ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի երէկ «Էմ. Թի. Վի.» պատկերասփիւռի կայանին հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին շեշտեց, որ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէն տակաւին կը քննարկէ Հայկական երեսփոխանական պլոքին խորհրդարանի օրէնսդրական նիստին մասնակցութեան հարցը:
«Այս իմաստով Կեդրոնական կոմիտէն պիտի խորհրդակցի նաեւ Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունի հետ: Սակայն ի վերջոյ Կեդրոնական կոմիտէն բնականաբար պիտի տայ իր անկախ որոշումը», ըսաւ Յ. Բագրատունի:
Այս շրջագիծին մէջ երեսփոխան Բագրատունի հաստատեց, որ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէն եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքը երկրին վերաբերող զանազան հարցերուն գծով ունին իրենց ինքնուրոյն տեսակէտը, նոյնիսկ երբ այդ մէկը կը տարբերի իրենց դաշնակիցներուն կեցուածքներէն:
Երեսփոխան Բագրատունի յայտնեց, որ խորհրդարանի օրէնսդրական նիստին մասնակցութեան որոշումը կարեւոր է եւ կախեալ է քննարկուելիք օրակարգէն` աւելցնելով, որ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէին համար կարեւոր կը նկատուին ընտրական օրինագիծը, պետական պաշտօնեաներուն եւ ուսուցիչներուն աշխատավարձի յաւելումներուն օրինագիծը, վարձքի օրինագիծը, որոնք բոլորը քաղաքացիներուն կը վերաբերին:
«Մեզի համար կարեւոր է, որ քաղաքացիին վերաբերող հարցերը լուծուին, եւ մենք հարիւր հազարաւոր քաղաքացիներ չկորսնցնենք, Կեդրոնական դրամատունէն վարկ մը ստանալու փոխարէն: Ընտրական օրինագիծը նոյնքան եւ աւելի կարեւոր է քաղաքացիութիւն շնորհելու օրինագիծէն, ինչպէս նաեւ կարեւոր են աշխատավարձի յաւելումներուն եւ քաղաքապետարաններուն նիւթական պարտաւորութիւնները կատարելու օրինագիծերը», ըսաւ ան:
Օրէնսդրական նիստին քննարկելիք օրակարգին անդրադառնալով` Յ. Բագրատունի յոյս յայտնեց, որ խորհրդարանի դիւանը վերատեսութեան ենթարկէ զայն, որպէսզի կարելի ըլլայ երկիրը եւ քաղաքացին յուզող բոլոր հարցերը քննարկել:
Ան նշեց, որ օրէնսդրական նիստը պիտի գումարուի շաբաթ մը ետք, հետեւաբար հաւանական նկատեց, որ այդ միջոցին կարելի ըլլայ ապահովել այնպիսի օրակարգ մը, որուն հիման վրայ խորհրդարանը ներկայացնող քաղաքական բոլոր կողմերը մասնակցին այդ նիստին եւ տան որոշումներ:
Ընտրական օրինագիծը օրէնսդրական նիստին օրակարգին վրայ նկատի չառնելու մասին հարցումի մը պատասխանելով` Յ. Բագրատունի շեշտեց, որ ինք այս իմաստով կը հասկնայ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի կեցուածքը, որովհետեւ ինք մաս կազմած է ընտրական օրէնքի մշակման խորհրդարանական ենթայանձնախումբին եւ կատարեալ լաւատեսութեամբ աշխատած: «Սակայն ի վերջոյ ես լիբանանցի ժողովուրդէն ներում հայցեցի իմ լաւատես ըլլալուս համար, որովհետեւ դժբախտաբար ո՛չ ուղղափառ հանդիպումի ընտրական օրինագիծին, ո՛չ քրիստոնեայ համայնքին 50 – 50 ներկայացուցչութեան օրինագիծին եւ ո՛չ ալ քրիստոնեայ քաղաքական ուժերուն կողմէ անկեղծութիւն կայ` երկրին իշխանութիւնը միասնաբար ստանձնելու, դերակատարութիւն ունենալու առումով, ինչպէս նաեւ քրիստոնեայ համայնքին ճշգրիտ ներկայացուցչութիւնը ապահովելու իմաստով», ըսաւ ան` ընդգծելով համայնքներուն եւ քաղաքական ուժերուն միջեւ փոխադարձ յարգանքի գոյութեան եւ իւրաքանչիւրին իւրայատկութիւնը նկատի ունենալու անհրաժեշտութիւնը:
«Ինչպէս որ մենք կը յարգենք բոլորը, այդպէս այլ կը պահանջենք, որ բոլորը յարգեն մեզի: Ճիշդ է, որ օրէնսդրական նիստին ընթացքին չենք կրնար ընտրական օրինագիծին քուէարկել եւ այդ իրականութիւնը նկատի ունենալով է, որ Պըրրի զայն զանց առած է, սակայն ընտրական օրինագիծը օրակարգի վրայ ներառելով կարելի կը դառնայ անոր քննարկումը, եւ հաւանաբար նոր հորիզոններ կը բացուին` խորհրդակցութիւններուն ընդմէջէն», հաստատեց ան:
Անդրադառնալով նախագահական ընտրութեան հաւանականութեան` Յ. Բագրատունի յայտնեց, որ իր կարծիքով յառաջիկայ ամիսներուն ընթացքին այդ մէկը կարելի պիտի չըլլայ, «հետեւաբար կարելի չէ յաւելեալ կերպով արգելակել ժողովուրդին կեանքը», աւելցուց ան:
Աղբի տագնապին անդրադառնալով` Յ. Բագրատունի հարց տուաւ Նաամէի աղբանոցին փակման եւ «Սուքլին» ընկերութեան աշխատանքային պայմանագիրի աւարտին նոյն օրուան զուգադիպութեան մասին, ինչպէս նաեւ հարց տուաւ բանակայիններուն ամսաթոշակներուն վերաբերեալ ստեղծուած աղմուկին մասին` զանոնք նկատելով քաղաքական շանթաժի քայլեր:
Աղբի տագնապին մասին հարցումի մը պատասխանելով` Յ. Բագրատունի ընդգծեց, որ այս առումով քաղաքական բոլոր կողմերը իրարու կը խաբեն` ըսելով միաժամանակ, որ Մեթնի մէջ Պուրճ Համուտը 20 տարի շարունակ հանդուրժած է աղբերը եւ այս հանգրուանին ուրիշներ պէտք է պատասխանատուութիւն ստանձնեն:
Պուրճ Համուտի հողային տարածքին մէջ աղբերու զտման գործարան մը հաստատելու երեսփոխան Միշել Մըրի առաջարկին հանդէպ շրջանի բնակչութեան կեցուածքին մասին հարցումի մը պատասխանելով` Յ. Բագրատունի կատարեալ անկեղծութեամբ յայտնեց, որ այդ կեցուածքը բացասական է:
Երկրին մէջ տիրող ընդհանուր կացութեան մասին եզրակացութիւն կատարելով` Յ. Բագրատունի շեշտեց, որ ինք մտահոգ է այն առումով, որ կը նշմարէ երկիրը քանդելու ընդհանուր դաւադրութիւն մը, որմէ պէտք է զգուշ ըլլալ: