Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, թէ իր աջակցութիւնը վայելող թեկնածուներուն մեծ մասը կրցած է յաջողութիւն արձանագրել երեքշաբթի, 3 նոյեմբերին տեղի ունեցած տեղական ընտրութիւններուն ընթացքին:
Նշենք, որ յաղթանակ արձանագրած էր Մոնթեպելլոյի քաղաքապետ Ճեք Հաճինեան, որ քաղաքապետական խորհուրդի անդամ վերընտրուեցաւ:
Անոր կողքին, քաղաքապետական խորհուրդի անդամ վերընտրուած է Ռոլինկ Հիլզեն Ֆրենք Ծերունեան, մինչ Սան Ֆրանսիսքոյի մէջ, գաւառի վերահսկիչներու խորհուրդի անդամ ընտրուած է Էրըն Փեսքին` 3-րդ ընտրատարածքէն:
Հարաւային Փասատինայի մէջ, Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբի զօրակցութիւնը վայելող Մարինա Խուպեսրեան ընտրուած է քաղաքապետական խորհուրդի անդամ, մինչ Սիւզի Ապաճեան` Հարաւային Փասատինայի Միացեալ կրթաշրջանի վարչութեան անդամ: Նաեւ, Թամ Սելենսքի ընտրուած է Փասատինայի համայնքային քոլեճի վարչութեան անդամ` 2-րդ ընտրատարածքէն: