Նախորդը

Արամ Ա. Կաթողիկոս Պոսթընի Մէջ Հանդիպում Ունեցաւ Երիտասարդութեան Հետ

Յաջորդը

105-Ամեայ Վերապրողի Մը Կողմէ Վառած Ջահով Լուսաւորուած Եւ Յաղթանակներու Հերոսական Երթը Շարունակելու Ուխտով Լիացած Մայիսեան Փառատօն

RelatedPosts

Խմբագրական.  Յարմարուելու Դասեր
Գլխաւոր լուրեր

Խմբագրական. Յարմարուելու Դասեր

February 14, 2026
Թրամփ. «Պէտք Է Իրանի Հետ Գործարք Կնքենք, Այլապէս Ցնցումի Պիտի Ենթարկուի, Եւ Դժուար Պահ Պիտի Դիմագրաւենք»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Պէտք Է Իրանի Հետ Գործարք Կնքենք, Այլապէս Ցնցումի Պիտի Ենթարկուի, Եւ Դժուար Պահ Պիտի Դիմագրաւենք»

February 14, 2026
Ազգային Ժողովը Չդադրեցուց Հեռատեսիլի Եւ Ձայնասփիւռի Յանձնաժողովի Անդամ Յակոբ Մովսէսի Լիազօրութիւնները
Գլխաւոր լուրեր

Ազգային Ժողովը Չդադրեցուց Հեռատեսիլի Եւ Ձայնասփիւռի Յանձնաժողովի Անդամ Յակոբ Մովսէսի Լիազօրութիւնները

February 14, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.