Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան Հիմնադրութեան 97-Ամեակի Նշում` Սարդարապատի Մէջ

May 30, 2015
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

5-29-15_sartar

28 մայիսին Հայաստանի եւ Լեռնային Ղարաբաղի իշխանական վերնախաւը, աւանդութեան համաձայն, Սարդարապատի հերոսամարտի յուշահամալիրին մէջ մասնակցած է մայիսեան յաղթանակներուն եւ Առաջին հանրապետութեան ստեղծման 97-ամեակին նուիրուած հանդիսութեան:

Նախագահ Սերժ Սարգսեան այս առիթով ծաղկեպսակ զետեղած է Սարդարապատի ճակատամարտի հերոսներուն յիշատակը յաւերժացնող յուշակոթողին առջեւ եւ յարգանքի տուրք մատուցած: Նախագահը, որ նաեւ զինուած ուժերու Գերագոյն գլխաւոր հրամանատարն է, ողջունած է տօնին առիթով կայացած զօրահանդէսին մասնակիցները, շնորհաւորած Հանրապետութեան տօնին առիթով:

Անկէ ետք Սարդարապատի յուշահամալիրի Հայոց ազգագրութեան եւ ազատագրական պայքարի պատմութեան ազգային թանգարանին մէջ տեղի ունեցած է պարգեւատրման հանդիսաւոր արարողութիւն Հանրապետութեան տօնին առիթով:

Նախագահին հրամանագիրներով, այս առիթով պետական պարգեւներ եւ կոչումներ տրուած են գիտութեան, կրթութեան, տնտեսութեան, առողջապահութեան, մշակոյթի մարզերու, արուեստի ու մարմնակրթութեան բնագաւառներու, սփիւռքի շարք մը ներկայացուցիչներու, ինչպէս նաեւ հայոց բանակի խումբ մը զինուորներու: Այս առիթով արտասանած իր խօսքին մէջ Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան յայտնած է, որ լուրջ խորհուրդ ունի այն փաստը, որ բարձր պարգեւներ կը տրուին 28 մայիսին, Սարդարապատի մէջ:

Հանդիսութեան մասնակիցները այնուհետեւ մասնակցած են տօնական նախաձեռնութեան:

 

 

Նախորդը

«Սուրբ Մեսրոպ Մաշտոց»-ի Շքանշան` Արամ Ա. Կաթողիկոսին

Յաջորդը

«Մայիսի 28-ը Հայերի Փրկութեան, Վերապրումի Եւ Վերածնունդի Մեկնարկի Օրն Է»

RelatedPosts

Վարդանանց Մի՛շտ Այժմէական Խորհուրդը
Գաղութային

Կոչ Զօրակցութեան

February 9, 2026
Այցելելով Հարաւային Լիբանան.  Սալամ. «Պետութեան Գերիշխանութիւնը Նաեւ Պատասխանատուութիւն Է Ժողովուրդին Ու Անոր Խնդիրներուն Նկատմամբ»
Գլխաւոր լուրեր

Այցելելով Հարաւային Լիբանան. Սալամ. «Պետութեան Գերիշխանութիւնը Նաեւ Պատասխանատուութիւն Է Ժողովուրդին Ու Անոր Խնդիրներուն Նկատմամբ»

February 9, 2026
Թրամփ. «Իրանի Հետ Շատ Լաւ Բանակցութիւններ Ունեցանք, Եւ Յառաջիկայ Շաբաթ Դարձեալ Ժողով Պիտի Գումարենք»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Իրանի Հետ Շատ Լաւ Բանակցութիւններ Ունեցանք, Եւ Յառաջիկայ Շաբաթ Դարձեալ Ժողով Պիտի Գումարենք»

February 9, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.