Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով երէկ Հայաստանի նախագահին հետ հանդիպումին ընթացքին ընդգծած է, որ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի խաղաղ լուծման այլընտրանք չկայ:
Հայաստանի նախագահի պաշտօնական կայքին փոխանցումով` հանդիպումին ընթացքին նախագահ Սերժ Սարգսեան գոհունակութեամբ նշած է, որ Հայաստանի եւ Ռուսիոյ միջեւ դաշնակցային յարաբերութիւնները աշխուժ կերպով կը զարգանան, որուն, ըստ անոր, կը նպաստեն տարբեր մակարդակի պարբերական փոխադարձ այցելութիւնները, որոնց ծիրին մէջ այս տարուան ընթացքին Երեւանի եւ Մոսկուայի մէջ տեղի ունեցած են Հայաստանի եւ Ռուսիոյ նախագահներուն հանդիպումները:
Զրուցակիցները համակարծիք եղած են, որ Հայաստանի եւ Ռուսիոյ միջեւ հետեւողականօրէն կը զարգանայ համագործակցութիւնը տնտեսական, զինուորական արհեստագիտութեան եւ մարդասիրական մարզերուն մէջ: Վերջին մէկուկէս տարուան ընթացքին իրաւապայմանագրային դաշտը հարստացած է գրեթէ երեք տասնեակ միջպետական, միջկառավարական, միջնախարարական եւ միջշրջանային փաստաթուղթերով, ինչ որ կը վկայէ երկկողմանի օրակարգի յագեցուածութեան մասին: Նախագահ Սերժ Սարգսեան բարձր գնահատած է Ռուսիոյ դերը Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի խաղաղ լուծման հոլովոյթին եւ շրջանին մէջ անվտանգութեան ու կայունութեան հաստատման գործին մէջ:
«Արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահին փոխանցած է Ռուսիոյ նախագահին ջերմ ողջոյնները եւ ընդգծած, որ նախագահ Փութին հետեւողական է հայ-ռուսական բարձր մակարդակի պայմանաւորուածութիւնները կեանքի կոչելու հարցին մէջ: Սերկէյ Լաւրով եւս գոհունակութեամբ փաստած է բոլոր ուղղութիւններով հայ-ռուսական երկկողմանի փոխադարձ գործակցութեան արդիւնքով արձանագրուած յառաջընթացն ու աշխուժ զարգացող յարաբերութիւնները նաեւ համարկումի հոլովոյթներուն ծիրին: Հայաստանի լիիրաւ անդամակցութիւնը Եւրասիական տնտեսական միութեան, անոր համոզումով, անշուշտ, դրական ազդեցութիւն պիտի ունենայ տնտեսական յարաբերութիւնները աւելի խորացնելու եւ զարգացնելու տեսանկիւնէն», կը յայտնէ պաշտօնական աղբիւրը:
Հանդիպում Նալբանդեանի Հետ
9 նոյեմբերին Երեւանի մէջ հանդիպում ունեցած են Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեանն ու Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովը, որոնք նաեւ տուած են մամլոյ միացեալ ասուլիս:
Սերկէյ Լաւրով հաստատած է, որ Ռուսիա կը պաշտպանէ ղարաբաղեան տագնապի բացառապէս խաղաղ միջոցներով լուծելու Երեւանի դիրքորոշումը: Ան վստահ է, որ կողմերը պիտի շարունակեն փոխշահաւէտ փոխզիջումներու հիմքեր մշակելու ջանքերը: Լաւրով ընդգծած է, որ Ռուսիան` իբրեւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահ եւ եռեակի մասնակից, կը շարունակէ աշխուժ եւ գործօն դեր խաղալ դրական արդիւնքի հասնելու առումով:
Ան քննադատած է Եւրոպական խորհուրդի Խորհրդարանական վեհաժողովի (ԵԽԽՎ) քաղաքական հարցերու յանձնախումբի որոշումը, որով համաձայնութիւն տրուած է Ռոպըրթ Ուոլթըրի զեկուցումին: Լաւրով ընդգծած է, որ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահները վճռական պիտի ըլլան այն առումով, որ տագնապի լուծումը տեղի ունենայ հետեւողական, համբերատար երկխօսութեան միջոցով:
«Հարցը իրօք շատ բարդ է», նշած է ան:
Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարին համաձայն, ճիշդ չէ փորձել հարցին մէջ ներքաշել այնպիսի միջազգային կազմակերպութիւններ, որոնք կը զբաղին լուծումով, բայց այդ բանը ընելու համար միջազգային հանրութենէն իրաւասութիւն չեն ստացած: Ան նշած է, որ որեւէ նշանակալի արմատական քայլ, ով ալ ըլլայ նախաձեռնողը, կը վնասէ ԵԱՀԿ-ի համանախագահներուն գործողութիւններուն:
Նախարար Նալբանդեան իր կարգին ընդգծած է, որ պաշտօնական Երեւան բարձր կը գնահատէ Ղարաբաղի խնդիրի բացառապէս խաղաղ լուծման հարցին մէջ ռուսական կողմին եւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներուն ջանքերը` հաստատելով, որ Հայաստան պիտի շարունակէ նոյն ոգիով գործել: