Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՀՅԴ Քարոզչական Մարմին. «Համշէնը Անցեալի Եւ Ներկայի Խաչմերուկներում» Վաւերագրական Ժապաւէնի Ցուցադրութիւն

Նոյեմբեր 7, 2015
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

Hamshen1_110615

Երէկ` ուրբաթ, 6 նոյեմբեր 2015-ին, երեկոյեան ժամը 8:30-ին, «Ազդակ»-ի «Փիւնիկ» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Համշէնը անցեալի եւ ներկայի խաչմերուկներում» վաւերագրական ժապաւէնի ցուցադրութիւնը` կազմակերպութեամբ ՀՅԴ քարոզչական մարմինին:

Ձեռնարկին բացման խօսքը արտասանեց Հուրի  Փափազեան-Էմմիեան: Ան ըսաւ, թէ վերջին տարիներուն համշէնահայութեան հիմնախնդիրները դարձած են առօրեայ խնդիրներու քննարկման անբաժան մէկ մասնիկը: Ապա նշեց, որ Համշէնի մասին տեղեկութիւններու բացայայտման առնչութեամբ իր մեծ դերը ունեցած է բանասէր Լուսինէ Սահակեան, որ պատրաստած է «Համշէնը անցեալի եւ ներկայի խաչմերուկներում» ժապաւէնը, որուն մէջ ներկայացուած է 18-րդ դարու Օսմանեան կայսրութեան մէջ ներկայ վիճակը բռնի իսլամացած համշէնահայութեան սերունդներուն, որոնք այսօր գլխաւորաբար կ՛ապրին Ռիզէ, Էրզրում եւ Արդուին նահանգներուն մէջ:

Վաւերագրական ժապաւէնը 2012-ին Հոլիվուտի «Արփա» միջազգային փառատօնին մրցանակի արժանացած է եւ մասնակցած նաեւ «Ոսկիէ ծիրան», «Նուռ» եւ այլ փառատօններու:

Hamshen2_110615
Լուսինէ Սահակեան
Hamshen3_110615
Հուրի Փափազեան-Էմմիեան
22414830338_0ac995d677_c
Մհեր Յովհաննիսեան

Խօսք առաւ ժապաւէնի հեղինակ Լուսինէ Սահակեան: Ան ըսաւ, որ իր երազանքը իրականանալով գտնուած է Համշէն եւ ծանօթացած իրավիճակին: Երեք տարիներու աշխատանքին շնորհիւ ուսումնասիրած է տարածքը, գիւղ-գիւղ, լեռներն ու քաղաքները շրջած եւ յաջողած է հաւաքել բազմաթիւ փաստեր ու վաւերագրական տեղեկութիւններ: Ան ըսաւ, թէ աշխատած է անաչառօրէն ներկայացնել համշէնցին իր իսկ միջավայրին մէջ: Ժապաւէնի ցուցադրութենէն եւ գիրքերու հրատարակութենէն ետք ան ենթարկուած է հակայարձակումի թրքական կողմէն` աղաւաղելու պատմական իրականութիւնները: Լուսինէ Սահակեան ըսաւ, թէ Արդուինի, էրզրումի եւ Ռիզէի տարածքներու համշէնցիներու կերպարները անձամբ կ՛արտայատուին: Բռնի իսլամացածներու որոշ տոկոս մը մոռցած է Համշէնի բարբառը, բայց շնորհիւ իր պնդումներուն կրցած է տեղանուններու եւ այլ բառերու պրպտումներէն յայտնաբերել իրականութիւնը:

Ան նշեց, որ ժապաւէնը կը սկսի ձայնային կանչերով` խրխնջոցներով, որոնք կը գործածուին հաղորդակցելու համար տարածութեան մէջ: Ժապաւէնին մէջ անդրադարձ կայ Համշէնի իգական յատուկ տարազին, փուշիին, անոնց մշակոյթին, բարբառային արտայայտութիւններուն, կենցաղին: Ան հաստատեց, որ այցելութենէն ամէնէն շատ տպաւորուած է Եղնովիտ Խաչեքարի վանքէն մնացած քանի մը քարերով եւ քարակոյտերով:

Շուրջ մէկուկէս ժամ տեւած ժապաւէնը կը խօսի Ռիզէ եւ Արդուին նահանգներուն մէջ համշէնցիներու պարերուն, երաժշտութեան, բարբառին, բանահիւսութեան, հաւատալիքներուն, համշէնցիներու առօրեայ կենցաղին ու մանաւանդ խոհանոցին:

Աւարտին Երեւանի պետական համալսարանի պատուիրակութեան Լիբանան այցելութեան եզրափակիչ խօսքով հանդէս եկաւ Երեւանի պետական համալսարանի Հայագիտական հետազօտութիւններու հիմնարկի փոխտնօրէն Մհեր Յովհաննիսեան: Ան ըսաւ, թէ պատուիրակութիւնը շնորհիւ այցելութեան յաջողեցաւ հանդիպիլ աւելի քան 200 երիտասարդներու հետ եւ խօսիլ կրթական ծրագիրի մասին: Վերջին 4 տարիներու աշխատանքին շնորհիւ լիբանանահայ 4 ուսանողներ Երեւանի պետական համալսարանին մէջ կը հետեւին հայրենագիտական ճիւղին: Ան նշեց, որ պատուիրակութիւնը յաջողած է այցելել մօտ 11 դպրոցներ, որոնց պիտի մատակարարուի մասնագիտական գրականութիւն: Ան կոչ ուղղեց ուսուցիչներուն եւ մասնագէտներուն օգտուելու առիթէն` մասնակցելով սփիւռքի նախարարութեան կազմակերպած «Սփիւռք» ամառնային դպրոցի դասընթացքներուն:

Ձեռնարկի աւարտին ներկաներուն տրամադրուեցաւ ցուցադրուած ժապաւէնը:

 

 

Նախորդը

Հայոց Պատմութեան Հիմնահարցերու Հեռակայ Ծրագիրի Ներկայացում` Լիբանանահայ Վարժարաններու Տնօրէններու Եւ Ուսուցիչներու

Յաջորդը

Հրապարակային Քննարկում – Արձագանգ 15. Փերինչեքէն Ասդին` Հայո՛ւն Դատը

RelatedPosts

Ակնարկ.  Արտաքին Քուէին Ազդեցութիւնը  Եւ Օրէնքի Փոփոխութեան Շարժառիթները
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Արտաքին Քուէին Ազդեցութիւնը Եւ Օրէնքի Փոփոխութեան Շարժառիթները

Հոկտեմբեր 3, 2025
Փաղանգաւոր Կուսակցութեան Պատուիրակութիւնը  Կ՛այցելէ «Շաղզոյեան» Կեդրոն
Գլխաւոր լուրեր

Փաղանգաւոր Կուսակցութեան Պատուիրակութիւնը Կ՛այցելէ «Շաղզոյեան» Կեդրոն

Հոկտեմբեր 3, 2025
Սալամ Արձագանգեց Պարրաքի «Զարմանալի»  Յայտարարութիւններուն
Գլխաւոր լուրեր

Սալամ. «Հանրապետութեան Նախագահի Եւ Վարչապետի Յարաբերութիւնները Դատապարտուած Են Համախոհութեան, Եւ Ռաուշէի Ժայռի Խնդիրը Չվերջացաւ»

Հոկտեմբեր 3, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?