Գլխաւոր լուրեր

Նախագահ Բակօ Սահակեան Այցելած Է  Ստեփանակերտի Յուշահամալիր` Սումկայիթի  Ջարդերու Տարելիցին Առիթով

Նախագահ Բակօ Սահակեան Այցելած Է Ստեփանակերտի Յուշահամալիր` Սումկայիթի Ջարդերու Տարելիցին Առիթով

Սումկայիթի ջարդերու 28-րդ տարելիցին առիթով նախագահ Բակօ Սահակեան 28 փետրուարին Հայ առաքելական եկեղեցւոյ Արցախի թեմի առաջնորդ Պարգեւ արք. Մարտիրոսեանի եւ հանրապետութեան բարձրաստիճան ղեկավարութեան ընկերակցութեամբ այցելած է Ստեփանակերտի յուշահամալիր եւ ծաղիկներ զետեղած անմեղ զոհերուն յիշատակը յաւերժացնող յուշակոթողին: Այս մասին կը տեղեկացնէ Արցախի Հանրապետութեան նախագահի աշխատակազմի տեղեկատուութեան գլխաւոր վարչութիւնը:

«Հայ Ժողովուրդին Կատարուածը  Ցեղասպանութիւն Է»  Կ՛ըսէ Պունտեսթակի Փոխնախագահը

«Հայ Ժողովուրդին Կատարուածը Ցեղասպանութիւն Է» Կ՛ըսէ Պունտեսթակի Փոխնախագահը

Շարմազանով եւ Պուլման «Արմէնփրես» կը հաղորդէ, որ աշխատանքային այցելութեամբ Պերլին գտնուող Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի փոխնախագահ Էդուարդ Շարմազանովի եւ Գերմանիոյ խորհրդարանի` Պունտեսթակի փոխնախագահ Էտելկարտ Պուլմանի հանդիպումին ընթացքին Շարմազանով անդրադարձած է շրջանին մէջ խաղաղութեան եւ կայունութեան ամրապնդման` նշելով, որ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապը պէտք է հանգուցալուծուի բացառապէս խաղաղ ճամբով` ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի ձեւաչափով: Ան շեշտած է, որ Արցախի ժողովուրդի ինքնորոշման իրաւունքի գործադրման...

Մոկերինի. «Ղարաբաղեան Տագնապի  Լուծումը Եւրոպական Միութեան  Առաջնահերթութիւններէն Է»

Մոկերինի. «Ղարաբաղեան Տագնապի Լուծումը Եւրոպական Միութեան Առաջնահերթութիւններէն Է»

«Ղարաբաղեան տագնապի խաղաղ լուծումը Եւրոպական Միութեան գլխաւոր առաջնահերթութիւններէն է», Պաքու կատարելիք այցելութենէն երկու օր առաջ ազրպէյճանական «Թրենտ» լրատու գործակալութեան հետ զրոյցի մը ընթացքին յայտարարած է Եւրոպական Միութեան արտաքին քաղաքականութեան եւ անվտանգութեան հարցերով բարձր ներկայացուցիչ Ֆետերիքա Մոկերինի: «Անցեալ տարի «տագնապի գօտիին մէջ» խաղաղ բնակչութեան դէմ ծանր սպառազինութիւն կիրարկուած է: Ներկայիս անկայունութիւնը երկու կողմերուն վրայ ալ սուղ է: Իսկ խաղաղութիւնը կարելիութիւն պիտի...

«Սայաթ-Նովա» Համոյթի  Աննախընթաց Համերգ.  «Ձեզի Բերեր Ենք Հայրենիքի Շունչը,  Մեր Նախնեաց Օրհնութիւնը  Եւ Հայ Անապական Զուլալ Երգը»  Ըսաւ Փրոֆ. Թովմաս Պօղոսեան

«Սայաթ-Նովա» Համոյթի Աննախընթաց Համերգ. «Ձեզի Բերեր Ենք Հայրենիքի Շունչը, Մեր Նախնեաց Օրհնութիւնը Եւ Հայ Անապական Զուլալ Երգը» Ըսաւ Փրոֆ. Թովմաս Պօղոսեան

Վարագոյրը բացուեցաւ, եւ ահա բեմին վրայ առաջին անգամ ըլլալով կանգնած էր «Սայաթ-Նովա» աշուղական երգի վաստակաւոր համոյթը իր շքեղութեամբ, վեհութեամբ ու արտասովոր հմայքով: «Սայաթ-Նովա» համոյթը իր յաղթական խրոխտ կեցուածքով տակաւին կատարումները չսկսած կարծես կ՛ապացուցէր, որ իր  ստեղծագործական կորովը կը ծառայէր հայ ժողովուրդին եւ անոր մշակոյթի զարգացման ու պահպանման: Եւ ահա հնչեց Սայաթ Նովայի «Քամանչա» երգը եւ իսկոյն թրթռաց լիբանանահայ հանդիսատեսին սիրտը:...

Սումկայիթի Եղեռնագործութեան Զոհերուն Յիշատակի Հաւաքին Շեշտուեցաւ  Մարտահրաւէրները Միասնական Ուժով  Դիմագրաւելու Անհրաժեշտութիւնը

Սումկայիթի Եղեռնագործութեան Զոհերուն Յիշատակի Հաւաքին Շեշտուեցաւ Մարտահրաւէրները Միասնական Ուժով Դիմագրաւելու Անհրաժեշտութիւնը

Կիրակի, 28 փետրուարին Լիբանանի բոլոր հայկական եկեղեցիներուն մէջ տեղի ունեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն ու արարողութիւն` Սումկայիթի եղեռնագործութեան զոհերու յիշատակին: Նոյն օրը Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեանի նախագահութեամբ Սումկայիթի անմեղ զոհերուն յիշատակին հոգեհանգստեան պաշտօն կատարուեցաւ Ս. Նշան Մայր եկեղեցւոյ բակին մէջ գտնուող Սումկայիթի զոհերուն նուիրուած խաչքարին առջեւ: Այնուհետեւ տեղի ունեցած յիշատակի հաւաքին խօսք առաւ Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպան Աշոտ Քոչարեան,...

Գերմանիոյ Խորհրդարանին Կողմէ  Հայոց Ցեղասպանութեան  Ճանաչումը «Անխուսափելի Է»

Գերմանիոյ Խորհրդարանին Կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան Ճանաչումը «Անխուսափելի Է»

Աշխատանքային այցելութեամբ Պերլին գտնուող Հայաստանի Ազգային ժողովի փոխնախագահ Էդուարդ Շարմազանով նախանցեալ օր  Հումպոլտդ համալսարանին մէջ տեղի ունեցած «Քրիստոնեայ  ժողովուրդներու ցեղասպանութիւնը օսմանեան եւ քեմալական Թուրքիոյ մէջ» խորագիրով միջազգային համաժողովի ընթացքին  հանդիպում ունեցած է Գերմանիոյ խորհրդարանի «Դաշինք 90/Կանաչներ» կուսակցութեան նախագահ Ճեմ Էօզտեմիրի հետ: Հայաստանի Ազգային ժողովի փոխնախագահի գրասենեակին փոխանցումով, Շարմազանով բարձր գնահատած է Ճեմ Էօզտեմիրի սկզբունքային դիրքորոշումը Հայոց ցեղասպանութեան դատապարտման հարցով, մանաւանդ...

«Դաշնակցութիւնը Ստեղծուած Է  Հայ Ժողովուրդին Ծառայելու Համար»  Կ՛ըսէ Արմէն Ռուստամեան

«Դաշնակցութիւնը Ստեղծուած Է Հայ Ժողովուրդին Ծառայելու Համար» Կ՛ըսէ Արմէն Ռուստամեան

ՀՅԴ Բիւրոյի քաղաքական ներկայացուցիչ, Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան ղեկավար Արմէն Ռուստամեան երէկ  խորհրդարանական զրոյցներու ընթացքին պատասխանեց լրագրողները հետաքրքրող հարցումներուն: Պատասխանելով այն դիտարկումին թէ, ըստ ոմանց, երկրորդ նախագահ Ռոպերթ Քոչարեանը քաղաքական դաշտէն դուրս ձգելու միտում կայ, եւ որ ըստ Լեւոն Զուրաբեանի, այդ պատճառով է, որ Հայաստանի Հանրապետական կուսակցութիւնը Դաշնակցութեան հետ համագործակցելու քայլին դիմեց, ան ըսաւ. «Զարմանալի է, որ քաղաքական դաշտէն դուրս...

Բժիշկ Կարպիս Հարպոյեանի «Բժիշկին  Գ. Խօսքը» Եւ «Բժիշկին Դ. Խօսքը»  Գիրքերու Շնորհահանդէս

Բժիշկ Կարպիս Հարպոյեանի «Բժիշկին Գ. Խօսքը» Եւ «Բժիշկին Դ. Խօսքը» Գիրքերու Շնորհահանդէս

Լիբանանահայ բժշկական միութեան կազմակերպութեամբ եւ «Ազդակ»-ի գործակցութեամբ, երէկ` ուրբաթ, 26 փետրուար 2016-ին, երեկոյեան ժամը 7:00-ին «Ազդակ»-ի «Փիւնիկ» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ բժիշկ Կարպիս Հարպոյեանի «Բժիշկին Գ. խօսքը» եւ «Բժիշկին Դ. խօսքը» գիրքերուն շնորհահանդէսը, որուն ներկայ էին Արամ Ա. կաթողիկոսի ներկայացուցիչ Նորայր եպս. Աշըգեան, Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեան, հայր Գէորգ Ծ. վրդ. Եղիայեան, միութիւններու եւ կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ, բժիշկներ...

Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» Հրատարակչատան  Գիրքի Ընթերցանութեան Մրցանք

Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» Հրատարակչատան Գիրքի Ընթերցանութեան Մրցանք

Երէկ` ուրբաթ, 26 փետրուարին երեկոյեան ժամը 5:00-ին, Համազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեան» ցուցասրահին մէջ տեղի ունեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան 100- ամեակին առիթով Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» հրատարակչատան կազմակերպած ընթերցանութեան մրցանքը: Հայկական տարբեր վարժարաններէ 27 աշակերտներ մասնակցեցան մրցանքին: Յայտնենք, որ օրին Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» հրատարակչատունը Յարութիւն Քիւրքճեանի խմբագրութեամբ հրատարակած էր Լեւոն Մեսրոպի «Ֆրէտ Հարթման եւ Տատա Ռօսթէմ» վէպը: Գիրքը առաջին անգամ լոյս տեսած է «Հայրենիք»...

ՀՅԴ «Է. Ակնունի» Կոմիտէի  Դաստիարակչական Յանձնախումբ.  «Ընտանիքը Եւ Դժուարութիւնները» Նիթով Հանդիպում-Զրոյց

ՀՅԴ «Է. Ակնունի» Կոմիտէի Դաստիարակչական Յանձնախումբ. «Ընտանիքը Եւ Դժուարութիւնները» Նիթով Հանդիպում-Զրոյց

Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ «Է. Ակնունի» կոմիտէի դաստիարակչական յանձնախումբին, երէկ` ուրբաթ, 26 փետրուար 2016-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, Ֆանարի «Է. Ակնունի» ակումբին մէջ տեղի ունեցաւ ամսական դրութեամբ տեղի ունենալիք հանդիպում- զրոյցներու շարքին առաջինը` «Ընտանիքը եւ դժուարութիւնները» նիւթով: Օրուան բանախօսն էր տոքթ. Վարուժ Պետիրեան: ՀՅԴ «Է. Ակնունի» կոմիտէին անունով Րաֆֆի Տեմիրճեան բարի գալուստ մաղթելէ ետք ներկաներուն նկատել տուաւ, որ սոյն շարքը, որ կազմակերպուած է,...

Ակնարկ.  Ռուս-Ամերիկեան Համաձայնութիւնը  Կիրարկելի Է Նաեւ Անգարայի Համար

Ակնարկ. Ռուս-Ամերիկեան Համաձայնութիւնը Կիրարկելի Է Նաեւ Անգարայի Համար

Շ. Գ. Ռուս-ամերիկեան համաձայնութիւնը` Սուրիոյ տարածքին զինադուլ յայտարարելու, հարցականներ ստեղծած է հասկնալիօրէն կիրարկելիութեան իրատեսութեան շուրջ: Մանաւանդ, որ զինադուլի համաձայնութիւնը չի ներառեր ահաբեկչական կազմակերպութիւնները եւ ընդհանրապէս կը վերաբերի կառավարական եւ հակակառավարական ուժերուն` պատերազմի սկզբնաւորութեան գոյացած դասական հասկացողութեամբ: Ռուս-ամերիկեան վերահսկելիութիւնը երկկողմանիօրէն այս տեսքով կը ներկայանայ շատ պարզեցուած կարգով. կառավարական ուժերը կ՛ենթարկուին ռուսական ցուցմունքին, հակակառավարականները` ամերիկեան: Անշուշտ շատ բարդ է այսօրուան խճանկարը եւ...

«Առճակատումն Այլեւս Ընդունելի Չէ»  Հաստատեց ՀՅԴ Բիւրոյի Ներկայացուցիչ Հրանդ Մարգարեան

«Առճակատումն Այլեւս Ընդունելի Չէ» Հաստատեց ՀՅԴ Բիւրոյի Ներկայացուցիչ Հրանդ Մարգարեան

Զրոյցը վարեց` ԱԳՆԵՍԱ ԽԱՄՈՅԵԱՆ Ստորեւ ամբողջութեամբ կը ներկայացնենք հայրենի «Երկիր» օրաթերթին կատարած հարցազրոյցը ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Հրանդ Մարգարեանին հետ, որ մանրամասն կերպով խօսած է Դաշնակցութեան եւ Հայաստանի Հանրապետական կուսակցութեան միջեւ ստորագրուած համագործակցութեան համաձայնագիրին մասին` հաստատելով, որ ոեւէ մէկուն հետ համագործակցելու համար Դաշնակցութիւնը ոչ մէկ ատեն զիջում կատարած է իր ինքնուրոյնութենէն, իր ինքնաղեկավարումէն: Անդրադարձ կատարուած է նաեւ ապագայի հեռանկարներուն: ՀԱՐՑՈՒՄ.- ՀՅԴ-ՀՀԿ համագործակցութիւնն...

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէն  Ընդունեց Ընկերվար Յառաջդիմական  Կուսակցութեան Մէկ Պատուիրակութիւնը

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէն Ընդունեց Ընկերվար Յառաջդիմական Կուսակցութեան Մէկ Պատուիրակութիւնը

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի, փոխներկայացուցիչ Աւետիս Կիտանեան եւ Կեդրոնական կոմիտէի անդամ Րաֆֆի Աշգարեան երէկ «Շաղզոյեան» կեդրոնին մէջ ընդունեցին Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթի կողմէ գործուղուած պատուիրակութիւն մը, որուն մաս կազմեցին կուսակցութեան տեղեկատուական հարցերու պատասխանատու Ռամի Ռայես եւ երիտասարդական թեւի պատասխանատու Սալամ Ապտել Սամատ: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան շրջանային իրադարձութիւնները եւ Լիբանանի վրայ անոնց ունեցած ազդեցութիւնները:...

«Ատիս Երգի Ճամբով» Գիրքի  Շնորհահանդէսին Ընթացքին  «Կը Խոնարհիմ Արուեստասէր Ժողովուրդիս  Դիմաց Եւ Անոր Կ՛ըսեմ Շնորհակալութիւն»  Ըսաւ Ատիս Հարմանտեան

«Ատիս Երգի Ճամբով» Գիրքի Շնորհահանդէսին Ընթացքին «Կը Խոնարհիմ Արուեստասէր Ժողովուրդիս Դիմաց Եւ Անոր Կ՛ըսեմ Շնորհակալութիւն» Ըսաւ Ատիս Հարմանտեան

Երէկ` հինգշաբթի, 25 փետրուար 2016-ի երեկոյեան ժամը 7:00-ին, «Ազդակ»-ի «Փիւնիկ» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Ատիս Հարմանտեանի «Ատիս երգի ճամբով» գիրքի շնորհահանդէսը` հովանաւորութեամբ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսին եւ կազմակերպութեամբ «Վանայ Ձայն» ձայնասփիւռի կայանին: Բարի գալուստի խօսքով հանդէս եկաւ Հուրի Փափազեան-Էմիեան: Ան նախ անդրադարձաւ հայ երգին ու երաժշտութեան ներգործող դերին, ապա ըսաւ, թէ հայ երգը հայ ժողովուրդին տուած է ապրելու...

ՀՅԴ-ՀՀԿ Համագործակցութեան  Համաձայնագիրը Ստորագրուեցաւ. Դաշնակցութեան Առաջադրած Նախարարները  Եւ Մարզպետները Նշանակուեցան

ՀՅԴ-ՀՀԿ Համագործակցութեան Համաձայնագիրը Ստորագրուեցաւ. Դաշնակցութեան Առաջադրած Նախարարները Եւ Մարզպետները Նշանակուեցան

24 փետրուարին նախագահական նստավայրին մէջ Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան եւ Հայաստանի հանրապետական կուսակցութեան միջեւ ստորագրուեցաւ քաղաքական համագործակցութեան համաձայնագիր: Դաշնակցութեան կողմէ զայն ստորագրեց ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Աղուան Վարդանեան, Հայաստանի Հանրապետական կուսակցութեան կողմէ` կուսակցութեան փոխնախագահ Արմէն Աշոտեան: Անկէ ետք լրագրողներուն հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին Աղուան Վարդանեան ըսաւ, որ պաշտօններու հարցը այս համագործակցութեան առաջնահերթ հարցը չէ, բայց եւ այնպէս այդ առումով եւ...

Յայտարարութիւն

Յայտարարութիւն

Հայ քաղաքական երեք կուսակցութիւններու միջկուսակցական հերթական ժողովը տեղի ունեցաւ չորեքշաբթի, 24 փետրուար 2016-ի երեկոյեան, Թէքէեան կեդրոնին մէջ, Ժըմմէյզի, Պէյրութ: Հանդիպումը առիթ մըն էր քննարկելու Լիբանանն ու լիբանանահայութիւնը յուզող քաղաքական եւ ազգային հարցեր: Ժողովականները լիբանանահայութեան անվտանգութիւնը ամէն քաղաքական կամ կուսակցական շահերէ վեր դասեցին եւ ինչպէս պատմականօրէն եղած է` ծրագրեցին միասնաբար դիմագրաւել Լիբանանի եւ շրջանի քաղաքական ու ապահովական այն բոլոր խնդիրները, որոնք...

ՀՅԴ Լիբանանի Երիտասարդական  Միութեան Նախաձեռնութեամբ`  «Երուանդ Մոնոֆարեան» Գրադարանի Բացում

ՀՅԴ Լիբանանի Երիտասարդական Միութեան Նախաձեռնութեամբ` «Երուանդ Մոնոֆարեան» Գրադարանի Բացում

Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Լիբանանի երիտասարդական միութեան, երէկ` չորեքշաբթի, 24 փետրուարին, երեկոյան ժամը 8:00-ին, «Աբրահամ Աշճեան» երիտասարդական-ուսանողական կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ «Երուանդ Մոնոֆարեան» գրադարանի բացումը: Ձեռնարկին սկիզբը Երուանդ Մոնոֆարեանի քոյրերը` Մարի եւ Արմինէ Մոնոֆարեաններ, ՀՅԴ Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունիի եւ Երուանդ Փամպուքեանի հետ միասին հատեցին ժապաւէնը եւ կատարեցին գրադարանի բացումը: Բացման խօսքը արտասանեց ՀՅԴ ԼԵՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Մասիս Խաչերեան:...

Դասախօսական Երեկոյ` Նուիրուած  Տիեզերական Վարդապետ Ս. Գրիգոր Նարեկացիին

Դասախօսական Երեկոյ` Նուիրուած Տիեզերական Վարդապետ Ս. Գրիգոր Նարեկացիին

«Ս. Գրիգոր Նարեկացի» կեդրոնին եւ «Ազդակ»-ի համագործակցութեամբ երէկ` չորեքշաբթի, 24 փետրուար 2016-ի, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, Հայ կաթողիկէ «Մեսրոպեան» բարձրագոյն վարժարանի «Ֆարաճեան» լսարանին մէջ տեղի ունեցաւ դասախօսական երեկոյ մը` նուիրուած տիեզերական վարդապետ Ս. Գրիգոր Նարեկացիին: Վարդան վրդ. Գազանճեան Բարի գալուստի խօսքով հանդէս եկաւ հայր Վարդան վրդ. Գազանճեան: Ան ողջունելէ ետք ներկաները հակիրճ տողերով ներկայացուց Ս. Գրիգոր Նարեկացիի տիեզերական 36-րդ վարդապետ հռչակման...

ՀՅԴ ԶՈՄ.  Դաւիթ Պարսամեան Խօսեցաւ «Դրամատիրութեան Վերջալոյս»-ին Մասին

ՀՅԴ ԶՈՄ. Դաւիթ Պարսամեան Խօսեցաւ «Դրամատիրութեան Վերջալոյս»-ին Մասին

Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Զաւարեան ուսանողական միութեան «ԶՈՄ-Թոքզ»-ի հանդիպումներուն ծիրին մէջ շահեկան դասախօսութիւն մը տեղի ունեցաւ երեքշաբթի, 23 փետրուար, 2016-ի երեկոյեան ժամը 7:30-ին, «Ազդակ»-ի «Փիւնիկ» սրահին մէջ` ներկայութեամբ մտաւորականներու, հիւր անձնաւորութիւններու եւ հայ թէ օտար ուսանողներու խուռներամ բազմութեան: Միտքերու փոխանակման թափ տալու միտող այս նախաձեռնութեան` ԶՈՄ-Թոքզ-ի անունով Հրակ Աւետանեան բացուած յայտարարեց ձեռնարկը` սեղմ գիծերու մէջ ներկայացնելով օրուան բանախօսը` Դաւիթ Պարսամեանը, որուն ծնողքը...

Արման Թաթոյեան Ընտրուեցաւ Հայաստանի Մարդու Իրաւունքներու Պաշտպան

Արման Թաթոյեան Ընտրուեցաւ Հայաստանի Մարդու Իրաւունքներու Պաշտպան

Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովը աւարտեց մարդու իրաւունքներու պաշտպանի ընտրութեան փակ, գաղտնի քուէարկութիւնը: Քուէարկութեան մասնակցեցաւ 107 պատգամաւոր, անվաւեր ճանչցուեցաւ 4  քուէաթերթիկ: 96 պատգամաւոր «կողմ» քուէարկեց Արման Թաթոյեանի թեկնածութեան, 7-ը` «դէմ»: Քուէարկութեան արդիւնքներուն ամփոփումէն ետք  Արման Թաթոյեան, մօտենալով Ազգային ժողովի ամպիոնին, նախ շնորհակալութիւն յայտնեց «բարձր վստահութեան համար», այնուհետեւ երդում տուաւ. «Կ՛երդնում հաւատարիմ մնալով Հայաստանի Հանրապետութեան սահմանադրութեան եւ օրէնքներուն, պաշտպանել մարդու եւ քաղաքացիին...

Page 714 of 795 1 … 713 714 715 … 795

Արխիւներ