Գլխաւոր լուրեր

«Միջին Արեւելքի Մէջ Քրիստոնէական Ներկայութեան  Պահպանումը Հրամայական Անհրաժեշտութիւն Է  Թէ՛ Քրիստոնէութեան Եւ Թէ՛ Իսլամութեան Համար»  Ըսաւ Արամ Ա. Կաթողիկոս

«Միջին Արեւելքի Մէջ Քրիստոնէական Ներկայութեան Պահպանումը Հրամայական Անհրաժեշտութիւն Է Թէ՛ Քրիստոնէութեան Եւ Թէ՛ Իսլամութեան Համար» Ըսաւ Արամ Ա. Կաթողիկոս

Ուաշինկթընի մէջ Միջին Արեւելքի քրիստոնէութեան դիմագրաւած մարտահրաւէրներուն շուրջ տեղի ունեցող համագումարի նախագահ Թուֆիք Պաաքլինիին ղրկած նամակին մէջ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը ողջունեց յիշեալ նախաձեռնութիւնը` շեշտելով Միջին Արեւելքին մէջ քրիստոնէութեան պահպանման անհրաժեշտութիւնը: «Միջին Արեւելքը ոչ միայն քրիստոնէութեան ծննդավայր եղած է, այլ նաեւ քրիստոնէական աշխարհի կարեւոր իրագործումները կատարուած են շրջանին մէջ եւ, հետեւաբար, Միջին Արեւելքի պատմութիւնը կարելի չէ հասկնալ առանց քրիստոնէութեան, որ...

Խմբագրական.  Տարբեր 100-Ամեակ Եւ Ընկալման  Նոր Ուղղութիւններ

Խմբագրական. Տարբեր 100-Ամեակ Եւ Ընկալման Նոր Ուղղութիւններ

Մուսա Լերան հերոսամարտի 100-ամեակի նշումներու հովանոցը բացուած է յատկապէս հայրենիքի եւ հայկական Այնճարի վրայ: Հայկական աշխարհի տարբեր շրջաններու մէջ գտնուող մուսալեռցիներ  իրենց միջավայրերուն մէջ նշելով հանդերձ հերոսամարտի յոբելեանը, ըստ էութեան իրենց հայեացքները կը կեդրոնացնեն հայրենի Մուսա Լեռ գիւղին եւ հայկական Այնճարին վրայ: Մուսա Լերան եւ Այնճարի յոբելենական ձեռնարկներու շարքը համակարգուած է: Այս պատճառով ալ իր աւանդական թուականէն շաբաթ մը առաջ...

Մանոյեան. «Արեւմտեան  Որեւէ Պետութիւն  Չ՛աջակցիր Ազրպէյճանի  Վարած Քաղաքականութեան»

Մանոյեան. «Արեւմտեան Որեւէ Պետութիւն Չ՛աջակցիր Ազրպէյճանի Վարած Քաղաքականութեան»

ՀՅԴ Հայ դատի եւ քաղաքական հարցերու գրասենեակի պատասխանատու, ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Կիրօ Մանոյեան 11 սեպտեմբերին  լրագրողներուն հետ ունեցած հանդիպումին ընթացքին անդրադարձաւ Թուրքիոյ մէջ տեղի ունեցող իրադարձութիւններուն` զանոնք մտահոգիչ նկատելով: «Թուրքիայի այս իրադարձութիւնները մտահոգիչ են, իշխանութիւններն սկսել են մեծ ռազմական արշաւ Թուրքիայի քրտաբնակ շրջանակներում: Քրտական հասարակութեան դէմ ու Իրաքում, Սիրիայում հակաքրտական քաղաքականութիւն է վարւում», ըսած է Մանոյեան` աւելցնելով. «Մենք քննադատում ենք...

«Աղբի Տագնապին Առաջին Օրերէն Իսկ Յայտարարած Ենք, Որ Պուրճ Համուտը Կարմիր Գիծ Է, Եւ Կը Շարունակենք Մնալ Նոյն Սկզբունքին Վրայ»  Շեշտեց Յ. Բագրատունի

«Աղբի Տագնապին Առաջին Օրերէն Իսկ Յայտարարած Ենք, Որ Պուրճ Համուտը Կարմիր Գիծ Է, Եւ Կը Շարունակենք Մնալ Նոյն Սկզբունքին Վրայ» Շեշտեց Յ. Բագրատունի

Լիբանանի մէջ աղբի տագնապին եւ զայն լուծելու նպատակով կառավարութեան վաւերացուած ծրագիրին լոյսին տակ ի յայտ եկած է ընդհանուր մտահոգութիւն` Պուրճ Համուտի աղբանոցի վերաբացումին առնչուող: Այս իմաստով «Ազդակ» յատուկ հարցազրոյց մը ունեցաւ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունիի հետ: Ան յայտնեց, որ ժողովուրդը ընդհանրապէս մտահոգուելու ամէն պատճառ եւ իրաւունք ունի, որովհետեւ հիմնականին մէջ պետութեան եւ իրերայաջորդ կառավարութիւններուն նկատմամբ վստահութիւն...

Հաղորդագրութիւն

Հաղորդագրութիւն

Հայ մարմնակրթական ընդհանուր միութեան 11-րդ Պատգամաւորական ժողովը տեղի ունեցաւ 7-11 սեպտեմբեր 2015-ին` Աղուերանի մէջ, Հայաստան, մասնակցութեամբ Շրջանային եւ Մեկուսի 20 շրջաններէ 65 պատգամաւորներու եւ 34 հրաւիրեալներու: Ժողովը համապարփակ քննութեան ենթարկեց ՀՄԸՄ-ի անցնող չորս տարիներու սերնդակերտման ու հայակերտման աշխատանքները, գնահատեց կատարուած իրագործումները եւ ապագայի հաշուոյն մշակեց նոր ծրագիրներ: Պատգամաւորական ժողովը լայնօրէն անդրադարձաւ ՀՄԸՄ-ի սկաուտութիւնը, մարզական կեանքը եւ երիտասարդութիւնը յուզող հրատապ հարցերուն...

Կազմակերպութեամբ Ազգային  «Յառաջ-Գ. Կիւլպէնկեան»  Երկրորդական Վարժարանի  Խնամակալութեան Եւ Տնօրէնութեան.  Ազգային Բարերար Գալուստ Կիւլպէնկեանի  Կիսանդրիի Բացում Եւ Շքանշաններու Տուչութիւն

Կազմակերպութեամբ Ազգային «Յառաջ-Գ. Կիւլպէնկեան» Երկրորդական Վարժարանի Խնամակալութեան Եւ Տնօրէնութեան. Ազգային Բարերար Գալուստ Կիւլպէնկեանի Կիսանդրիի Բացում Եւ Շքանշաններու Տուչութիւն

Մուսա Լերան հերոսամարտի 100-ամեակի եւ Այնճարի հիմնադրութեան 75-ամեակի հանդիսութիւններուն շարքին, հինգշաբթի, 10 սեպտեմբեր 2015-ին, Այնճարի Ազգային «Յառաջ Գ. Կիւլպէնկեան» երկրորդական վարժարանի շրջափակին մէջ տեղի ունեցաւ Ազգային բարերար Գալուստ Կիւլպէնկեանի կիսանդրիին բացումը  եւ վարժարանի վաստակաւոր ուսուցիչներուն պարգեւատրումը իրենց երկարամեայ ծառայութեան համար: Ձեռնարկը կազմակերպուած էր Ազգային «Յառաջ-Գ. Կիւլպէնկեան» երկրորդական վարժարանի խնամակալութեան եւ տնօրէնութեան կողմէ: Հանդիսութեան ներկայ էին Վարուժան արք. Հերկելեան, գիւղի հոգեւոր...

Ակնարկ.  Քննադատութիւն, Առաջարկ  Եւ Սպառնալիք

Ակնարկ. Քննադատութիւն, Առաջարկ Եւ Սպառնալիք

Եւրոպական խորհրդարանին կողմէ որդեգրուած Ազրպէյճանի պետական պաշտօնատարներու դէմ հասցէական պատժամիջոցներ կիրարկելու կոչ-բանաձեւի բովանդակութիւնը առաջին հայեացքով առաւելաբար կը կեդրոնանայ մարդկային իրաւունքներու ոտնահարման երեւոյթներուն վրայ: Բանաձեւի կէտերուն տարբաղադրումը կու տայ հետեւեալ պատկերը, որ խորքին մէջ կը կազմէ որդեգրուած բանաձեւին հիմնաւորումները: Ազրպէյճանի մէջ արձանագրուած է  աճ բռնաճնշումներու եւ ձերբակալութիւններու ենթարկուած իրաւապաշտպաններու եւ լրագրողներու երեւոյթներուն: Եւրոպական խորհրդարանը պէտք է քննարկէ պաշտօնատար անձերու դէմ հասցէական...

Պելճիքայի Խորհրդարանականներ  Արցախ Կ՛այցելեն

Պելճիքայի Խորհրդարանականներ Արցախ Կ՛այցելեն

«Արցախփրես» կը հաղորդէ, թէ 10 սեպտեմբերին Լեռնային Ղարաբաղի Ազգային ժողովին մէջ տեղի ունեցած է հանդիպում Արցախի եւ Պելճիքայի խորհրդարանականներուն միջեւ: Լեռնային Ղարաբաղի Ազգային ժողովի նախագահ Աշոտ Ղուլեան` ողջունելով պելճիքացի խորհրդարանականները` ընդգծած է, որ Արցախի մէջ բարձր կը գնահատեն օրինակելի արժեհամակարգ ունեցող երկիրներու պետական կառոյցներու, մասնաւորաբար երեսփոխաններուն հետ կապերու յարաբերութիւնները: Խորհրդարանի ղեկավարը նշած է, որ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան համար` նկատի ունենալով...

Նախարար Նալբանդեան  Բրիտանիա Կ՛այցելէ

Նախարար Նալբանդեան Բրիտանիա Կ՛այցելէ

9 սեպտեմբերին Բրիտանիոյ արտաքին գործոց նախարար Ֆիլիփ Համընտ հանդիպում ունեցաւ պաշտօնական այցելութեամբ Բրիտանիա գտնուող Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեանի հետ: Ֆիլիփ Համընտ կարեւոր նկատեց բարձր մակարդակի աշխուժ յարաբերութիւններու շարունակականութիւնը: Էդուարդ Նալբանդեան նշեց, որ վերջին շրջանին յաճախակի դարձած են բարձրաստիճան այցելութիւնները, խորհրդարանական յարաբերութիւնները, աշխուժացած են գործարար կապերը, ինչ որ լաւ նախադրեալներ կը ստեղծէ տարբեր մարզերու մէջ փոխադարձ գործակցութեան ամրապնդման եւ...

Պոլսոյ Հայոց Պատրիարքարանը  Կը Յորդորէ Զերծ Մնալ Հայ Համայնքը Թիրախ  Դարձնող Հրապարակումներէ

Պոլսոյ Հայոց Պատրիարքարանը Կը Յորդորէ Զերծ Մնալ Հայ Համայնքը Թիրախ Դարձնող Հրապարակումներէ

«Արմէնփրես»` վկայակոչելով «Անատոլու» լրատու գործակալութիւնը, կը հաղորդէ, որ Պոլսոյ հայոց պատրիարքարանը վերջերս Թուրքիոյ մէջ ՔԱԿ-ի գործողութիւնները դատապարտող յայտարարութիւն հրապարակած է` յորդորելով զերծ մնալ Թուրքիոյ հայ համայնքը թիրախ դարձնող յայտարարութիւններէն: Պատրիարքարանը կը յայտնէ, որ իրենք կ՛աղօթեն Թուրքիոյ միասնականութեան ու ամբողջականութեան վնասող ահաբեկչական դէպքերուն վերջ տալու եւ տեւական խաղաղութեան հաստատման համար: Պոլսոյ հայոց պատրիարքարանը իր մտահոգութիւնը յայտնած է այն փաստին առնչութեամբ, որ...

«Անհրաժեշտ Է, Որ Կրօններ  Ու Պետութիւններ  Աւելի Լրջութեամբ Մօտենան  Գաղթականներու Հարցին»  Շեշտեց Արամ Ա. Կաթողիկոս

«Անհրաժեշտ Է, Որ Կրօններ Ու Պետութիւններ Աւելի Լրջութեամբ Մօտենան Գաղթականներու Հարցին» Շեշտեց Արամ Ա. Կաթողիկոս

Հինգշաբթի, 10 սեպտեմբեր 2015-ի առաւօտուն, ընդունելով Պէյրութի մէջ գումարուող եւ գաղթականներու նուիրուած միջեկեղեցական համագումարի ներկայացուցիչները, Արամ Ա. կաթողիկոս կարեւորութեամբ շեշտեց գաղթականներու հարցին առաջնահերթ կարեւորութիւն տալու հրամայականը, յատկապէս Եւրոպայի մէջ: Յիշեալ համագումարը կազմակերպուած է Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդին եւ Միջին Արեւելքի եկեղեցիներու խորհուրդին համագործակցութեամբ: Համագումարի օրակարգին մաս կը կազմեն գաղթականութեան եւ քաղաքացիութեան առնչուած հարցեր: Համագումարին իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն շուրջ 50 հոգիներ,...

Ակնարկ.  Խաւարման-Լուսաւորման Միջանցքին

Ակնարկ. Խաւարման-Լուսաւորման Միջանցքին

Աւազամրրիկին ստեղծած անպատեհութիւնները դիմակայելու անպատրաստ կացութենէն մինչեւ նախագահական թափուր մնացած բարձրագոյն (ան) պատասխանատուութիւն կամ աղբահանման հիմնահարցէն մինչեւ ազգային երկխօսութեան նիստերու արդիւնքներուն շուրջ տիրող անորոշութիւն, անցնելով ելեկտրականութեան անլոյծ մնալէն, հասնելու համար երկրի կառոյցներուն եւ ենթակառոյցներուն կաթուածահարութեան, լիբանանցին կը տուայտի իրավիճակի անհեռանկարայնութեան պատճառով յառաջացած հետեւանքներու անյստակութեան մէջ: Բացակայողը ազգ ու պետութիւն դառնալու կամքն է, առկայ են հատուածականն ու անձնականը գերադասելու մղումին գերակայութիւնը,...

Ազրպէյճանը Ջղագարութեան Արշաւ Ծաւալած Է  Լեռնային Ղարաբաղի Մէջ Ընթացող Ժողովրդավարական Գործընթացներու Դէմ

Ազրպէյճանը Ջղագարութեան Արշաւ Ծաւալած Է Լեռնային Ղարաբաղի Մէջ Ընթացող Ժողովրդավարական Գործընթացներու Դէմ

Ազրպէյճանի իշխանութիւնները շփման գիծին վրայ իրավիճակի սրման, չդադրող հետախուզական-ներթափանցման գործողութիւններու փորձերուն եւ խոշոր տրամաչափի ականանետերու եւ հրետանիի  կիրարկումով շարունակական գնդակոծութիւններուն զուգահեռ ջղագարութեան արշաւ ծաւալած է Ղարաբաղի մէջ ընթացող ժողովրդավարական գործընթացներու դէմ: Երէկ այսպիսի յայտարարութիւն տարածած է  Ղարաբաղի արտաքին գործոց նախարարութիւնը: Նշելով, որ 31 օգոստոսին Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը հանդէս եկած է Լեռնային Ղարաբաղի մէջ  13 սեպտեմբերին տեղի ունենալիք տեղական ինքնակառավարման...

Նախագահ Սարգսեան Ընդունած Է Պելճիքայի  Խորհրդարանական Պատուիրակութիւնը

Նախագահ Սարգսեան Ընդունած Է Պելճիքայի Խորհրդարանական Պատուիրակութիւնը

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեան նախանցեալ օր ընդունած է Պելճիքայի խորհրդարանական պատուիրակութիւնը: Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահի աշխատակազմի հասարակութեան եւ տեղեկատուութեան միջոցներու հետ կապերու վարչութենէն կը յայտնեն, թէ ողջունելով հիւրերը եւ անոնց այցելութիւնը Հայաստան` հանրապետութեան նախագահը կարեւոր նկատած է միջխորհրդարանական դիւանագիտութեան դերը միջպետական յարաբերութիւններու  ամրապնդման գործին մէջ: Նախագահ Սերժ Սարգսեան յոյս յայտնած է, որ Պելճիքայի երեսփոխաններուն այցելութեան յագեցած օրակարգը աւելի պիտի սերտացնէ...

Ազգային Երկխօսութեան  Բ. Նիստը` 16 Սեպտեմբերին

Ազգային Երկխօսութեան Բ. Նիստը` 16 Սեպտեմբերին

Լիբանանեան քաղաքական բեմը յուզող եւ երկիրը սառեցնող տագնապներն ու հարցերը քննարկելու եւ անոնց համար բարւօք լուծումներ գտնելու նպատակով, երէկ կէսօրուան ժամը 12:00-ին, խորհրդարանին մէջ գումարուեցաւ ազգային երկխօսութեան առաջին նիստը: Նիստին ներկայ գտնուեցան խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի եւ անոր քաղաքական խորհրդատու, ելեւմուտքի նախարար Ալի Հասան Խալիլ, վարչապետ Թամմամ Սալամ եւ ընկերային հարցերու նախարար Ռաշիտ Տըրպաս, Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ...

Կառավարութիւնը Աղբերու Հարցով   Համաձայն Գտնուեցաւ Երկրագործութեան Նախարարին  Ներկայացուցած Համապարփակ Ծրագիրին

Կառավարութիւնը Աղբերու Հարցով Համաձայն Գտնուեցաւ Երկրագործութեան Նախարարին Ներկայացուցած Համապարփակ Ծրագիրին

Ընդառաջելով վարչապետ Թամմամ Սալամի հրաւէրին, կառավարութիւնը երէկ երեկոյեան ժամը 5:00-ին գումարեց արտակարգ նիստ մը, որ կը վերաբերէր աղբի տագնապի լուծման: Նիստին նախագահեց վարչապետ Սալամ եւ անոր ներկայ գտնուեցան Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի, ինչպէս նաեւ Հըզպալլայի նախարարները, ի բացառութիւն արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլի եւ պետական նախարար Մոհամետ Ֆընէյշի: Նիստէն բացակայեցաւ տնտեսութեան նախարար Ալեն Հաքիմ` երկրէն դուրս գտնուելուն պատճառով: Կրթութեան նախարար...

«Քամփ Արմէն» Որբանոցին Դէմ  Յարձակում Տեղի Ունեցած Է

«Քամփ Արմէն» Որբանոցին Դէմ Յարձակում Տեղի Ունեցած Է

Պոլսոյ Թուզլա թաղամասի հայկական «Քամփ Արմէն» որբանոցին դէմ 7 սեպտեմբերի գիշերը մահակներով յարձակում մը տեղի ունեցած է: «Քամփ Արմէն» որբանոցի քանդման դէմ կառոյցին մէջ հերթապահութիւն ընող «Նոր զարթօնք» շարժման կայքը կը տեղեկացնէ, որ 7 սեպտեմբերի գիշերը մահակներով զինուած 6 հոգի մօտեցած են որբանոցին եւ փորձած բանալ դարպասները, սակայն հերթապահութիւն իրականացնողները յաջողած է ետ մղել յարձակողները: Սակայն «Քամփ Արմէն»-ի հերթապահողները կը...

Ռուսիոյ Մէջ.  Մերժ Սարգսեանի  Եւ Վլատիմիր Փութինի Հանդիպում

Ռուսիոյ Մէջ. Մերժ Սարգսեանի Եւ Վլատիմիր Փութինի Հանդիպում

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեան աշխատանքային այցելութեամբ մեկնած է Ռուսիա: Նախագահի աշխատակազմի տեղեկատուութեան եւ հասարակութեան հետ կապերու վարչութեան համաձայն, 8 սեպտեմբերին նախագահ Սերժ Սարգսեան հանդիպում ունեցած է Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ` իբրեւ օրակարգային նիւթ ունենալով հայ-ռուսական երկկողմանի գործակցութեան առնչուող հարցեր: Նախագահները քննարկած են երկու երկիրներու տնտեսական, քաղաքական, մարդասիրական եւ այլ մարզերու մէջ գործակցութիւնը: Նախագահները անդրադարձած են Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի...

Վարչապետ Աբրահամեան Մասնակցած Է  Եւրասիական Տնտեսական Միութեան  Միջկառավարական Խորհուրդի Նիստին

Վարչապետ Աբրահամեան Մասնակցած Է Եւրասիական Տնտեսական Միութեան Միջկառավարական Խորհուրդի Նիստին

Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Յովիկ Աբրահամեան 8 սեպտեմբերին Կրոտնոյի մէջ (Պիելոռուսիա) մասնակցած է Եւրասիական տնտեսական միութեան միջկառավարական խորհուրդի նիստին: Վարչապետին գլխաւորած պատուիրակութեան մաս կը կազմէին Հայաստանի փոխվարչապետ, միջազգային տնտեսական  համարկման եւ բարեփոխումներու նախարար Վաչէ Գաբրիէլեան, փոխնախարար Սուրէն Կարայեան եւ Հայաստանի արտաքին գործոց փոխնախարար Շաւարշ Քոչարեան: Եւրասիական տնտեսական միութեան անդամ պետութիւններու վարչապետները քննարկած են համարկման փոխգործակցութեան առնչուող բազմաթիւ հարցեր: Կառավարութիւններու ղեկավարները հիմնականին...

«Լիբանանեան Բանակն Ու Ապահովութեան  Ուժերը Սահմանադրութեան Համաձայն Երկիրը  Պաշտպանելու Առաքելութեան Մէջ Են,  Իսկ Քաղաքական Անձնաւորութիւններուն  Պարտականութիւնն Է Զօրակցիլ Անոնց»  Ընդգծեց Յ. Բագրատունի

«Կը Զօրակցինք Երկխօսութեան, Հակառակ Նախկին Ապարդիւն Փորձառութիւններուն» Շեշտեց Յ. Բագրատունի

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի բացարձակ զօրակցութիւն յայտնեց երկխօսութեան` ընդգծելով, որ հակառակ նախկին ապարդիւն փորձառութիւններուն, պէտք է կառչած մնալ երկխօսութեան եւ ամէն ջանք ի գործ դնել լուծելու համար երկրին կուտակուած հարցերը: «Երկխօսութեան մասնակցող քաղաքական բոլոր ուժերը ազգային պատասխանատուութիւն ունին Լիբանանի դիմագրաւած հարցերուն ելքեր ապահովելու, եւ հեռու մնալու յոռետես ենթադրութիւններէ, ինչպէս նաեւ երկխօսութեան նախկին փորձառութիւններուն հետ բաղդատութիւններ կատարելէ»,...

Page 746 of 795 1 … 745 746 747 … 795

Արխիւներ