Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Մենք Կը Ձգտինք Խաղաղութիւնը Պահպանել Եւ Բազմիցս Այդ Մասին Յայտարարած Ենք» Ըսաւ Նախարար Օհանեան

November 7, 2015
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ohanian_110615

«Արմէնփրես» կը հաղորդէ, թէ Հայաստանի զինուած ուժերու սահմանապահ ստորաբաժանումները լռեցուցած են հակառակորդին կրակոցները միջպետական մայրուղիի Տաւուշի մարզի սահմանամերձ Բաղանիս գիւղի հատուածին վրայ, այն պատահարէն ետք, երբ 5  նոյեմբերին` ժամը 16:30-ի շուրջ ազրպէյճանական կողմէն զինադադարի խախտման իբրեւ հետեւանք վնասուած է արտասահմանեան մեծ բեռնատար մը:

Անդրադառնալով կրակոցներուն` Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեան վստահեցուցած է, որ հայ-ազրպէյճանական սահմանին վրայ իրավիճակը վերահսկելի է, լարուածութեան աստիճանը նուազած է եւ հայկական զինուած ուժերը ատակ են ամբողջութեամբ վերահսկելու եւ պահպանելու երկրին անվտանգութիւնը:  Ան դիտել տուած է, որ երբեմն կ՛ըլլան բացառութիւններ, երբ կրակոցներուն թիւը մերթ ընդ մերթ կ՛աւելնայ:

Պատասխանելով այն հարցումին, թէ որքանո՞վ տեղին է, որ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակը անհասցէ գնահատականներ տայ սահմանային խախտումներուն վերաբերեալ` նախարար Օհանեան նշած է, որ Հայաստան լիովին կը վստահի համանախագահներուն եւ կը հաւատայ, որ առանց Մինսքի խմբակի համանախագահներուն կատարած աշխատանքին, թէկուզ յարաբերական խաղաղութեան պայմաններուն մէջ, չէինք կարենար զինադադարի պահպանում իրականացնել: «Բայց կը կարծեմ, որ կու գայ այն պահը, յատկապէս համանախագահներուն  կողմէ թիրախաւորուած գնահատական կը տրուի այն կողմին, որ  խախտում կատարած է: Մենք կը ձգտինք խաղաղութիւնը պահպանել եւ բազմիցս այդ մասին յայտարարած ենք: Նոյնիսկ միակողմանի վստահութեան մթնոլորտի մեքանիզմներու ներդրման ուղղութեամբ համապատասխան աշխատանք տարած ենք: Չկրակել, չպատասխանել, միակողմանի հետաքննութիւններ կը կատարենք, բայց… Տայ Աստուած, որ գայ այն պահը, երբ վստահութեան մեքանիզմները ձեւաւորուին երկխօսութեան եւ փոխադարձ պայմանաւորուածութիւններու շնորհիւ», ըսած է Սէյրան Օհանեան:

Նախորդը

Հայ Դատի Յանձնախումբին Նեցուկը Ապահոված Թեկնածուներուն Մեծ Մասը Կ՛ընտրուի

Յաջորդը

Պօղոս Գալստեան Գլխաւորեց Ուրալի Երիտասարդական Խումբը

RelatedPosts

Թրամփ Իրանի Հետ Զինադադարը  «Ժամանակի Վատնում» Կը Նկատէ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Իրանի Հետ Զինադադարը «Ժամանակի Վատնում» Կը Նկատէ

October 28, 2026
Իսրայէլի Մէջ Տեղի Ունեցան  Խորհրդարանական Ընտրութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլի Մէջ Տեղի Ունեցան Խորհրդարանական Ընտրութիւններ

October 28, 2026
Հակադարձելով Քարաքի Եկեղեցւոյ  Վրայ Յարձակումին`  Յորդանանեան Բանակը Հարաւային Սուրիոյ Մէջ  Ծայրայեղական Խմբաւորումներու Դիրքեր Հարուածեց
Գլխաւոր լուրեր

Հակադարձելով Քարաքի Եկեղեցւոյ Վրայ Յարձակումին` Յորդանանեան Բանակը Հարաւային Սուրիոյ Մէջ Ծայրայեղական Խմբաւորումներու Դիրքեր Հարուածեց

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.