Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Տինքի Ընտանիքը Կը Բողոքէ Տինքի Սպանութեան Ամբաստանագիրի Մերժումին Դէմ

Նոյեմբեր 7, 2015
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

 

Dink_110615

«Մարմարա» կը հաղորդէ, որ Հրանդ Տինքի սպանութեան դատավարութեան խնդիրով, չորեքշաբթի, 4 նոյեմբերին հաղորդուեցաւ, թէ հանրապետական աւագ դատախազութիւնը, «պակասաւոր» ըլլալուն պատճառով, ետ դարձուցած է ահաբեկչական յանցագործութիւններու գրասենեակի դատախազներէն Կէօքալփ Քէօքճիւի կողմէ` 25 կասկածելիներու մասին պատրաստուած ամբաստանագիրը: Ասիկա երկրորդ անգամն է, որ ամբաստանագիրը ետ կը ղրկուի:

Դատախազը իր ամբաստանագիրին մէջ հետեւեալները կը պահանջէր.

– Այդ ժամանակաշրջանի Տրապիզոնի տեղեկահաւաքի բաժանմունքի տնօրէն Էնկին Տինչ եւ Տրապիզոնի նահանգային ապահովութեան տնօրէն Ռեշատ Ալթայ, ինչպէս նաեւ այդ ժամանակաշրջանի Պոլսոյ նահանգային տեղեկահաւաքի բաժանմունքի տնօրէն Ահմետ Իլհան Կիւլեր պէտք է դատուին` «ծրագրուած կերպով մարդ սպաննելու յանցագործութեան օժանդակած ըլլալ»-ու յանցանքով:

– Ապահովութեան տեղեկահաւաքի բաժանմունքի նախկին պետ Ռամազան Աքիւրեք եւ այդ բաժանմունքի տնօրէն Ալի Ֆուատ Եըլմազեր պէտք է դատուին` «դիտումնաւոր կերպով մարդ սպաննել»-ու յանցանքով: Այս վերջիններուն դէմ կը պահանջուէր ցկեանս բանտարկութիւն:

– Պոլսոյ նահանգային ապահովութեան տնօրէն Ճելալետտին Ճերրահ եւ ապահովութեան տեղեկահաւաքի բաժանմունքի պետ Սապրի Ուզուն պէտք է դատուին` «իրենց պարտականութիւնը չարաշահած ըլլալ»-ու յանցանքով:

Դատախազութիւնը կ՛ուզէր, որ վերոյիշեալներուն հետ միասին դատուին եւս 25 հանրային սպասարկուներ:

Տինքի ընտանիքի փաստաբան Հաքան Պաքըրճըօղլու բուռն կերպով բողոքեց երկրորդ անգամ ըլլալով պատրաստուած ամբաստանագիրին վերադարձուելուն դէմ ու մեղադրանքներ ուղղեց իրաւական կարգերու հասցէին` պնդելով, որ մասնաւոր աշխատանք կը տարուի, որպէսզի դատավարութենէ զերծ կացուցուին կամ աւելի թեթեւ յանցանքով մը ամբաստանուին Պոլսոյ ապահովութեան տնօրէն Ճերրահն ու տեղեկահաւաքի բաժանմունքի պետ Տինչը:

«Դատախազութեան տեղեկագիրը շատ խղճամիտ կերպով պատրաստուած է եւ անիկա պակասաւոր չէ», պնդեց Պաքըրճըօղլու` աւելցնելով, որ դատախազ Քէօքճիւ, հակառակ իրեն վրայ բանեցուած ճնշումներուն, ձեռք բերած է կարեւոր փաստեր եւ իր ամբաստանագիրը պատրաստած է խղճամիտ կերպով: «Այս ամբաստանագիրին լոյսին տակ հաւանաբար կարելի կ՛ըլլայ երեւան հանել ոճիրը կազմակերպող մարմինի վերին պատասխանատուներուն ինքնութիւնը», եզրակացուց Պաքըրճըօղլու:

 

 

Նախորդը

Իսրայէլի Նախագահը Կ՛ընդունի Հայոց Ցեղասպանութիւնը

Յաջորդը

Ուորլիք Եւրոպական Խորհուրդի Խորհրդարանական Վեհաժողովին Կը Յորդորէ Առանց Խորհրդակցելու Չորդեգրել Ղարաբաղեան Տագնապին Վերաբերեալ Զեկուցումը

RelatedPosts

Ակնարկ.  Անգարա-Պաքու Միացեալ Խաղը` Կազայի Հաշուոյն
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Անգարա-Պաքու Միացեալ Խաղը` Կազայի Հաշուոյն

Հոկտեմբեր 28, 2025
Այսօր Խորհրդարանի Նիստ. Շարք Մը Պլոքներ Նիստը Պոյքոթի Կ՛ենթարկեն
Գլխաւոր լուրեր

Այսօր Խորհրդարանի Նիստ. Շարք Մը Պլոքներ Նիստը Պոյքոթի Կ՛ենթարկեն

Հոկտեմբեր 28, 2025
Վատիկան Լեւոն ԺԴ.-ի Այցելութեան Ծրագիրը Հրապարակեց
Գլխաւոր լուրեր

Վատիկան Լեւոն ԺԴ.-ի Այցելութեան Ծրագիրը Հրապարակեց

Հոկտեմբեր 28, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?