Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Արամ Ա. Կաթողիկոս «Ս. Մեսրոպ Մաշտոց» Շքանշանով Պարգեւատրեց Փրոֆ. Դոկտ. Սեդա Տատոյեանը

November 9, 2015
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

dadoyan_110815

Կիրակի, 8 նոյեմբեր 2015-ին, վեհարանի դահլիճին մէջ, յատուկ հանդիսութեան մը ընթացքին, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը «Ս. Մեսրոպ Մաշտոց» շքանշանով պարգեւատրեց փրոֆ. դոկտ. Սեդա Տատոյեանը:

Հանդիսութեան բացման խօսքը կատարեց կաթողիկոսարանի դիւանապետ Խաչիկ Տէտէեան, որ ներկայացուց պարգեւատրեալին մտաւորական արգասիքը եւ կրթական վաստակը: Դոկտ. Տատոյեան տիրացած է փիլիսոփայութեան մէջ գիտութիւններու դոկտորի աստիճանին` մասնագիտանալով հայ փիլիսոփայութեան մէջ: Ան 1981-1986 դասախօսած է Հայկազեան եւ «Էլ. Էյ. Եու.» համալսարաններուն մէջ, 1986-2005` Պէյրութի ամերիկեան համալսարանին մէջ, 2002-ին եւ 2006-ին իբրեւ դասախօս հրաւիրուած է Նիւ Եորքի Քոլոմպիա համալսարանի Արեւելեան գիտութիւններու բաժանմունքին կողմէ, 2007-2010 դասախօսած է Ս. Ներսէս ընծայարանին մէջ: 2010-ին Շիքակոյի համալսարանին մէջ դասախօսած է «Հայ-իսլամական փոխյարաբերութիւններ» նիւթին շուրջ եւ 2011-ին դասախօս եղած է Երեւանի պետական համալսարանի երեք տարբեր բաժանմունքներուն մէջ: Դոկտ. Տատոյեանի «Ֆաթիմիական հայերը» եւ եռահատոր «Հայերը միջնադարու իսլամական աշխարհին մէջ» գործերը  կը նկատուին ամբողջովին նոր վերլուծումներ, որոնք միջինարեւելեան միջավայրին մէջ կը վերարժեւորեն հայոց պատմական փորձառութիւնը, յարաբերութիւններն ու դերը: Դոկտ. Տատոյեան հեղինակ է 10-է աւելի հատորներու եւ բազմաթիւ ուսումնասիրական յօդուածներու:

Վեհափառ հայրապետը իր խօսքին մէջ կարեւորութեամբ ընդգծեց փրոֆ. Տատոյեանի լուրջ մտաւորականի, քննական ու վերլուծող միտքի արժանիքները:

Փրոֆ. դոկտ. Սեդա Տատոյեան իր սրտի խօսքին մէջ շնորհակալութիւն յայտնեց վեհափառ հայրապետին այս պատիւին արժանացնելուն համար:

 

 

Նախորդը

ՀՄԸՄ-ի Նորընտիր Կեդրոնական Վարչութեան Ծանօթացման Այցելութիւններ

Յաջորդը

Անդրադարձ. «ՏԱՀԵՇ-ի Դէմ Պայքար» Կոչուած Գերթափանցիկ Շղարշը

RelatedPosts

Ակնարկ.  Առաջարկուածը Ոչ Թէ Ճանապարհային,  Այլ Լաբիւրինթոսային Քարտէս Է
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Առաջարկուածը Ոչ Թէ Ճանապարհային, Այլ Լաբիւրինթոսային Քարտէս Է

October 27, 2026
Իսրայէլի Մէջ Այսօրուան  Ընտրութիւններուն Նախօրեակին.  Թրամփ Իսրայէլացիներուն Դարձեալ  Կոչ Ուղղեց Նեթանիահուին Քուէարկելու
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլի Մէջ Այսօրուան Ընտրութիւններուն Նախօրեակին. Թրամփ Իսրայէլացիներուն Դարձեալ Կոչ Ուղղեց Նեթանիահուին Քուէարկելու

October 27, 2026
Պաղայի. «Իրան Դիւանագիտական  Պատուհանը Չփակեց»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի. «Իրան Դիւանագիտական Պատուհանը Չփակեց»

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.