Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Վանայ Ձայն» Կը Պարգեւատրէ Մեծերը

Նոյեմբեր 9, 2015
| Գլխաւոր լուրեր, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

georgette_jbara_110815

«Վանայ Ձայն»-ի տնօրէնութիւնը անցեալ շաբաթավերջին «Մեր մեծերով կը վեհանանք» յայտագիրին ընդմէջէն հիւրընկալեց պարուսոյց եւ Միջին Արեւելքի մէջ պալէի մեծագոյն ակադեմիայի սեփականատէր Ժորժեթ Ժպարան, որ պարգեւատրուեցաւ կայանի տնօրէն Աւետիս Կիտանեանի կողմէ:

Հաղորդավար Հալա Հատտատի «Մեր մեծերով կը վեհանանք» յայտագիրին ընթացքին Ժպարա անդրադարձաւ իր ասպարէզին տարբեր հանգրուաններուն, ինչպէս նաեւ իր կենսագրական տուեալներուն, որոնց ծիրին մէջ ան ըսաւ, որ ինք ծնած է Եգիպտոս եւ հասակ նետած Գահիրէի մէջ, ապա հաստատուած Լիբանան, հակառակ անոր որ ինք ունեցած է այլ քաղաքացիութիւն եւ արտագաղթելու կարելիութիւն:

Իր յուշերուն մասին խօսելու ընթացքին Ժորժեթ Ժպարա յայտնեց, որ Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմին ընթացքին զինեալներ ուզած են Համրայի մէջ գտնուող իր անձնական դպրոցին տիրել` աւելցնելով, որ ինք զօրութեամբ եւ անզիջող կեցուածքով դիմադրած է անոնց եւ պարտադրած, որ յարգեն զինք, առանց իրենց հակակշիռին տակ առնելու այդ դպրոցը:

Միւս կողմէ, ան խոստովանեցաւ, որ իր անձնական բնակարանը, հողաշերտ մը եւ գոհարեղէնները պահ դրած է` Զուքի մէջ իր ակադեմիան կառուցելու նպատակով:

«Պատերազմի ընթացքին վկայած եմ լիբանանցիներուն արտագաղթը, մինչդեռ ես քար քարի վրայ զետեղած եմ` կառուցելու համար դպրոցս», յայտնեց ան:

Ժորժեթ Ժպարա նշեց, որ ինք աշխատած է նաեւ լիբանանահայ վաստակաւոր դէմքերուն, ինչպէս` Վարուժան Խտըշեանի, Պերճ Ֆազլեանի, Գրիգոր Սաթամեանի հետ եւ ներկայ կը գտնուէր անոնց պատրաստած թատրոններուն: «Ճիշդ է, որ  առանց հայերէն հասկնալու կը հետեւէի ներկայացումներուն, սակայն ինծի համար թատրոնի լեզուն յստակ էր եւ խաղարկութեան ընդմէջէն, բեմադրութեան թեքնիքներուն ընդմէջէն հոգեկան մեծ բաւարարութեամբ կը հետեւէի այդ գործերուն», ըսաւ ան:

Ժորժեթ Ժպարա նշեց, որ իր հռչակաւոր «Սպասում»-ի պարին մտայղացումը ունեցած է ներշնչուելով լիբանանահայ թմբկահար Սեդրակ Սարգիսեանի նուագէն` դիտել տալով, որ այդ պարը կը ներկայացնէ արաբ կնոջ սպասումի իրավիճակը` պատերազմի եւ խաղաղութեան օրերուն:

Ժպարա յայտնեց, որ ինք երկու անգամ այցելած է Հայաստան եւ հմայուած անոր բնութեամբ, եկեղեցիներով, թանգարաններով եւ յատկապէս Ծիծեռնակաբերդով ու Կոմիտասի երաժշտութեամբ: Ան նշեց, որ ինք ծանօթ է Հայ դատին եւ այդ մասին գիրքեր կը կարդայ` ընդգծելով միաժամանակ, որ հայ ժողովուրդը իրեն համար վեհ է` ապրելու իր կամքին եւ ազգային իր ինքնութիւնը պահպանելու մնայուն ջանքին համար:

 

 

 

Նախորդը

Անհրաժեշտութեան Օրէնսդրութեան Նիստին Մասնակցութեան Պատկերը Կը Մնայ Անորոշ

Յաջորդը

«ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէն Օրէնսդրական Նիստին Մասնակցելու Իմաստով Իր Վերջնական Որոշումը Պիտի Յայտարարէ Վաղը» Շեշտեց Յ. Բագրատունի

RelatedPosts

Ակնարկ.  Կարմիր Գիծէն Անցում Դէպի Մտահոգութիւն
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Կարմիր Գիծէն Անցում Դէպի Մտահոգութիւն

Հոկտեմբեր 25, 2025
«Վենետիկի Յանձնաժողովը Արձանագրած Է Քրէական Շարք Մը Գործերու Ապօրինութիւնը» Նիւթով Մամլոյ Ասուլիս
Գլխաւոր լուրեր

«Վենետիկի Յանձնաժողովը Արձանագրած Է Քրէական Շարք Մը Գործերու Ապօրինութիւնը» Նիւթով Մամլոյ Ասուլիս

Հոկտեմբեր 25, 2025
«Հայաստան» Խմբակցութեան Պատգամաւորները Եւրոպական Միութեան Դեսպան Վասիլիս Մարակոսի Հետ Հանդիպում Ունեցան
Գլխաւոր լուրեր

«Հայաստան» Խմբակցութեան Պատգամաւորները Եւրոպական Միութեան Դեսպան Վասիլիս Մարակոսի Հետ Հանդիպում Ունեցան

Հոկտեմբեր 25, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?