Երէկ առաւօտեան, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը ընդունեց այցելութիւնը Անգլիոյ թագաւորական սիմֆոնիք նուագախումբի ղեկավարներէն, «Թռչնոց բոյն»-ի նախկին սան Վարդան Մելքոնեանի, ընկերակցութեամբ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի Լիբանանի կեդրոնական մարմինի անդամներուն:
Մելքոնեան վեհափառին յայտնեց Լիբանան այցելելու պատճառն ու զեկուցեց Ցեղասպանութեան տարիներուն հայ ժողովուրդին նկատմամբ նուիրուածութեան օրինակ հանդիսացած Մարիա Ճէյքըպսընի յիշատակին տեղի ունենալիք համերգին մասին:
Վեհափառ հայրապետը բարձր գնահատեց Վարդան Մելքոնեանի երախտագիտական մօտեցումները եւ «Թռչնոց բոյն» հաստատութեան նկատմամբ իր հետեւողական կապուածութիւնը: