Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Եւրոպական Միութեան Դեսպանէն Պատասխան- Նամակ` ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինին

Ապրիլ 21, 2016
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Lassen1_41916

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէն ու Հայ դատի մարմինը ներկայացնող պատուիրակութիւն մը ուրբաթ, 8 ապրիլ 2016-ին այցելած էր Լիբանանի մէջ Եւրոպական Միութեան դեսպանատուն, ուր դեսպան Քրիսթինա Լասընի երկրէն բացակայութեան պատճառով հանդիպում ունեցած էր դեսպանատան առաջին քարտուղար, քաղաքական բաժանմունքի ղեկավար Մաչիէյ Կոլուպիեւսքիի հետ, որուն ներկայացուցած էր Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւն-Ազրպէյճան շփման գիծին վրայ տիրող կացութիւնը, Լեռնային Ղարաբաղի` Ազրպէյճանի կազմ վերադարձի անկարելիութիւնը եւ Եւրոպական Միութենէն իր ակնկալութիւնները: Պատուիրակութիւնը նաեւ նշեալ կէտերը ներառող, դեսպան Լասընիի հասցէագրուած նամակ մը փոխանցած էր Եւրոպական Միութեան դեսպանատան առաջին քարտուղարին:

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ դատի մարմինը Եւրոպական Միութեան դեսպան Քրիսթինա Լասընէն ստացաւ պատասխան-նամակ մը, որուն մէջ ան շնորհակալութիւն կը յայտնէ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապին մէջ քաղաքայիններու կացութեան նկատմամբ մտահոգութիւն արտայայտող մարմինին նամակին համար:

Դեսպան Լասըն իր նամակին մէջ կը յիշեցնէ այդ առնչութեամբ Եւրոպական Միութեան արտաքին քաղաքականութեան եւ անվտանգութեան հարցերով բարձրագոյն յանձնակատար Ֆետերիքա Մոկերինիի վերջերս Եւրոպական խորհրդարանին մէջ ուղղած կոչը` բռնարարքները անմիջապէս դադրեցնելու, քաղաքայինները թիրախ դարձնելուն վերջ տալու եւ զինադուլը խիստ կերպով յարգելու առումով:

Դեսպանը կը յիշեցնէ, որ Մոկերինի իր խօսքին մէջ վերահաստատած էր Եւրոպական Միութեան ամբողջական զօրակցութիւնը ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակին եւ անոր համանախագահներուն ջանքերուն` առնչակից երկու կողմերուն կոչ ուղղելով վերսկսելու տագնապի համապարփակ լուծման համար բանակցութիւնները:

Դեսպանը իր նամակով տեղեկացուց, թէ նկատի ունենալով, որ ՀՅԴ Լիբանանի Հայ դատի մարմինին կողմէ իրեն ուղղուած նամակին նիւթը շատ որոշակի է, նամակը պիտի փոխանցէ Պրիւքսէլի մէջ Եւրոպական արտաքին գործերու ծառայութեան այն պաշտօնատարներուն, որոնք կը համակարգեն Լեռնային Ղարաբաղի շրջանին մէջ Եւրոպական Միութեան քայլերը:

«Եւրոպական Միութիւնը առաւելագոյն մտահոգութեամբ կը հետեւի կացութեան, եւ մենք կը յուսանք, որ այս տագնապը լուծուի միայն խաղաղ միջոցներով», կ՛եզրափակէ Եւրոպական Միութեան դեսպանը:

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ դատի մարմինը շնորհակալութիւն յայտնեց դեսպան Լասընին իր փոխանցած նամակին նկատմամբ ցուցաբերած հետաքրքրութեան համար եւ նշեց, թէ Հայ դատի մարմինը եւս դեսպանին նման կը յուսայ, որ տագնապը լուծուի խաղաղ միջոցներով` աւելցնելով, որ այդ մէկը կրնայ իրականանալ միայն ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակին ձեւաչափով բանակցութիւններու միջոցով:

Հայ դատի մարմինը նաեւ այս առիթով կ՛ողջունէ Եւրոպական յանձնաժողովի նախագահ Ժան Քլոտ Եունքերի` Եւրոպական խորհուրդի խորհրդարանական վեհաժողովին (ԵԽԽՎ) մէջ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապին վերաբերող շատ հակիրճ, սակայն նոյնքան յստակ, թիրախաւորուած ու իր տեսակին մէջ աննախադէպ յայտարարութիւնը` զայն նկատելով 1994-ի զինադուլի եւ խաղաղ բանակցութիւններու ընտրանքի ամրապնդման յուսալի եւ օրինակելի քայլ մը:

Յիշեցնենք, որ Եունքեր պատասխանելով ԵԽԽՎ-ի մէջ Ազրպէյճանի ներկայացուցիչ Փաշայեւայի` Լեռնային Ղարաբաղի տագնապին վերաբերող հարցումին, ըսած էր. «Միակ բանը, որ կրնամ ըսել Ազրպէյճանին, հետեւեալն է` դադրեցուցէ՛ք կրակոցը, դադրեցուցէ՛ք կռիւը»:

 

Նախորդը

«Իրանն Ու Ռուսիան Պէտք Է Օգտագործեն Իրենց Կարելիութիւնները Ղարաբաղի Մէջ Խաղաղութեան Հասնելու Համար» Կ՛ըսէ Լարիժանի

Յաջորդը

Հանդիպում` Ասորական Եւ Եզիտիական Կազմակերպութիւններու Ներկայացուցիչներուն Հետ

RelatedPosts

Ակնարկ.  Անգարա-Պաքու Միացեալ Խաղը` Կազայի Հաշուոյն
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Անգարա-Պաքու Միացեալ Խաղը` Կազայի Հաշուոյն

Հոկտեմբեր 28, 2025
Այսօր Խորհրդարանի Նիստ. Շարք Մը Պլոքներ Նիստը Պոյքոթի Կ՛ենթարկեն
Գլխաւոր լուրեր

Այսօր Խորհրդարանի Նիստ. Շարք Մը Պլոքներ Նիստը Պոյքոթի Կ՛ենթարկեն

Հոկտեմբեր 28, 2025
Վատիկան Լեւոն ԺԴ.-ի Այցելութեան Ծրագիրը Հրապարակեց
Գլխաւոր լուրեր

Վատիկան Լեւոն ԺԴ.-ի Այցելութեան Ծրագիրը Հրապարակեց

Հոկտեմբեր 28, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?