Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մամլոյ Ասուլիս` Վարդան Մելքոնեանին Հետ

November 11, 2015
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

vartan_111015

Երէկ` երեքշաբթի, 10 նոյեմբեր 2015-ին Պուրճ Համուտի Ազգային առաջնորդարանին մէջ տեղի ունեցաւ մամլոյ ասուլիս մը` կազմակերպութեամբ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի Լիբանանի կեդրոնական մարմինին: Կեդրոնական մարմինի ատենապետ Սեդա Խտըշեան բարի գալուստ մաղթեց բոլորին եւ բացուած յայտարարեց ասուլիսը` ներկայացնելով զեկուցաբեր Վարդան Մելքոնեանը, որ խմբավարն է Լոնտոնի «Ռոյըլ» ֆիլհարմոնիք նուագախումբին: Ան ըսաւ, թէ 19 նոյեմբերին տեղի ունենալիք հանդիսութիւնը եզրափակիչ ձեռնարկն է Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի ծիրին մէջ տեղի ունեցած ձեռնարկներուն եւ տեղի կ՛ունենայ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի Լիբանանի կեդրոնական մարմինին նախաձեռնութեամբ ու գործակցութեամբ Պաալպեքի միջազգային փառատօնին, ապա աւելցուց, որ ձեռնարկը առիթ մըն է շնորհակալութիւն յայտնելու մարդկութեան եւ մանաւանդ բոլոր անոնց, որոնք միջամտած են Հայոց ցեղասպանութենէն ճողոպրած որբերը հաւաքելու ու պահելու եւ մեր վերապրումին մասնակից դարձած են:

Վարդան Մելքոնեան նախ երախտապարտութեան իր խօսքը յայտնեց կեդրոնական մարմինին եւ Պաալպեքի միջազգային փառատօնին` այս առիթին ու գործակցութեան համար, ապա պատասխանելով իրեն ուղղուած հարցումներուն ըսաւ. «Մարդիկ զմայլելով կը նային ծառին ու կ՛ըսեն, թէ ինչքա՜ն գեղեցիկ է, բայց իրականութեան մէջ կը մոռնան, որ ծառը իր այդ գեղեցկութեան հասնելու համար անցած է երկար ու դժուարին ճամբայ: Մանկութիւնս ու անցեալս կապուած են Մարիա Ճէյքըպսընին հետ, որ ոչ միայն կը խնամէր, այլեւ իմ հոգեւոր մայրս էր: Ան մեզի կը նուագէր ու իրեն հետ եկեղեցին կ՛երգէինք: Այս բոլորը թէեւ պզտիկ մանրամասնութիւններ են, բայց հետագային նպաստեցին իմ երաժշտական կազմաւորումիս»: Ան ամփոփ կերպով ներկայացուց, թէ ինչպէ՛ս հեռացած է «Թռչնոց բոյն»-էն ու կեանքը շարունակած Պէյրութի փողոցներուն մէջ, ինչպիսի՛ փորձառութիւններ ունեցած է, բայց միշտ ալ վերադառնալով Ժիպէյլ` Ճէյքըպսընի քով, զոր կը կոչէր «Մամա»:

Ան հաստատեց, որ կեանքը լեցուն է առիթներով եւ մէկ վայրկեանն անգամ բաւարար է կեանք մը ամբողջութեամբ փոխակերպելու:

Իսկ ինչ կը վերաբերի ձեռնարկին, Մելքոնեան ըսաւ, թէ անիկա պիտի նուիրուի Մարիա Ճէյքըպսընին` ոգեկոչելու անոր կեանքը, յիշելու անոր մարդկային վեհ գործունէութիւնը եւ անցած ճամբան: Ճէյքըպսըն իր երկրին մէջ հանգիստը ձգելով քաջաբար անցած է Խարբերդ եւ կեանքը տրամադրած որբերուն հոգ տանելու: Ան միայնակ դիմագրաւած է ամէն դժուարութիւն, իսկ Համաշխարհային Ա. պատերազմին չէ ուզած վերադառնալ իր երկիրը, այլ կեանքը նուիրած է հայ որբերու խնամքին:

Ան ըսաւ, թէ Արեւմուտքի մէջ, նոյնիսկ Լոնտոնի սրտին մէջ բազմաթիւ ձեռնարկներ կազմակերպած ու նուիրած է իր մօր` Մարիա Ճէյքըպսընին: Լիբանան միշտ ալ եղած է, բայց առաջին անգամն է, որ այսքան մեծ տարողութեամբ ու հասարակութեան լայն խաւին պիտի ներկայացնէ իր արուեստը: Ուրախ է առիթին համար եւ բախտաւոր է,  որ ՄԱԿ-ի մարդկային իրաւանց գրասենեակի ներկայացուցիչն ալ ներկայ պիտի ըլլայ:

Ձեռնարկին մասին խօսելով Մելքոնեան յայտնեց, որ պիտի ներկայացնէ դասական երաժշտութիւն: Յայտագիրի առաջին բաժինով պիտի ներկա֊յացուի Արամ Խաչատուրեանի «Սուրերու պարը», Ճէյքըպսընի նախասիրած` Պեթհովենի 6-րդ նշանաւոր համանուագը,  նաեւ հին արեւելեան երաժշտութիւն, զոր Մելքոնեան վերամշակելով վերածած է արեւելեան – դասական երաժշտութեան` նպատակ ունենալով Մարիա Ճէյքըպսընի կապը Լիբանանի հետ յաւերժապէս ամրապնդել: Երկրորդ բաժինով Վարդան Մելքոնեան պիտի ներկայաց֊նէ յատուկ համանուագ մը, որ առնչուած է Մարիա Ճէյքըպսընի: Խում֊բը կը բաղկանայ 70 երաժիշտներէ: Մասնակցութիւն պիտի բերեն նաեւ Անգլիայէն, Փարիզէն, Հայաստանէն հրաւիրուած երաժիշտներ:

Ինչ կը վերաբերի իր ասպարէզին, Մելքոնեան յայտնեց, որ երաժշտական մասնագիտական կրթութիւն չէ ստացած, բայց շնորհիւ իր բնական տաղանդին, իր հայութեան, մանաւանդ մանկութեան օրերուն դասական երաժշտութեան հետ կապ ունենալով, ապա տքնաջան աշխատանքին, յաջողած է մեծ ոստում կատարել եւ յաջողութիւն ձեռք բերել երաժշտական ասպարէզին մէջ:   Կը հաւատայ, որ լաւ պատրաստութիւնը, յամառ աշխատանքը բանալին են ամէն յաջողութեան:

Ինչ կը վերաբերի իր անունին, ան ըսաւ, որ միշտ հպարտ եղած է իր անունով, երբեք պէտք չէ զգացած իր անունը փոխելու: Ան միշտ մնացած է Վարդան Մելքոնեան:

Ան ըսաւ, որ ամէն անգամ, որ կ՛այցելէ Լիբանան, կ՛երթայ «Թռչնոց բոյն», որովհետեւ հոն իր տունը եղած է:

Վարդան Մելքոնեան եզրափակեց ասուլիսը ըսելով. «Թէեւ կ՛ըսուի, որ ամէն գեղեցիկ բան աւարտ մը կ՛ունենայ, բայց կը հաւատամ, որ բանականութիւնը չունի  աւարտ, չ՛աւարտիր մահով, այլ կը շարունակուի ու կը զարգանայ սերունդէ-սերունդ: Տղաս կը շարունակէ ասպարէզը երաժշտական ասպարէզին մէջ… Ես նոյնպէս միշտ առջեւ կը նայիմ ու կը պատրաստուիմ նոր համանուագի աշխատանքներուն: Կը յաջողին անոնք, որոնք առջեւ կը նային»:

 

Նախորդը

ԳՈՀԱՐ Կը Սատարէ 100 Կարիքաւոր Աշակերտներու Ուսման

Յաջորդը

Հաղորդագրութիւն

RelatedPosts

Կիլիկիա Վերլուծական Հարթակի Հերթական Առցանց Նիստ
Գաղութային

«Կիլիկիա Վերլուծական Հարթակ»ի հերթական առցանց նիստ

February 2, 2026
Թրամփ Յայտարարած Է, Որ Իրան Կը Բանակցի Միացեալ Նահանգներու Հետ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Յայտարարած Է, Որ Իրան Կը Բանակցի Միացեալ Նահանգներու Հետ

February 2, 2026
Միացեալ Նահանգներու Մասնակցութեամբ Ուքրանիոյ Եւ Ռուսիոյ Բանակցութիւնները Տեղի Պիտի Ունենան Յաջորդ Շաբաթ Ապու Տապիի Մէջ
Գլխաւոր լուրեր

Միացեալ Նահանգներու Մասնակցութեամբ Ուքրանիոյ Եւ Ռուսիոյ Բանակցութիւնները Տեղի Պիտի Ունենան Յաջորդ Շաբաթ Ապու Տապիի Մէջ

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.