Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՔԱԿ Վերջ Տուաւ Թուրքիոյ Հետ Միակողմանի Զինադադարին

Նոյեմբեր 6, 2015
| Գլխաւոր լուրեր, Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

PKK_110515

Թրքական «Ճումհուրիյէթ» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ Քրտական աշխատաւորական կուսակցութիւնը (ՔԱԿ) 5 նոյեմբերին յայտարարած է, որ վերջ կու տայ Թուրքիոյ իշխանութիւններուն հետ միակողմանի զինադադարին:

ՔԱԿ-ի կողմէ հրապարակուած յայտարարութեան մէջ կը նշուի. «Հրացանաձգութեան միակողմանի դադրեցումին վերջ տրուեցաւ թրքական իշխող կուսակցութեան զինուորական քաղաքականութեան եւ վերջին յարձակումներուն պատճառով»:

ՔԱԿ միակողմանի զինադադար յայտարարած էր Թուրքիոյ մէջ 1 նոյեմբերի արտակարգ խորհրդարանական ընտրութիւններէն առաջ` 10 հոկտեմբերին:

Քրտական համայնքներու խորհուրդը, որ կը հանդիսանայ ՔԱԿ-ի քաղաքացիական թեւը, այդ առնչութեամբ տարածած յայտարարութեան մէջ ընդգծած է, որ ժամանակը ցոյց տուաւ, որ Թուրքիոյ իշխող Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութիւնը ջնջած է քրտական խնդիրի լուծման «Տոլմապահչէի համաձայնութիւն»-ը:

«Միակողմանի զինադադարին վերջ տրուած է Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան պատերազմի քաղաքականութեան եւ իրականացուցած յարձակումներուն պատճառով», կ՛ըսուի յայտարարութեան մէջ:

«1 նոյեմբերի ընտրութիւններէն ետք, Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութիւնը յայտարարեց, որ պիտի շարունակէ պատերազմի կառավարութիւնը: Ո՛չ քրտական Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութիւնը, ո՛չ Թուրքիոյ որոշ շրջանակներն ու արտաքին ուժերը բախումներու մթնոլորտ կը փափաքին: Մենք միշտ յայտարարած ենք երկկողմանի զինադադարի պատրաստ ըլլալու մասին: Սակայն, ինչպէս կարելի չէ Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան ներկայ քաղաքականութեան մթնոլորտին մէջ չշարունակել գործողութիւնները, այնպէս ալ կարելի չէ այդպիսի քաղաքականութեան պայմաններուն մէջ զերծ մնալ բախումներէ: Ակնյայտ է, որ բախումներէ զերծ մնալ կարելի է միայն թրքական պետութեան կողմէ քրտական խնդիրին լուծման համար կամք դրսեւորելու եւ լուծում գտնելու ուղղուած բանակցութիւններու սկսելու պարագային: Թէ ոչ մեր միակողմանի կամքով ո՛չ կարելի է զերծ մնալ բախումներէն, ո՛չ ալ արդիւնքի հասնիլ քրտական խնդիրի լուծման մէջ», կ՛ըսուի յայտարարութեան մէջ:

Յիշեցնենք, որ Էրտողան չորեքշաբթի օր իր արտասանած ճառին մէջ խոստացած էր շարունակել ՔԱԿ-ի եւ ՏԱՀԵՇ-ի դէմ զինուորական գործողութիւնները:

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ֆերիտուն Սինիրլիօղլու երէկ յայտնեց. «ՏԱՀԵՇ ահաբեկչական խմբաւորման դիմակայման առնչութեամբ մեր ծրագիրները պատրաստ են, եւ անոր դէմ զինուորական միջամտութիւնը ժամանակի հարց է»:

Նախորդը

Էրտողան Սահմանադրական Բարեփոխում Յայտարարեց Եւ Սպառնաց Ընդդիմութեան

Յաջորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

RelatedPosts

Ակնարկ.  Պէյրութը Բոլոր Համայնքներուն Մայրաքաղաքն Է
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Պէյրութը Բոլոր Համայնքներուն Մայրաքաղաքն Է

Մայիս 14, 2025
ՀՅԴ-ի Այնճարի Քաղաքապետական Խորհուրդի  Առաջադրած Ցանկը Ընտրուած Է` Մրցակիցի  Չգոյութեան Բերումով
Գաղութային

ՀՅԴ-ի Այնճարի Քաղաքապետական Խորհուրդի Առաջադրած Ցանկը Ընտրուած Է` Մրցակիցի Չգոյութեան Բերումով

Մայիս 14, 2025
Թրամփ. «Պատրաստ Ենք Լիբանանին Օգնելու  Տնտեսական Բարգաւաճման Եւ Իր Դրացիներուն Հետ  Խաղաղութեան Ապագայ Կառուցելու Համար»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Եւ Սալման Երկու Երկիրներուն Միջեւ Ռազմավարական Տնտեսական Գործընկերութեան Փաստաթուղթ Ստորագրեցին

Մայիս 14, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?