Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Վանայ Ձայն». «Թմրամոլութեան Դէմ Պայքարը Պէտք Է Դառնայ Առաջնահերթ Խնդիր, Հաստատուի Կազդուրման Կեդրոն Մը Եւ Աշխատանքները Իրականանան Յաւելեալ Լրջութեամբ».«Բաց Քննարկում»-ի 6-րդ Յայտագիրին Հաստատեց Յակոբ Լատոյեան

Նոյեմբեր 9, 2015
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter
Լուսանկարը` ԴԱԼԱՐ Ա.-ի
Լուսանկարը` ԴԱԼԱՐ Ա.-ի

Հինգշաբթի, 5 նոյեմբեր 2015-ին, «Վանայ ձայն»-էն սփռուեցաւ «Բաց քննարկում»-ի 6-րդ յայտագիրը, որուն նիւթն էր «Թմրամոլութեան երեւոյթը, անոր կանխարգիլման միջոցները եւ ընկերութեան դերը»: Յայտագիրը կը պատրաստէ եւ կը ներկայացնէ Րաֆֆի Տեմիրճեան: Ան նշեց, որ թմրեցուցիչի տարածման գլխաւոր պատասխանատուն ընկերութիւնն է, որովհետեւ թմրեցուցիչէ զուրկ միջավայրի մէջ կարելի չէ ունենալ թմրամոլներ: Տեմիրճեան աւելցուց. «Մեր ընկերութեան մէջ թմրեցուցիչ կայ, թմրամոլներ ալ կան, եւ անոնց թիւը օրըստօրէ կ՛աւելնայ: Թմրամոլները մեր ընկերութեան մէկ մասնիկն են, եւ երեւոյթին դէմ պէտք է պայքարիլ հաւաքական, արմատական եւ առարկայական ծրագրուած աշխատանքներով»:

«Բաց քննարկում» յայտագիրի հիւրն էր «Հորիզոն» թմրամոլութեան նախազգուշական կեդրոնի հիմնադիր անդամ եւ ԱՖՀԻԼ-ի տնօրէն Յակոբ Լատոյեան: Ան ըսաւ, որ թմրամոլութիւնը մոլութիւններու ամէնէն շատ ժխտական հետք ձգող մոլութիւնն է, եւ մեր ընկերութեան մէջ այս երեւոյթին դէմ կանգնելու համար 2006 յունիսին գաղութի տարբեր կառոյցներուն գործակցութեամբ ստեղծուեցաւ «Հորիզոն» կեդրոնը:

Լատոյեան յայտնեց, որ «Հորիզոն»-ը հիմնական երեք ճիւղերով կ՛աշխատի` հետեւողական կերպով միութիւններու եւ վարժարաններու մէջ նախազգուշական աշխատանքներ իրականացնել (սեմինար, հրատարակութիւններ, մարաթոն), թմրամոլներու եւ անոր պարագաներուն ուղղութիւններ տալ (բժշկական, հիւանդանոց փոխադրութիւն, ծնողներու հետ կապ) եւ դատական թղթածրարները հետապնդել (բանտեր, իրաւական եւ նիւթական հարցեր):

Անդրադառնալով վարժարաններու մէջ տիրող կացութեան` Լատոյեան հաստատեց, որ մինչեւ այսօր լիբանանահայ վարժարանները զերծ են այս երեւոյթէն, ինչ որ դրական իրագործում է, որ նոյնինքն արդիւնք է տարուած նախազգուշական բազմաբնոյթ աշխատանքներու:

Կազդուրման կեդրոններուն առնչութեամբ, Լատոյեան ըսաւ, որ Լիբանանի կազդուրման կեդրոններուն մէջ 120-140 պարագաներու տեղ կայ եւ համայնքային դրութեան հետեւանքով մեր պարագաներուն ընդունման թիւը շատ փոքր է,  մինչ նաեւ դժուար հանգրուան է կեդրոններէն դուրս գալէ ետք մեր ընկերութեան մէջ ենթականերուն ընդունելի ըլլալու հարցը, որովհետեւ այդտեղ գործի դժուարութիւն կը յառաջանայ, ընկերութիւնը ճիշդ ձեւով չ՛ընդունիր պարագան, եւ այս բոլոր հարցերը պէտք է հետապնդել: Լատոյեան շեշտեց, որ անհրաժեշտ եւ անյետաձգելի ձեւով կարիքը ունինք հաստատելու կազդուրման կեդրոն մը, քանի որ Լիբանանի կեդրոններուն մէջ տեղի հարց կայ, տղաքը հաղորդակցելու հարց ունին:

Գաղութի բոլոր հատուածներուն նախազգուշական աշխատանքներու կարելիութիւններուն գծով Լատոյեան ըսաւ, որ ԱՖՀԻԼ-ի մարզական կեդրոնները, Պուրճ Համուտի քաղաքապետարանի ճիգերով կարգ մը վայրերու լուսաւորումները եւ խաղավայրերու հաստատումը, լիբանանահայ միութիւններու ճիւղաւորուած գործունէութիւնները մեծապէս կը նպաստեն, որ երիտասարդները ունենան զբաղումներ` հեռու մնալով յոռի երեւոյթներէն եւ ի մասնաւորի թմրամոլութենէն, բայց կը մնայ մարդոց մեծ խումբ մը, որ մեր անմիջական միջավայրէն հեռու է, անոնք օտար վարժարաններ կ՛երթան, միութիւններէն ու եկեղեցիէն հեռու են, եւ այս հատուածին վրայ ալ պէտք է աշխատանք տարուի, ինչ որ տակաւին չէ իրականացած:

Րաֆֆի Տեմիրճեան ներկայացուց «Բաց քննարկում» յայտագիրին պատրաստած հարցախոյզին արդիւնքները: Գաղութին մէջ թմրամոլութեան դէմ կատարուած նախազգուշական աշխատանքի արժեւորման հարցին գծով մասնակիցներուն 76,5 տոկոսը տարուած աշխատանքները կը գտնէ անբաւարար, 12 տոկոսը` բաւարար, իսկ 11,5 տոկոսը` գոհացուցիչ: Հարցախոյզի արդիւնքներուն հետ առնչուած Յակոբ Լատոյեան ըսաւ. «Անշուշտ տարուած աշխատանքը անբաւարար է. թղթածրարին աւելի լուրջ պէտք է մօտենանք, յաւելեալ կերպով նախաձեռնող ըլլանք եւ հետեւողական կերպով աշխատինք»:

Հարցախոյզին երկրորդ հարցադրումը կը ներկայացնէր թմրամոլութեան դէմ պայքարելու կարելիութիւնները: Մասնակիցներուն 16,2 տոկոսին կարծիքով` պէտք է իրականացուին նախազգուշական ծրագիրներ, 13,5 տոկոսը համաձայն է, որ ընկերութենէն հեռացուին թմրամոլները, 37,8 տոկոսը համամիտ է, որ ստեղծուի կազդուրման կեդրոն մը, իսկ 32,5 տոկոսը կը հաստատէ, որ երեւոյթին դէմ կարելի է կանգնիլ, երբ ստեղծուի երիտասարդութեան մաքուր միջավայր մը: Լատոյեան յայտնեց, որ թմրամոլը զոհ է, որ իր կամքը կորսնցուցած է, եւ ուստի, պէտք է ենթակային գուրգուրալ, զօրակցիլ, որպէսզի յաղթահարէ դժուարութիւնը:

Լատոյեան շեշտեց, որ թմրեցուցիչի վաճառքը միջնորդներու ճամբով կը հասնի թմրամոլներուն, եւ հայ վաճառողներուն մենք երբեք տիրութիւն պէտք չէ ընենք, չենք կրնար ընել, որովհետեւ հոն սկզբունքի եւ բարոյականութեան հարց կայ:

Երեւոյթին դէմ կանգնելու մարտահրաւէրին գծով Լատոյեան ըսաւ. «Մենք իբրեւ գաղութ շատ բան կրնանք ընել, եւ մեր գաղութի ներուժը բաւականաչափ պատրաստ է թէ՛ մարդուժ պատրաստելու եւ թէ՛ կանխարգիլելու բոլոր դժուարութիւնները, կը մնայ, որ հարցին առաջնահերթութիւն տրուի, ծրագիր ըլլայ եւ հաւաքական աշխատանք կատարուի: Յուսահատական եւ ահազանգային մթնոլորտի մէջ չենք, բայց ընելիք ունինք: Թմրեցուցիչ գործածող իւրաքանչիւր երիտասարդ մեզի համար գանձ է, որուն տէր պէտք է կանգնինք. այս գիտակցութեամբ պէտք է զինուինք ու մտածենք մեր գալիք ծրագիրներուն մասին: Այս երիտասարդները մեր ապագան են, կարգախօսներէ անդին գուրգուրանք, առիթ տանք, որպէսզի իրենք զիրենք փաստեն եւ դուրս գան այս կացութենէն»:

«Բաց քննարկում» յայտագիրին հեռաձայնային հաղորդակցութեամբ իրենց մասնակցութիւնը բերին Թորգոմ վրդ. Տօնոյեան, Լուիզա Պապոյեան-Ազէզեան, բազմաթիւ հայորդիներ ու աշակերտներ:

Յայտագիրի ընթացքին նաեւ խօսուեցաւ թմրեցուցիչի տեսակներուն եւ վնասներուն, կազդուրման կեդրոններու ընդունման պայմաններուն, դատական հարցերուն, ծնողներուն եւ ընկերային ծառայողներուն պարտականութիւններուն եւ այլ խնդիրներու մասին:

 

Նախորդը

«Բեմ 2000» Թատերախումբը Ներկայացուց «100 Տարի Ետք` Կամուրջին Տակ» Տխուր Կատակերգութիւնը

Յաջորդը

ՀՄԸՄ-ի Նորընտիր Կեդրոնական Վարչութեան Ծանօթացման Այցելութիւններ

RelatedPosts

Ակնարկ.  Անգարա-Պաքու Միացեալ Խաղը` Կազայի Հաշուոյն
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Անգարա-Պաքու Միացեալ Խաղը` Կազայի Հաշուոյն

Հոկտեմբեր 27, 2025
Տմիթրիեւ. «Փութինի Եւ Թրամփի Ժողովը Պիտի Գումարուի, Եւ Ուքրանիոյ Տագնապը Դիւանագիտական Լուծում Ունի»
Գլխաւոր լուրեր

Տմիթրիեւ. «Փութինի Եւ Թրամփի Ժողովը Պիտի Գումարուի, Եւ Ուքրանիոյ Տագնապը Դիւանագիտական Լուծում Ունի»

Հոկտեմբեր 27, 2025
Հայէ. «Մեր Զէնքը Կապուած Է Բռնագրաւումին Եւ Նախայարձակումին»
Գլխաւոր լուրեր

Հայէ. «Մեր Զէնքը Կապուած Է Բռնագրաւումին Եւ Նախայարձակումին»

Հոկտեմբեր 27, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?