ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի «Անուար» օրաթերթին հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին շեշտեց, որ երկրին մէջ տիրող հարցերուն եւ քաղաքական հիմնական տագնապին պատճառները սահմանադրութիւնը խախտելու եւ ապօրինի քայլերու դիմելու նախընթացներն են, ինչպէս նաեւ անվստահութիւնն է` ոչ միայն կառավարութեան պարագային, այլեւ ամբողջ իշխանութեան նկատմամբ, հասնելով մինչեւ քաղաքապետարանները, հոգեւորականները, քաղաքական անձնաւորութիւններն ու խորհրդարանը:
«Այս պատճառով քաղաքական ուժերն ու հոգեւոր հեղինակութիւնները չեն կրցած ժողովուրդին վստահութիւնը շահիլ` իրենց կատարած օրինազանցութիւններուն, փտածութեան եւ ցարդ չգործադրուած անվերջ խոստումներուն պատճառով», ըսաւ ան:
Յ. Բագրատունի նշեց, որ դժբախտաբար երկրին իշխանութիւնները իրենց նոյն ընթացքով կը շարունակեն, եւ այդ պատճառով ալ անկարելի կը դառնայ լուծել երկրին հարցերը: «Այս կացութիւնը բացատրելու լաւագոյն օրինակներն են աղբի տագնապին ստեղծումն ու բանակայիններուն ամսաթոշակները ապահովելու իմաստով յապաղումը», նշեց ան` աւելցնելով, որ այս մթնոլորտին մէջ ինք ինչպէ՛ս պիտի ընդունի Պուրճ Համուտի աղբանոցին վերաբացումը, երբ 20 տարի շարունակ անոր լուծում չէ գտնուած` սուտ խոստումներուն պատճառով: «Ի՞նչ են այն երաշխիքները, որոնք կրնամ ստանալ համակեցութեան տիպար օրինակ նկատուող շրջանին` Պուրճ Համուտի բնակիչները այդ աղբանոցը վերաբանալու իմաստով համոզելու», հարց տուաւ երեսփոխան Բագրատունի:
Աղբի տագնապին արդար լուծման հեռանկարները քննարկելու մասին հարցումի մը պատասխանելով` Յ. Բագրատունի շեշտեց, որ անվստահութեան կողքին կան նաեւ անարդար ըլլալու եւ անհաւասարութեան իրականութիւնները` նշելով, որ աղբի տագնապին լուծման առումով կառավարութիւնը դատարկ օղակի մը շուրջ կը դառնայ: Ան աւելցուց նաեւ, որ ինք մտավախութիւն ունի, թէ այդ հարցը կրնայ երկրին դէմ դաւադրութեան վերածուիլ` ժողովրդավարութեան, ազատութեան եւ ազատ խօսքի պիտակին տակ քաղաքական եւ հոգեւոր հեղինակութիւններուն պատկերը աղաւաղելու ընդմէջէն:
«Այսօր սակայն կարեւորագոյնը աղբի տագնապին լուծումն է, որ հաւանաբար կարելի է կատարել աղբը երկրէն դուրս հանելով: Մեր պարտականութիւնն է այս հանգրուանին հանգստացնել ժողովուրդը եւ աղբը ղրկել այն երկիրները, որոնք այս առեւտուրով կը զբաղին, որովհետեւ Լիբանանի մէջ նման առեւտուր չկայ, այլեւ կան անձնական համաձայնութիւններ, որոնց պատճառով ալ այս կացութեան մատնուած ենք», յայտնեց ան:
Յ. Բագրատունի ընդգծեց երկխօսութեան նիստերը շարունակելու անհրաժեշտութիւնը, նոյնիսկ եթէ անոնք ապարդիւն դուրս կու գան: Ան նշեց, որ Լիբանան առանձնացած կղզի մը չէ եւ կ՛ազդուի շրջանային իրադարձութիւններէն:
Պատասխանելով նախագահական ընտրութեան մասին հարցումի մը` Յ. Բագրատունի շեշտեց, որ հակառակ անոր որ լիբանանցիները չափահաս են, սակայն անոնք իրենց ներքին հարցերը չեն կրնար լուծել, որովհետեւ մնայուն կերպով արտաքին աշխարհէն կախեալ են:
«Ցաւ ի սիրտ եւ լիբանանցիներէն ամչնալով հարց կու տամ, թէ ինչպէ՞ս հանրապետութեան նախագահ պիտի ընտրենք, երբ աղբին տագնապը չենք կրնար լուծել: Այս դիտանկիւնէն մեկնելով կ՛ըսեմ, որ նախագահական ընտրութիւնը մօտալուտ չէ, բացի եթէ այդ նպատակով արաբական եւ միջազգային համախոհութիւն գոյանայ` Եմէնի տագնապը լուծելէ եւ Սուրիոյ տագնապին լուծման նշոյլները գտնելէ ետք», շեշտեց ան:
Յ. Բագրատունի դրական գնահատեց այն իրականութիւնը, որ երկրին ապահովական կայունութիւնը հակակշիռի տակ է` շնորհիւ միջազգային քաղաքական հովանաւորութեան:
Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչը հարցազրոյցը եզրափակեց շեշտեց, որ երկրին հարցերուն օրինակելի լուծումը պետական հաստատութիւններու աշխատանքին վերաշխուժացումն ու ընտրական նոր օրէնքի վաւերացումն է: