Գլխաւոր լուրեր

Կազմակերպութեամբ` Այնճարի  Հայ Կաթողիկէ Համայնքի Ժողովրդապետութեան.  Տօնահանդէս` Նուիրուած Հայոց Ցեղասպանութեան  Եւ Մուսա Լերան Հերոսամարտի 100-Ամեայ Տարելիցին

Կազմակերպութեամբ` Այնճարի Հայ Կաթողիկէ Համայնքի Ժողովրդապետութեան. Տօնահանդէս` Նուիրուած Հայոց Ցեղասպանութեան Եւ Մուսա Լերան Հերոսամարտի 100-Ամեայ Տարելիցին

Կիրակի, 6 սեպտեմբեր 2015-ի երեկոյեան ժամը 7:00-ին, հովանաւորութեամբ Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց Գրիգոր Պետրոս Ի.  կաթողիկոս պատրիարքին եւ նախագահութեամբ Գէորգ Ծ. վրդ. Եղիայեանի, Այնճարի հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ կողքին տեղի ունեցաւ օրհնութիւնն ու քօղազերծումը «Ապրիլեան նահատակներու եօթնվէրք Տիրամայր»  նորակերտ խաչքարին: Բացման կարճ խօսքով հանդէս եկաւ Այնճարի հայ կաթողիկէ համայնքի ժողովրդապետ Մեսրոպ վրդ. Թոփալեան (Հայունի), որ ողջունեց ներկաները Հայոց ցեղասպանութեան եւ Մուսալերան...

Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան  Ամերիկեան Ցամաքամասի  Եւ Աւստրալիոյ Ռայոնական Ժողով

Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Ամերիկեան Ցամաքամասի Եւ Աւստրալիոյ Ռայոնական Ժողով

ՀՅԴ Բիւրոյի հրաւէրով Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան Ամերիկեան ցամաքամասի եւ Աւստրալիոյ Ռայոնական ժողովը գումարուեցաւ 5-6 սեպտեմբերին, Արժանթինի մայրաքաղաք Պուենոս Այրեսի մէջ, մասնակցութեամբ ՀՅԴ Բիւրոյի, ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի, Հայ դատի Ուաշինկթընի գրասենեակի եւ ամերիկեան ցամաքամասի ու Աւստրալիոյ կազմակերպական հինգ շրջաններու մարմիններէն 22 ներկայացուցիչներու: Իր չորս նիստերուն ընթացքին, Ռայոնական ժողովը բազմակողմանի քննութեան տակ առաւ Դաշնակցութեան եւ ընդհանրապէս հայութեան առջեւ ծառացած մարտահրաւէրները Հայաստանի,...

ՀՄԸՄ-ի Պատգամաւորական 11-րդ Ընդհանուր  Ժողովի Բացման Հանդիսութիւն

ՀՄԸՄ-ի Պատգամաւորական 11-րդ Ընդհանուր Ժողովի Բացման Հանդիսութիւն

Երկուշաբթի, 7 սեպտեմբեր 2015-ին, կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին, «Էրեբունի փլազա» պանդոկի «Էրեբունի» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ ՀՄԸՄ-ի Պատգամաւորական 11-րդ Ընդհանուր ժողովի բացման պաշտօնական հանդիսութիւնը` ներկայութեամբ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահի ներկայացուցիչ Աւետիս Պէրպէրեանի, Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեանի, մարմնակրթութեան եւ երիտասարդութեան հարցերու նախարար Գաբրիէլ Ղազարեանի, Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոսի ներկայացուցիչ, Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածինի Քրիստոնէական դաստիարակութեան կեդրոնի տնօրէն Վարդան եպս....

Ֆրանչիսկոս Պապը Իր Քարոզին Մէջ  Յիշատակած Է  Հայ Ժողովուրդին Հալածանքները

Ֆրանչիսկոս Պապը Իր Քարոզին Մէջ Յիշատակած Է Հայ Ժողովուրդին Հալածանքները

«Արմէնփրես»` վկայակոչելով Հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ Հայաստանի, Վրաստանի, Ռուսիոյ եւ Արեւելեան Եւրոպայի առաջնորդարանի կայքը, կը հաղորդէ, որ «Ռատիօ Վատիկան»-ը յայտնած է, որ Ֆրանչիսկոս պապը 7 սեպտեմբերի առաւօտեան Սանթա Մարթա նստավայրի տաճարին մէջ մատուցած է Ս. պատարագ, որուն մասնակցած է Հայ կաթողիկէ Գրիգոր Պետրոս Ի. կաթողիկոս պատրիարքը: Ֆրանչիսկոս պապը իր քարոզին մէջ յիշատակած է հայ ժողովուրդի հալածանքները: «Հայերը առաջին ժողովուրդն են, որոնք...

Եւրոպական Միութեան Արտաքին Գործոց  Նախարարները Անդրադարձած Են Հայաստանի  Եւ Ազրպէյճանի Մէջ Ստեղծուած Կացութեան

Եւրոպական Միութեան Արտաքին Գործոց Նախարարները Անդրադարձած Են Հայաստանի Եւ Ազրպէյճանի Մէջ Ստեղծուած Կացութեան

Ֆետերիքա Մոկերինի «Ազատութիւն» կը հաղորդէ, որ Եւրոպական Միութեան արտաքին քաղաքականութեան բարձրագոյն յանձնակատար Ֆետերիքա Մոկերինի 5 սեպտեմբերին լրագրողներուն յայտնած է, որ Եւրոպական Միութեան անդամ պետութիւններու արտաքին գործոց նախարարները Լիւքսամպուրկի մէջ տեղի ունեցած երկօրեայ խորհրդակցութեան ընթացքին քննարկած են նաեւ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի մէջ տիրող կացութիւնը: Ան նշած է, որ խորհրդակցութեան ընթացքին քննարկուած են արեւելեան գործընկերներու հետ յարաբերութիւնները, մասնաւորաբար Պիելոռուսիոյ մէջ 22 օգոստոսին...

Ակնարկ.  Ներազրպէյճանական «Բաղաձայներ»

Ակնարկ. Ներազրպէյճանական «Բաղաձայներ»

Ազրպէյճանի կողմէ թէ՛ Հայաստանի Հանրապետութիւն - Ազրպէյճան պետական սահմանագօտիին եւ թէ՛ Արցախ - Ազրպէյճան շփման գիծին վրայ իրականացուած յարձակողապաշտութիւնը պէտք է փորձել դիտարկել ներկայ պահու թելադրած քաղաքական շրջագիծերուն մէջ` ընդհանուր միտումները կարելիի սահմաններուն մէջ կարենալ ընկալելու համար: Նախքան դէպքերու թէժացումը, Թուրքիոյ վարչապետի պաշտօնակատարը կը յայտարարէր, որ Ազրպէյճանի սահմաններուն պաշտպանութիւնը Թուրքիոյ գերակայ առաջադրանքներէն է: Նման յայտարարութիւն, անվերապահ զօրակցութիւն յայտնելէ առաջ դիպաշարին...

Ֆրանսայի Խորհրդարանի Ընկերվարական  Խմբակցութեան Պատուիրակութիւնը` Արցախի Մէջ

Ֆրանսայի Խորհրդարանի Ընկերվարական Խմբակցութեան Պատուիրակութիւնը` Արցախի Մէջ

Պատուիրակութիւնը Այցելած Է Առաջնագիծ ՀՅ Դաշնակցութեան հրաւէրով Արցախ կը գտնուին  Ֆրանսայի խորհրդարանի ընկերվարական խմբակցութեան անդամները: Ուրբաթ, 4 սեպտեմբերի առաւօտեան անոնք այցելած են  առաջնագիծ: Պատուիրակութեան կ՛ընկերակցէին ՀՅԴ Բիւրոյի անդամներ Մուրատ Փափազեանն ու Կիրօ Մանոյեանը, ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի «Դաշնակցութիւն» խմբակցութեան ղեկավար Դաւիթ Իշխանեան եւ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի «Դաշնակցութիւն» խմբակցութեան պատգամաւոր Լեռնիկ Յովհաննիսեան: Հանդիպում`...

Նահատակ Զինուորներէն Մէկը` Դաշնակցութեան Գաղափարի Նուիրեալ

Նահատակ Զինուորներէն Մէկը` Դաշնակցութեան Գաղափարի Նուիրեալ

4 սեպտեմբերին, ժամը 17:00-ին (Երեւանի ժամանակացոյցով) հակառակորդին կողմէ ձեռնարկուած գործողութեան իբրեւ հետեւանք մարտական խնդիր կատարելու ժամանակ զոհուած են Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան պաշտպանութեան բանակի պայմանագրային զինուորներ Մարատ Խաչանեան եւ Արման Ստեփանեան: Արման Ստեփանեանը ՀՅ Դաշնակցութեան գաղափարի նուիրեալ ու ազնիւ երիտասարդ էր, բոլորին կողմէ սիրուած ու յարգուած: Ծնած է 7 նոյեմբեր 1981-ին: Ամուսնացած է եւ երեք զաւակներու հայր է: ՀՅ Դաշնակցութեան Արցախի...

«Վանայ Ձայն» Կը Պարգեւատրէ Մեծերը

«Վանայ Ձայն» Կը Պարգեւատրէ Մեծերը

«Վանայ ձայն»-ի տնօրէնութիւնը նախորդ երկու շաբաթներուն ընթացքին «Մեր մեծերով կը վեհանանք» յայտագիրին ընդմէջէն հիւրընկալեց արուեստի եւ մշակոյթի մարզերուն մէջ իրենց վաստակը ունեցած լիբանանցի երկու անձնաւորութիւններ` Ռոմիօ Լահուտը եւ Ապտել Մեժիտ Մաժզուպը, որոնք պարգեւատրուեցան կայանի տնօրէն Աւետիս Կիտանեանի կողմէ: Հաղորդավար Հալա Հատտատի «Մեր մեծերով կը վեհանանք» յայտագիրին օգոստոս ամսուան հիւրը դաձաւ արուեստագէտ, երաժշտահան, բեմադրիչ եւ թատերագիր Ռոմիօ Լահուտը, որ յայտնեց, թէ...

Պօղոս Սնապեանի Տուն-Թանգարանի Բացում

Պօղոս Սնապեանի Տուն-Թանգարանի Բացում

Բագրատունի. «Տուն-Թանգարան Պիտի Այցելեն Բոլոր Անոնք, Որոնք Կը Հաւատան, Որ Պօղոս Սնապեան Չէ Մահացած Ու Չի Մահանար» Հաւաթեան. «Ասիկա Ապացոյց Է Մեծն Սնապեանին Տարած Բոլոր Յաղթանակներուն, Ձեռք Բերած Յարգանքի Արժանի Վաստակին» Իր կենդանութեան ունեցաւ տեսլականը, սակայն զայն իրականացած տեսնելէ առաջ արդէն անկենդան դարձաւ: Հայութեամբ եւ հայկականութեամբ բաբախուն Այնճարի մէջ շաբաթ, 5 սեպտեմբերի երեկոյեան ժամը 7:00-ին հանդիսաւոր կերպով բացումը կատարուեցաւ բազմավաստակ...

Դաշնակցութիւնը Պիտի Առաջարկէ  Հակամենաշնորհային Քաղաքականութիւնը  Ներառել Սահմանադրութեան Մէջ

Դաշնակցութիւնը Պիտի Առաջարկէ Հակամենաշնորհային Քաղաքականութիւնը Ներառել Սահմանադրութեան Մէջ

4 սեպտեմբերին` սահմանադրական փոփոխութիւններու վերաբերեալ խորհրդարանական ունկնդրութիւններուն ընթացքին, Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան պատգամաւոր Արծուիկ Մինասեան հանդէս եկած է հարցում-առաջարկներով: Ան նախ շեշտած է ունկնդրութիւններու եւ սահմանադրական փոփոխութիւններու յանձնախումբի հետեւողական պատասխաններուն կարեւորութիւնը, քանի որ անոնք պիտի օգնեն շատերուն, որ լիարժէք կերպով պատկերացնեն, թէ նոր սահմանադրութեամբ ի՛նչ կ՛առաջարկուի եւ կը փարատէ անոնց մտահոգութիւններն ու կասկածները: Պատգամաւորը նշած է, որ իր առաջարկները ուղղուած...

Նախագահը Գլխաւորած Է  Կառավարութեան Արտահերթ Նիստը

Նախագահը Գլխաւորած Է Կառավարութեան Արտահերթ Նիստը

«Շանթ-2015» ռազմավարական հրամանատարական ղեկավարման մարմիններու ռազմափորձերուն ծիրին մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեան 4 սեպտեմբերին հրաւիրած ու վարած է Հայաստանի կառավարութեան պայմանական նիստը, որուն ընթացքին նախարարները ներկայացուցած են իրենց համակարգման մարզերուն մէջ ռազմափորձերու բեմագրութենէն բխող յանձնարարականներու կատարման ընթացքը, զեկուցած որոշակի իրավիճակներու մէջ յառաջացած խնդիրներուն մասին եւ առաջարկներ ներկայացուցած` անոնց լուծման ու կառավարման առաւել արդիւնաւէտ միջոցներու կիրարկման ուղղութեամբ: Նիստի սկիզբը կառավարութեան...

Ազգային Ազատ Հոսանք Կուսակցութեան  Տասնեակ Հազարաւոր Համակիրները  Ողողեցին Նահատակաց Հրապարակը

Ազգային Ազատ Հոսանք Կուսակցութեան Տասնեակ Հազարաւոր Համակիրները Ողողեցին Նահատակաց Հրապարակը

Լուսանկարները՝ ՍԱԳՕ ՊԵՔԱՐԵԱՆԻ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան կազմակերպութեամբ երէկ երեկոյեան ժամը 5:30-ին Նահատակաց հրապարակին վրայ տեղի ունեցաւ բազմամարդ ցոյց մը, որուն մասնակցեցան տասնեակ հազարաւոր աունականներ` ընդառաջելով Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունի կոչին: Ցոյցին ներկայ գտնուեցան Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան նախարարներն ու երեսփոխանները, ինչպէս նաեւ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի, ուժանիւթի եւ ջուրի հարցերու նախարար...

Արամ Ա. Կաթողիկոս Աթէնքի Միջկրօնական  Համագումարին Շեշտեց Ծայրայեղականութեան Դէմ  Պայքարելու Հրամայականը

Արամ Ա. Կաթողիկոս Աթէնքի Միջկրօնական Համագումարին Շեշտեց Ծայրայեղականութեան Դէմ Պայքարելու Հրամայականը

«Կրօնական ծայրայեղականութիւնը ներկայ աշխարհի ամէնէն մտահոգիչ չարիքներէն մէկն է: Հետեւաբար, ընկերութեան կեանքէն զայն արմատախիլ ընելը համամարդկային ու համաշխարհային մօտեցում կ՛ենթադրէ` քաղաքական, տնտեսական, զինուորական կրօնական եւ այլ ազդու միջոցներու ծրագրուած օգտագործումով», շեշտեց Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը` Աթէնքի մէջ տեղի ունեցած միջկրօնական համագումարի բացման նիստին: Յիշեալ համագումարը կազմակերպուած էր Վիեննայի մէջ Սէուտական Արաբիոյ Ապտալլա թագաւորին կողմէ 2012 թուականին հաստատուած միջկրօնական երկխօսութիւնը զարգացնելու...

Հարցազրոյց` Եսայի Հաւաթեանի Հետ

Հարցազրոյց` Եսայի Հաւաթեանի Հետ

Երէկ` հինգշաբթի, 3 սեպտեմբեր 2015-ին, «Ազդակ»-ի «Արսէն Չաղլասեան» ժողովասենեակին մէջ տեղի ունեցաւ հարցազրոյց Մուսա լերան հերոսամարտի 100-ամեակի յանձնախումբի նախագահ Եսայի Հաւաթեանի հետ: Հարցազրոյցը վարեց «Ազդակ»-ի միջազգային լուրերու խմբագիր Վահրամ Էմմիեան: Հարցազրոյցը առիթ մը եղաւ անդրադառնալու Մուսա լերան հերոսամարտի 100-ամեակին առիթով Լիբանանի մէջ թէ այլուր նախատեսուած ձեռնարկներուն, ինչպէս նաեւ հայոց պատմութեան նմանօրինակ հերոսական էջերու նշումներու կարեւորութեան: Խօսելով Լիբանանի մէջ տեղի ունենալիք...

Ակնարկ.  Գաղթականները Եւրոպա  Ուղարկելու Անգարայի Խաղը

Ակնարկ. Գաղթականները Եւրոպա Ուղարկելու Անգարայի Խաղը

Միջինարեւելեան թէ ափրիկեան երկիրներէն դէպի Եւրոպա գաղթականներու անօրինական մուտքը երկար ժամանակէ ի վեր երեւոյթի վերածուած էր: Յատկապէս սուրիացի գաղթականներու նոր եւ յանկարծակի հոսքը համաեւրոպական ճգնաժամի վերածուելու նախադրեալները կը պարզէ: Լուսաբանման մեծ լուսարձակներ բացուած են մարդկային աղէտի սահմանները անցած եւ կեանքի ու մահուան առանցքին վրայ մեծ վտանգներ աչք առնելով ճամբայ ելած գաղթականներու ոդիսականներուն վրայ: Ցնցիչ լուսանկարներ, ծովեզերքին մահացած մանուկի պատկեր, փշաթելերու...

Ֆրանսայի Խորհրդարանի Ընկերվարական  Խմբակցութեան Պատուիրակութիւնը  Հայաստան Եւ Արցախ Կ՛այցելէ

Ֆրանսայի Խորհրդարանի Ընկերվարական Խմբակցութեան Պատուիրակութիւնը Հայաստան Եւ Արցախ Կ՛այցելէ

2 սեպտեմբերի երեկոյեան Երեւան հասած է Ֆրանսայի խորհրդարանի ընկերվարական խմբակցութեան պատուիրակութիւնը` գլխաւորութեամբ խմբակցութեան ղեկավար Պրիւնօ Լը Ռուի: Մինչեւ 6 սեպտեմբեր տեւելիք այցելութեան նախաձեռնած է Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը (Արեւմտեան Եւրոպայի, Հայաստանի եւ Արցախի կառոյցներ): Պատուիրակութեան կ՛ընկերակցին Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան Արեւմտեան Եւրոպայի Կեդրոնական կոմիտէի, Հայ դատի գրասենեակի եւ ՀՅԴ «Նոր Սերունդ»  երիտասարդական միութեան ներկայացուցիչները: Այցելութեան նպատակն է Արցախի մէջ ծանօթանալ իրավիճակին, կապ...

«Լիբանանի Քրիստոնեայ Եւ Իսլամ  Համայնքները Կառչած  Կը Մնան Ազգային Միասնականութեան»  Ըսաւ Միւֆթի Տըրիան

«Լիբանանի Քրիստոնեայ Եւ Իսլամ Համայնքները Կառչած Կը Մնան Ազգային Միասնականութեան» Ըսաւ Միւֆթի Տըրիան

Աթէնքի մէջ տեղի ունեցող իսլամական-քրիստոնէական երկխօսութեան հանդիպումին շրջագիծին մէջ հանրապետութեան միւֆթի շէյխ Ապտել Լաթիֆ Տըրիան շեշտեց, որ Լիբանանի քրիստոնեայ եւ իսլամ համայնքներու հոգեւոր պետերը ոչ ոքի պիտի արտօնեն զիրենք իրարմէ բաժնել, ինչպէս նաեւ համայնքային եւ յարանուանական սադրանքներուն դէմ պիտի պայքարին: «Լիբանանի քրիստոնեայ եւ իսլամ համայնքները կառչած կը մնան ազգային միասնականութեան եւ նախանձախնդիր են համերաշխութեան ու ազգային համակեցութեան», ընդգծեց միւֆթի Տըրիան:...

«Իրանի Դէմ Պատժամիջոցներու Պահպանումը  Պատճառ Պիտի Դառնայ Հիւլէական  Թղթածրարին Շուրջ Համաձայնութեան Ձախողութեան»  Ըսաւ Խամենէի

«Իրանի Դէմ Պատժամիջոցներու Պահպանումը Պատճառ Պիտի Դառնայ Հիւլէական Թղթածրարին Շուրջ Համաձայնութեան Ձախողութեան» Ըսաւ Խամենէի

Այաթոլլա Ալի Խամենէի «Փրես Թի.Վի.» կը հաղորդէ, որ Իրանի գերագոյն հոգեւոր պետ այաթոլլա Ալի Խամենէի յայտարարած է, որ իր երկրին դէմ հաստատուած պատժամիջոցներուն պահպանումը պատճառ պիտի դառնայ, որ հիւլէական թղթածրարին շուրջ Վեցեակին հետ Իրանի գոյացուցած համաձայնութիւնը տապալի, ուստի այդ պատժամիջոցները ամբողջովին պէտք է վերցուին եւ ոչ թէ կասեցուին: «Գործարքը պիտի չըլլայ, եթէ Իրանի դէմ պատժամիջոցները չվերցուին: Անոնք պէտք է վերցուին...

Մամլոյ 107-րդ Լսարան.  Եսայի Հաւաթեան Ներկայացուց  «Ինչպէ՞ս Տեղի Ունեցաւ  Մուսա Լերան Հերոսամարտը» Նիւթը

Մամլոյ 107-րդ Լսարան. Եսայի Հաւաթեան Ներկայացուց «Ինչպէ՞ս Տեղի Ունեցաւ Մուսա Լերան Հերոսամարտը» Նիւթը

«Ազդակ» օրաթերթին կազմակերպած մամլոյ 107-րդ լսարանին ծիրին մէջ, երէկ` հինգշաբթի, 3 սեպտեմբեր 2015-ին, երեկոյեան ժամը 7:00-ին, «Ազդակ»-ի «Ժիրայր Պուտագեան» մամլոյ ուսումնասիրութեան կեդրոնին մէջ Մուսա լերան հերոսամարտի 100-ամեակի յանձնախումբի նախագահ Եսայի Հաւաթեան ներկայացուց` «Ինչպէ՞ս տեղի ունեցաւ Մուսա լերան հերոսամարտը» խորագիրով նիւթը: Բացման խօսքով հանդէս եկաւ «Ազդակ»-ի պատասխանատու խմբագիրներէն Ժաք Յակոբեան: Ան ըսաւ թէ, 1915-թուականը միայն ողբերգական տարի մը չէ հայութեան համար,...

Page 747 of 795 1 … 746 747 748 … 795

Արխիւներ