Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ս. Փեթերսպուրկի Մէջ Կոմիտաս Վարդապետի Յուշարձանի Պաշտօնական Բացում

Նոյեմբեր 9, 2015
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

gomidas_110815

«Արմէնփրես» կը հաղորդէ, որ պաշտօնական այցելութեամբ Ս. Փեթերսպուրկ գտնուող Երեւանի քաղաքապետ Տարօն Մարգարեան Ռուսիոյ հիւսիսային մայրաքաղաքի նահանգապետ Կէորկի Փոլթաւչենքոյի հետ մասնակցած է հայ ազգային դասական երաժշտական դպրոցի հիմնադիր, մեծ երգահան Կոմիտաս վարդապետի յուշարձանի բացման հանդիսաւոր արարողութեան:

Ներկայ գտնուած են նաեւ Ռուսիոյ մէջ Հայաստանի դեսպան Օլեկ Եսայեանը, Ս. Փեթերսպուրկի մէջ Հայաստանի գլխաւոր հիւպատոս Հրայր Կարապետեանը եւ Երեւանի քաղաքապետարանի ներկայացուցչութեան ղեկավար Արմենակ Կարապետեանը, տեղւոյն հայ համայնքի ներկայացուցիչներ, բազմաթիւ փեթերսպուրկցիներ:

Իր խօսքին մէջ Կէորկի Փոլթաւչենքոն կարեւոր նկատած է հայ¬ռուսական դարաւոր բարեկամութիւնը` դիտել տալով, որ Ս. Փեթերսպուրկի մէջ յուշարձանի կանգնեցումը երկու ժողովուրդներու անխախտ բարեկամութեան վկայութիւնն է` յատկապէս նկատի առնելով այն հանգամանքը, թէ հայերուն համար ի՛նչ դեր ու արժէք ունի Կոմիտաս վարդապետը: «Զուգադիպութիւն չէ, որ Կոմիտաս վարդապետի յուշարձանը կը կանգնեցուի Վասիլէոսթրովսքի վարչական շրջանին մէջ, արդարեւ, այս շրջանին մէջ է, որ ի սկզբանէ բնակութիւն հաստատած ու այսօր ալ կ՛ապրին մեծ թիւով հայեր: Մշակութային կեդրոն նկատուող Ս. Փեթերսպուրկի մէջ աշխարհահռչակ երգահանի յուշարձանին տեղադրումը նաեւ օրինաչափ է: Կոմիտասը հայ ժողովուրդի հանճարեղ զաւակն է, անձ մը, որ աշխարհի բազմաթիւ երկիրներուն մէջ քարոզած եւ փառքով պսակած է հայկական երաժշտութիւնը: Անոր մշակոյթը գերած էր աշխարհի բազմաթիւ երաժիշտներ», հաստատած է նահանգապետը:

Ողջոյնի իր խօսքին մէջ Ռուսիոյ մէջ Հայաստանի դեսպան Օլեկ Եսայեան իր կարգին նախ շնորհակալութիւն յայտնած է Ս. Փեթերսպուրկի կառավարութեան` մեծն Կոմիտասի յուշարձանին կանգնեցման առնչութեամբ ցուցաբերած մեծ պատրաստակամութեան համար` նկատել տալով, որ անիկա իրօք երկու ժողովուրդներուն բարեկամութեան լաւագոյն խորհրդանիշն է:

Ողջոյնի խօսքով հանդէս եկած է նաեւ Երեւանի գլխաւոր ճարտարապետ Տիգրան Բարսեղեան: Ապա Երեւանի քաղաքապետ Տարօն Մարգարեանն ու նահանգապետ Կէորկի Փոլթաւչենքոն` աշխարհահռչակ տուտուկահար Ջիւան Գասպարեանի կենդանի նուագակցութեամբ կատարած են յուշարձանի բացումը:

Այնուհետեւ Հայ առաքելական եւ Ռուս ուղղափառ եկեղեցիներու ներկայացուցիչները կատարած են Կոմիտաս վարդապետի յուշարձանի օրհնութեան կարգ, որմէ ետք ծաղիկներ զետեղուած են անոր առջեւ: Կոմիտաս վարդապետի 3,3 մեթր բարձրութեամբ եւ 1,7 մեթր պատուանդանով կրանիթէ յուշարձանին հեղինակը Ռուսիոյ նկարիչներու միութեան անդամ, Ս. Փեթերսպուրկի գեղարուեստա-արդիւնաբերական ակադեմիայի վարիչ Լեւոն Բէյբութեանն է, ճարտարապետը` Մաքսիմ Աթայեանցը:

 

Նախորդը

Ազրպէյճան Բուռն Կերպով Կը Հակազդէ Ուորլիքի Թուիթըրեան Գրառումին

Յաջորդը

Նալբանդեան Հանդիպում Ունեցած Է Միացեալ Նահանգներու Արտաքին Գործոց Նախարարի Տեղակալին Հետ

RelatedPosts

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Պատուիրակութիւնը Այցելեց Վահան Թէքէեան Եւ Հայ Կաթողիկէ Ս. Խաչ-Հարպոյեան Բարձրագոյն Վարժարաններ
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Պատուիրակութիւնը Այցելեց Վահան Թէքէեան Եւ Հայ Կաթողիկէ Ս. Խաչ-Հարպոյեան Բարձրագոյն Վարժարաններ

Հոկտեմբեր 24, 2025
Թրամփ. «Փութինի Հետ Հանդիպումս Ջնջեցի»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Փութինի Հետ Հանդիպումս Ջնջեցի»

Հոկտեմբեր 24, 2025
Կառավարութիւնը Կը Վերահաստատէ Իր Յանձնառութիւնը` Խորհրդարանական Ընտրութիւնները Իրենց Ժամկէտին Կատարելու
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութիւնը Կը Վերահաստատէ Իր Յանձնառութիւնը` Խորհրդարանական Ընտրութիւնները Իրենց Ժամկէտին Կատարելու

Հոկտեմբեր 24, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?