Գլխաւոր լուրեր

Նախագահը Յանձնարարած Է Ամփոփել  Տաւուշի Մէջ Ռմբակոծումներէն  Եղած Վտանգներուն Պատկերը

Նախագահը Յանձնարարած Է Ամփոփել Տաւուշի Մէջ Ռմբակոծումներէն Եղած Վտանգներուն Պատկերը

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեան 16 սեպտեմբերին Տաւուշի մարզպետի եւ մարզպետարանի պատասխանատուներուն մասնակցութեամբ խորհրդակցութիւն կատարած է Տաւուշի մարզի 2014  եւ 2015 թուականներու առաջին կիսամեակի ընկերային-տնտեսական իրավիճակին, առկայ հիմնախնդիրներուն եւ զարգացման ծրագիրներուն քննարկման նպատակով: Նախագահ Սերժ Սարգսեան Տաւուշի մարզպետ Յովիկ Աբովեանին յանձնարարած է 1-էն 6 սեպտեմբերի ռմբակոծումներէն տուժած մարզի սահմանամերձ համայնքներու բնակիչներուն նիւթական աջակցութիւն տրամադրելու նպատակով կարելի եղածին չափ արագ (առաւելագոյնը...

Երկխօսութիւնը, Բախումները, Խոշտանգումը,  Խռովարարներն Ու Բռնութիւնը Եղան  Կեդրոնական Պէյրութի Երէկուան  Իրադարձութիւններուն Խորագիրները

Երկխօսութիւնը, Բախումները, Խոշտանգումը, Խռովարարներն Ու Բռնութիւնը Եղան Կեդրոնական Պէյրութի Երէկուան Իրադարձութիւններուն Խորագիրները

Լիբանանցի քաղաքական ղեկավարներուն ծրագրած ազգային երկխօսութեան նիստէն երեք ժամ առաջ, առաւօտեան ժամը 9:00-ին «Հոտերնիդ ելաւ», «Հաշուետուութեան պիտի կանչենք», «Հեռացէք մեզմէ», «Փոփոխութեան սեմին», ինչպէս նաեւ այլ անուանումներ կրող քաղաքացիական ընկերութիւնը ներկայացնող արշաւներու եւ շարժումներու անդամներ, ուղղուեցան «Նահար» օրաթերթի խմբագրատան դիմաց եւ սկսան իրենց նստացոյցին` նպատակ ունենալով արգիլել ազգային երկխօսութեան մասնակցող ղեկավարներուն խորհրդարան մուտքը: Այդ արշաւները կազմակերպող գործիչներ հաստատեցին, որ եթէ իրենք...

Մուսա Լերան Հերոսամարտի 100-Ամեակին  Նուիրուած Մամլոյ Ասուլիս

Մուսա Լերան Հերոսամարտի 100-Ամեակին Նուիրուած Մամլոյ Ասուլիս

16 սեպտեմբերին Հայաստանի Հանրապետութեան  սփիւռքի նախարարութեան կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ մամլոյ ասուլիս` նուիրուած Մուսա Լերան հերոսամարտի 100-ամեակի նախաձեռնութիւններուն: Մամլոյ ասուլիսին մասնակիցներն էին Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարարի տեղակալ Սերժ Սրապիոնեան, Մուսա Լերան հերոսամարտի 100-ամեակի Կեդրոնական մարմինի նախագահ Եսայի Հաւաթեան (Այնճար, Լիբանան), «Մուսա Լեռ» հայրենակցական միութեան երիտասարդական թեւի պատասխանատու Գաբրիէլ Փանոսեան եւ հայրենակցական միութեան Հայաստանի մասնաճիւղի նախագահ Պերճ Ղազարեան: Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի...

Լիբանանի Քաղաքացիական Պատերազմի 40-Ամեակին Առիթով Հարցազրոյց` Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին Հետ

Չորեքշաբթի, 16 սեպտեմբեր 2015-ին առաւօտեան ժամը 10:00-ին, Անթիլիասի մայրավանքին վեհարանին մէջ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը հարցազրոյց մը ունեցաւ «Վանայ ձայն»-ի հետ: Զրոյցի ընթացքին վեհափառ հայրապետը խօսեցաւ քաղաքացիական պատերազմին ընթացքին եկեղեցւոյ դերակատարութեան եւ այդ տարիներուն` իբրեւ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ իր ծառայութեան ժամանակաշրջանին գաղութին ապրած դժուար օրերուն մասին: Հարցազրոյցը պիտի սփռուի «Վանայ ձայն»-էն, երկուշաբթի, 21 սեպտեմբեր 2015-ին, կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին:...

«Լիբանանի Հետ, Հայութեան Համար»  Խորագիրով  Հերթական Ձեռնարկը` Նոր Սիսի  «Ազիրեան» Ակումբին Մէջ

«Լիբանանի Հետ, Հայութեան Համար» Խորագիրով Հերթական Ձեռնարկը` Նոր Սիսի «Ազիրեան» Ակումբին Մէջ

«Լիբանանի հետ, հայութեան համար» խորագիրը  կրող Լիբանանի  քաղաքացիական պատերազմի 40-ամեակին նուիրուած ձեռնարկներու շրջագիծին մէջ, կազմակերպութեամբ «Իշխան» կոմիտէին, երէկ` չորեքշաբթի, 16 սեպտեմբեր 2015-ի երեկոյեան ժամը 8:00-ին, Նոր Սիսի «Ազիրեան» ակումբին մէջ տեղի ունեցաւ ձեռնարկ: Նախքան սրահ բարձրանալը, ակումբի մուտքին կատարուեցաւ հոգեհանգստեան արարողութիւն` կատարողութեամբ  Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ  դպրաց դասին եւ եկեղեցւոյ հովիւ Յակոբ քհնյ. Պզտիկեանի: Ապա հրաւիրուեցան քաղաքացիական պատերազմի նուիրեալներուն ընտանիքները, որպէսզի...

Հալէպի Մէջ Կացութիւնը  Կրկին Լարուած Է

Հալէպի Մէջ Կացութիւնը Կրկին Լարուած Է

Հալէպի բնակելի թաղամասերուն մէջ 15 սեպտեմբերին տեղի ունեցած ռմբակոծումին պատճառով մեծ թիւով զոհեր արձանագրուած են: Ըստ «Սանա» լրատու գործակալութեան, զոհուած է առնուազն 20 հոգի, վիրաւորուած են 100 ուրիշներ: Հալէպի «Գանձասար» շաբաթաթերթի խմբագիր Զարմիկ Պողիկեան «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանին հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին փոխանցած է, որ տուժածներուն մէջ հայեր չկան: Ռմբակոծուած են հայկական թաղամասերէն մօտ 10 քիլոմեթր հեռու գտնուող շրջաններ: Աւելի քան...

ԱԿՆԱՐԿ         Տագնապ. Ձեւով՝ Լիբանանեան, Խորքով՝ Եւրոպական

ԱԿՆԱՐԿ Տագնապ. Ձեւով՝ Լիբանանեան, Խորքով՝ Եւրոպական

Բրիտանիոյ վարչապետին անակնկալ եւ կարճատեւ այցելութիւնը Լիբանան, երեւութապէս Լիբանանի քաղաքական ճգնաժամին կը վերաբերի, ըստ էութեան սակայն համաեւրոպական տագնապն է, որ մղած է անգլիացի պետական գործիչին քայլերը դէպի Պէյրութ: Բնականաբար հանրապետութեան նախագահի ընտրութեան կարեւորութեան շեշտումը, քաղաքական անորոշութենէն դուրս գալու անհրաժեշտութեան ընդգծումը, զինուորաքաղաքական մարզերուն մէջ Լիբանանին զօրակցելու պատրաստակամութեան վերընդգծումը եւ մանաւանդ ՏԱՀԵՇ-ի վտանգին ահազանգումը, աշխարհագրականօրէն անոր Լիբանանին մօտ ըլլալը յիշեցնելը եւ այս...

«Իրավիճակը Սրելու Ազրպէյճանական Փորձերն  Ու Միջազգային Հանրութեան Արձագանգի  Բացակայութիւնը Կը Վտանգեն Ամբողջ Շրջանը»  Ըսաւ Նախագահ Սարգսեան

«Իրավիճակը Սրելու Ազրպէյճանական Փորձերն Ու Միջազգային Հանրութեան Արձագանգի Բացակայութիւնը Կը Վտանգեն Ամբողջ Շրջանը» Ըսաւ Նախագահ Սարգսեան

Աշխատանքային այցելութեամբ Տաճիկիստան գտնուող Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեան 15 սեպտեմբերին Տուշանպէի մէջ մասնակցած է Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագիրի կազմակերպութեան (ՀԱՊԿ) Հաւաքական անվտանգութեան խորհուրդի նստաշրջանին: Բանակցութիւնները կայացած են նախ նեղ կազմով` Ռուսիոյ, Պիելոռուսիոյ, Ղազախստանի, Հայաստանի, Խըրխըզիստանի, Տաճիկիստանի նախագահներուն եւ կազմակերպութեան գլխաւոր քարտուղարին մասնակցութեամբ: Այնուհետեւ ՀԱՊԿ-ի անդամ պետութիւններու ղեկավարները նիստը շարունակած են ընդլայնուած ձեւաչափով` պատուիրակութիւններու անդամներուն մասնակցութեամբ: ՀԱՊԿ-ի Հաւաքական անվտանգութեան խորհուրդի լիագումար...

Ռուստամեան. «Մեր Այսօրուան «Այո»-ն  Մեր Հետեւողական «Ոչ»-ն Է 95 Թուականի  Հակաժողովրդական Սահմանադրութեանը»

Ռուստամեան. «Մեր Այսօրուան «Այո»-ն Մեր Հետեւողական «Ոչ»-ն Է 95 Թուականի Հակաժողովրդական Սահմանադրութեանը»

ՀՅԴ Բիւրոյի քաղաքական ներկայացուցիչ, Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան ղեկավար Արմէն Ռուստամեան Ազգային ժողովի յայտարարութիւններուն ժամուն զրուցելով լրագրողներուն հետ յայտնած է, որ Դաշնակցութիւնը համոզուած է, որ նոր սահմանադրական կարգի ընդունումը նոր էջ պիտի բանայ Հայաստանի համընդհանուր զարգացման համար` հիմը դնելով ժողովուրդի կամքի գործադրութեան նոր, արդիական պետական համակարգի: Ըստ անոր, ատիկա պիտի փոխէ սպառած եւ վարկաբեկուած գործող պետական կառավարման ձեւը եւ քաղաքական-իրաւական...

Յ. Բագրատունի Այցելեց  Բանակի Հրամանատարին

Յ. Բագրատունի Այցելեց Բանակի Հրամանատարին

Զօր. Քահուաժի եւ Բագրատունի ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի երէկ կէսօրին Եարզէի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժիի հետ: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան ապահովական իրադարձութիւնները, որոնց լոյսին տակ Յ. Բագրատունի զօրակցութիւն յայտնեց երկրին կայունութեան եւ անվտանգութեան հսկող լիբանանեան բանակին:

«Լիբանանի Հետ, Հայութեան Համար»  Խորագիրով Առաջին Ձեռնարկին.  «Քաղաքացիական Պատերազմի 40-Ամեակի  Համաժողովրդային Նշումը Յարգանքի  Տուրք Է Զոհուած Տղոց Եւ Ղեկավարութեան»  Հաստատեց Յակոբ Լատոյեան

«Լիբանանի Հետ, Հայութեան Համար» Խորագիրով Առաջին Ձեռնարկին. «Քաղաքացիական Պատերազմի 40-Ամեակի Համաժողովրդային Նշումը Յարգանքի Տուրք Է Զոհուած Տղոց Եւ Ղեկավարութեան» Հաստատեց Յակոբ Լատոյեան

Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ «Քրիստափոր» կոմիտէութեան, երէկ` երեքշաբթի, 15 սեպտեմբերի երեկոյեան ժամը 8:00-ին «Տիրան Պապիկեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի 40-ամեակին նուիրուած ձեռնարկ` «Լիբանանի հետ, հայութեան համար» խորագիրով: Լիբանանի եւ Հայաստանի քայլերգներու ունկնդրութենէ ետք բացման խօսքը արտասանեց Շողեր Գառնեշեան-Մխճեան, որ դիտել տուաւ, թէ ժողովրդային հանդիսութիւններուն համար ընտրուած կարգախօսը` «Լիբանանի հետ, հայութեան համար», լաւագոյն եւ հարազատ կերպով կ՛արտայայտէ իրենց կեանքը ժողովուրդին...

Նախագահ Սերժ Սարգսեան Հանդիպում  Ունեցած Է Տաճիկիստանի Նախագահին Հետ

Նախագահ Սերժ Սարգսեան Հանդիպում Ունեցած Է Տաճիկիստանի Նախագահին Հետ

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեան 14 սեպտեմբերին Տուշանպէի մէջ հանդիպում ունեցած է Տաճիկիստանի նախագահ Էմոմալի Ռահմոնի հետ: Վկայակոչելով Տաճիկիստանի «Հովար» ազգային լրատու գործակալութիւնը` «Արմէնփրես» կը հաղորդէ, որ երկու բարեկամ երկիրներու նախագահները կարծիքներ փոխանակած են բարեկամական յարաբերութիւններու եւ փոխշահաւէտ համագործակցութեան ընդլայնման հարցերուն վերաբերեալ: Էմոմալի Ռահմոն` ողջունելով նախագահ Սերժ Սարգսեանը, վստահութիւն յայտնած է այն մասին, որ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահին այցելութիւնը լուրջ լիցք...

Արցախի Նախագահը Ծանօթացած Է  Սահմանագիծին Վրայ Տիրող Վիճակին

Արցախի Նախագահը Ծանօթացած Է Սահմանագիծին Վրայ Տիրող Վիճակին

  Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան 14 սեպտեմբերին այցելած է հանրապետութեան հարաւարեւելեան սահմանագիծերէն մէկը, ծանօթացած հոն տիրող իրավիճակին եւ զինուորներու ծառայութեան ընթացքին: Բակօ Սահակեան երախտագիտութիւն յայտնած է զինուորներուն` երկրին սահմանները անսասան պահելու, մարտական բարձր ոգի եւ հայրենասիրութիւն ցուցաբերելու համար` ընդգծելով, որ զինուած ուժերու մարտունակութեան հետեւողական բարձրացումը եղած է եւ կը մնայ պետութեան առջեւ ծառացած կարեւորագոյն խնդիրներէն մէկը: Նախագահին կ՛ընկերակցէին Լեռնային...

Թուրքիան Կը Շարունակէ Լարել Իրավիճակը Երկրին Մէջ

Թուրքիան Կը Շարունակէ Լարել Իրավիճակը Երկրին Մէջ

Երէկ` լրագրողներու հետ հանդիպումի մը ընթացքին, Թուրքիոյ մէջ  ծաւալուող վերջին իրադարձութիւններուն եւ հայկական համայնքին վրայ անոնց ազդեցութեան մասին խօսեցան ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, ՀՅԴ Բիւրոյի Հայ դատի եւ քաղաքական հարցերու գրասենեակի պատասխանատու Կիրօ Մանոյեան, «Ակօս» շաբաթաթերթի հայերէն էջերու խմբագիր Բագրատ Էստուքեան եւ լրագրող, վերլուծաբան Վիգէն Չըթըրեան: Կիրօ Մանոյեանի համաձայն, յունիս ամսուան աւարտին արդէն նախանշանը գոյութիւն ունէր, որ Թուրքիոյ մէջ տեղի ունեցած ...

Արցախի Տեղական Ինքնակառավարման  Մարմիններու Ընտրութիւններ.  ՀՅԴ-ի Սատարած 40 Թեկնածուներէն  32-ը Ընտրուած Են

Արցախի Տեղական Ինքնակառավարման Մարմիններու Ընտրութիւններ. ՀՅԴ-ի Սատարած 40 Թեկնածուներէն 32-ը Ընտրուած Են

«Ապառաժ» կը հաղորդէ, որ 13 սեպտեմբերին Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան մէջ կատարուեցաւ տեղական ինքնակառավարման մարմիններու ընտրութիւն: Լեռնային Ղարաբաղի Կեդրոնական ընտրական յանձնախումբը արդէն ներկայացուցած է Ստեփանակերտի, շրջանային կեդրոններուն եւ համայնքներուն մէջ տեղի ունեցած ընտրութիւններուն  նախնական արդիւնքները: ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական կոմիտէի անդամ, գրասենեակի պատասխանատու Արա Պուլուզեան յայտնած է, որ ՀՅԴ-ի շրջանային կառոյցները սատարեցին համայնքի ղեկավարներու եւ աւագանիի մօտաւորապէս 40 թեկնածուներու, որոնցմէ 32 հոգի...

Պէյրութի Մէջ.  Բրիտանիոյ Վարչապետը Զօրակցութիւն  Կը Յայտնէ Լիբանանին

Պէյրութի Մէջ. Բրիտանիոյ Վարչապետը Զօրակցութիւն Կը Յայտնէ Լիբանանին

Քամերոն եւ Սալամ Բրիտանիոյ վարչապետ Տէյվիտ Քամերոն երէկ քանի մը ժամուան համար այցելեց Լիբանան, ուր այցելեց Զահլէի եւ Թըրպոլի մէջ գտնուող սուրիացի գաղթականներուն եւ հանդիպումներ ունեցաւ վարչապետ Թամմամ Սալամի եւ բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժիի հետ: Քամերոն երէկ առաւօտեան ժամը 6:00-ին զինուորական ուղղաթիռով մը հասաւ Ռայաքի զինուորական օդակայան, ուրկէ ուղղուեցաւ Թըրպոլ եւ Զահլէ, ուր ան ստուգեց սուրիացի գաղթականներուն վրանաքաղաքները: Քամերոն,...

Շնորհակալական Խօսք Հայաստանի Հանրապետութեան. ՄԱԿ-ի Ընդհանուր Ժողովը 9 Դեկտեմբերը Հռչակեց Ցեղասպանութիւններու Զոհերու Յիշատակի Օր

Շնորհակալական Խօսք Հայաստանի Հանրապետութեան. ՄԱԿ-ի Ընդհանուր Ժողովը 9 Դեկտեմբերը Հռչակեց Ցեղասպանութիւններու Զոհերու Յիշատակի Օր

ՄԱԿ-ի ընդհանուր ժողովը որդեգրեց նոր բանաձեւ մը` 9 դեկտեմբերը հռչակելով ցեղասպանութիւններու զոհերու յիշատակի ոգեկոչման միջազգային օր: globalr2p.org կայքը կը նշէ, որ այս կապակցութեամբ Պաշտպանութեան համար պատասխանատուութիւն կրող համաշխարհային կեդրոնը առանձնայատուկ շնորհակալական խօսք յղած է Հայաստանի Հանրապետութեան` բանաձեւի որդեգրման գործին մէջ ունեցած մեծ ներդրումին համար: Կը նշուի, որ 2014 եւ 2015 թուականներու ընթացքին միջազգային ընտանիքը ոգեկոչած է նախորդ դարուն կատարուած ամէնէն...

Տեղական Ինքնակառավարման Մարմիններու  Ընտրութիւններ` Հայաստանի Հանրապետութեան  Եւ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան Մէջ

Տեղական Ինքնակառավարման Մարմիններու Ընտրութիւններ` Հայաստանի Հանրապետութեան Եւ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան Մէջ

Կիրակի, 13 սեպտեմբերին Հայաստանի Հանրապետութեան  եւ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան կարգ մը համայնքներու մէջ տեղի ունեցած են տեղական ինքնակառավարման մարմիններու ընտրութիւններ: Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ համայնքի ղեկավարներ ընտրած են Արագածոտնի, Արմաւիրի, Գեղարքունիքի, Լոռիի, Կոտայքի, Վայոց ձորի, Շիրակի, Սիւնիքի եւ Տաւուշի մարզերուն բնակիչները: Տեղական ինքնակառավարման մարմիններու ընտրութիւններ տեղի ունեցած են Արցախի ամբողջ տարածքին` 207 համայնքներուն մէջ: 200 համայնքներու աւագանիի անդամներու  1022 տեղերուն համար...

«Ոչ»-ի Ճակատը Կը Յայտարարէ  «Համաժողովրդական Դիմադրութիւն»  Նախաձեռնելու Մասին

«Ոչ»-ի Ճակատը Կը Յայտարարէ «Համաժողովրդական Դիմադրութիւն» Նախաձեռնելու Մասին

Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանի նախաձեռնած սահմանադրական փոփոխութիւններուն դէմ արտայայտուող «Ոչ»-ի ճակատը յայտարարութիւն տարածած է` նշելով, որ իր նպատակն է կասեցնել սահմանադրական փոփոխութեան հոլովոյթը եւ իշխող վարչախումբի վերարտադրութիւնը: «Այդ նպատակին հասնելու համար համախմբուած ենք իբրեւ «ՈՉ»-ի ճակատ, նախաձեռնած ենք համաժողովրդական դիմադրութեան եւ Հայաստանի քաղաքացիներուն եւ հասարակական-քաղաքական բոլոր միաւորներուն կոչ կ՛ուղղենք միանալու երկրին մէջ ծաւալուող պայքարին», ըսուած է յայտարարութեան մէջ, որուն տակ...

Հովանաւորութեամբ Եւ Ներկայութեամբ  Արամ Ա. Կաթողիկոսին.  Հայութիւնը Մեծ Շուքով Տօնեց Մուսա Լերան  Հերոսամարտին 100-Ամեակը  Եւ Այնճարի Հիմնադրութեան 75-Ամեակը

Հովանաւորութեամբ Եւ Ներկայութեամբ Արամ Ա. Կաթողիկոսին. Հայութիւնը Մեծ Շուքով Տօնեց Մուսա Լերան Հերոսամարտին 100-Ամեակը Եւ Այնճարի Հիմնադրութեան 75-Ամեակը

Շաբաթ, 12 սեպտեմբեր 2015-ի երեկոյեան, Այնճարի Ս. Պօղոս  եկեղեցւոյ դիմաց գտնուող հրապարակին վրայ տեղի ունեցաւ պաշտօնական դիմաւորութիւն  Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին եւ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեանի: Վեհափառ հայրապետին դիմաւորեցին ՄԱՀԱԵՄ-ի կեդրոնական մարմինի ատենապետ վեր. Րաֆֆի Մսըրլեան, Վարուժան արք. Հերկելեան, գիւղի հոգեւոր հայրերը, Հայաստանի նախկին արտաքին գործոց նախարար Րաֆֆի Յովհաննէսեան, ՀՅԴ Բիւրոյէն, Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէէն...

Page 745 of 795 1 … 744 745 746 … 795

Արխիւներ