Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՀՅԴ Անդամներու Եւ Համակիրներու Համաարցախեան Հաւաք` Հատրութի Շրջանին Մէջ

June 1, 2015
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

5-31-5_had-16Շաբաթ, 30 մայիսին Հատրութի շրջանին մէջ ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական կոմիտէին նախաձեռնութեամբ տեղի ունեցաւ ՀՅ Դաշնակցութեան անդամներու եւ համակիրներու համաարցախեան հաւաքը:

Ներկաներուն ողջունեց ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական կոմիտէի  ներկայացուցիչ, Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի  «Դաշնակցութիւն» խմբակցութեան նախագահ Դաւիթ Իշխանեան, որ նախ շնորհաւորեց բոլորը Հայաստանի առաջին հանրապետութեան եւ հայկական պետականութեան վերակերտման օրուան` Մայիս 28-ի առիթով` կարեւոր նկատելով 28 մայիս 1918-ի դերն ու նշանակութիւնը հայ ժողովուրդի կեանքին մէջ:

Իշխանեան ՀՅԴ  Արցախի Կեդրոնական կոմիտէին անունով երախտիքի խօսք փոխանցեց բոլոր անոնց, որոնք վերջերս տեղի ունեցած Արցախի Հանրապետութեան խորհրդարանական ընտրութիւններուն համախմբուեցան նոյն հենքի, այն է` ՀՅ Դաշնակցութեան գաղափարին շուրջ` միասնական ուժերով պայքարելով ազգային եւ ընկերվարական  ուժի յաղթանակին համար:

ՀՅԴ  Արցախի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչը իր խօսքին մէջ  ամփոփեց  ընտրական եւ յետընտրական զարգացումները, անդրադարձաւ ՀՅԴ-ի կատարելիք գործերուն:

Ձեռնարկին ընթացքին ներկաներուն խօսք ուղղեց նաեւ ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական կոմիտէի անդամ, Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի փոխնախագահ Վահրամ Բալայեան: «Իբրեւ Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողովին մէջ ներկայացուած քաղաքական ուժ` մենք շատ ընելիքներ ունինք` գերխնդիր ունենալով  ազգային պետականութեան ամրապնդումը: Ասիկա շատ կարեւոր է, որովհետեւ  նախընտրական շրջանին, ժողովուրդին հետ ունեցած հանդիպումներուն ընթացքին, մենք հասկցանք, որ ժողովուրդին կարեւոր մէկ մասը չ՛արժեւորեր պետականութեան դերն ու նշանակութիւնը,  ինչպէս որ մենք կը փափաքէինք: Ձեզի հետ միասին տակաւին երկար ճամբայ ունինք անցնելիք` մեր երկրին ներքին կեանքը բարելաւելու, բազմաթիւ  մարտահրաւէրներ դիմակայելու, քաղաքական եւ տնտեսական համակարգը բարեփոխելու համար», նշեց Վ. Բալայեան:

Ելոյթներուն յաջորդեցին երդման եւ խոստման արարողութիւնները: Շարք մը համակիրներ համալրեցին ՀՅ Դաշնակցութեան եւ ՀՅԴ Արցախի երիտասարդական միութեան շարքերը:

Ձեռնարկը շարունակուեցաւ խնճոյքով` ազգային երգ ու պարով:

 

 

Նախորդը

Հանդիպում Կիպրոսի Ընկերվար Ժողովրդավարութեան Համար Շարժում Կուսակցութեան (Էտեք) Ներկայացուցիչին Հետ

Յաջորդը

«Մենք Տակաւին Երկար Տարիներ Կրնանք Շարունակել Պայքարը, Մինչեւ Որ Թուրքիա Ներում Հայցէ Եւ Հատուցէ» Շեշտեց Յ. Բագրատունի

RelatedPosts

Ակնարկ.  Առաջարկուածը Ոչ Թէ Ճանապարհային,  Այլ Լաբիւրինթոսային Քարտէս Է
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Առաջարկուածը Ոչ Թէ Ճանապարհային, Այլ Լաբիւրինթոսային Քարտէս Է

October 27, 2026
Իսրայէլի Մէջ Այսօրուան  Ընտրութիւններուն Նախօրեակին.  Թրամփ Իսրայէլացիներուն Դարձեալ  Կոչ Ուղղեց Նեթանիահուին Քուէարկելու
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլի Մէջ Այսօրուան Ընտրութիւններուն Նախօրեակին. Թրամփ Իսրայէլացիներուն Դարձեալ Կոչ Ուղղեց Նեթանիահուին Քուէարկելու

October 27, 2026
Պաղայի. «Իրան Դիւանագիտական  Պատուհանը Չփակեց»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի. «Իրան Դիւանագիտական Պատուհանը Չփակեց»

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.