Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայոց Ցեղասպանութեան 101-Ամեակին Նուիրուած Աշակերտական Հաւաքին Վերահաստատուեցաւ Նոր Սերունդին Կառչածութիւնը Իր Սրբազան Դատին

Ապրիլ 23, 2016
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

Schools4_42216

Հայոց ցեղասպանութեան 101-ամեակին առիթով, երէկ` ուրբաթ, 22 ապրիլի առաւօտեան ժամը 10:00-ին լիբանանահայ վարժարաններու բազմահազար աշակերտներ համախմբուեցան Անթիլիասի մայրավանքի Ս. Ստեփանոս մատրան դիմաց` իրենց յարգանքի տուրքը մատուցելու մեր մէկուկէս միլիոն նահատակներուն: Ազգային իշխանութեան Ուսումնական խորհուրդին կողմէ կազմակերպուած սոյն աշակերտական հաւաքին ներկայ էին Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեան, խորհրդարանի նախկին փոխնախագահ Էլի Ֆըրզլի, Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպան Սամուէլ Մկրտչեան, վարժարաններու տնօրէններ, կրթական խորհուրդներու ներկայացուցիչներ եւ կրթական մշակներ:

Հաւաքին սկիզբը բոլոր աշակերտները ծաղիկներ զետեղեցին մատրան առջեւ, ապա տեղի ունեցաւ ծաղկեպսակներու զետեղում` վարժարան առ վարժարան:

Ոգեկոչման հաւաքը բացուեցաւ առաջնորդ սրբազանին տէրունական աղօթքով, որմէ ետք բացման խօսքը արտասանեց Իզապէլ Տիարպի, որ հրաւիրեց ներկաները մէկ վայրկեան լռութեամբ յարգելու մեր մէկուկէս միլիոն նահատակներուն, նաեւ Արցախի մէջ զոհուած մեր հայրենակիցներուն յիշատակը: Ան շեշտեց, որ մեզ միացնողը համահայկական մեր դատն ու տեսլականն է, նաեւ` ազատ մարդու, անկախ պետականութեան եւ միացեալ հայրենիքի գաղափարը:

Աշակերտներուն կողմէ արաբերէն լեզուով խօսք արտասանեց Փերլա Պասէթ: Ան հաստատեց, որ 101 տարիէ մենք մեր իրաւունքներուն կառչած ենք, որովհետեւ գիտենք, թէ իրաւունքը չի մեռնիր, երբ պահանջատէր կայ անոր ետին: Ան նկատել տուաւ, որ տակաւին մինչեւ օրս մարդիկ կ՛ըսեն, թէ 24 ապրիլին հայ համայնքը կը նշէ Թուրքիոյ կողմէ ջարդի ենթարկուած ըլլալը եւ ըսաւ. «ա)Մենք համայնք չենք, այլ ազգ, որ ունի մշակոյթ, պատմութիւն, երկիր, նախագահ, անկախութիւն: Հայութիւնը կրօնական համայնք չէ, այլ` ազգային ինքնութիւն է: բ) Ջարդը գործադրուեցաւ ցեղասպանութեան նպատակով, եւ այս մէկը ոճիր է եւ պիտի մնայ ամօթալի արարք մը պատմութեան մէջ, եթէ զայն գործադրողները դատավարութեան չենթարկուին»: Պասէթ մաղթեց, որ Լիբանանի կրթական համակարգին մէջ ներառուի նաեւ Հայկական հարցը, իսկ իր խօսքը եզրափակելով կոչ ուղղեց աշխարհասփիւռ հայութեան` միասնական ոգիով դիմելու միջազգային ատեանին, որպէսզի արդիւնաւորուի մեր պահանջքը` Ցեղասպանութեան ճանաչում եւ իրաւունքներու արդար հատուցում:

Նաթալի Տէկիրմէնճեանի մեկնաբանութեամբ «Ատանայի կոտորածը» երգին յաջորդեց հայերէն լեզուով աշակերտական խօսքը, զոր ներկայացուց Թամար Կանիմեան: Ան նկատել տուաւ, որ 101 տարիներ ետք թուրք պետութիւնը խուսափելու համար իր անառարկելի պատասխանատուութենէն եւ արդար հատուցում կատարելու պարտականութենէն` կը յամառի կառչած մնալ ուրացումի եւ հերքումի իր վարքագիծին եւ ոչ մէկ առիթ կը փախցնէ ժխտելու Հայոց ցեղասպանութիւնը, նենգափոխելու պատմական իրողութիւնները եւ ցեղասպանեալը իբրեւ ցեղասպան դասակարգելու: «Նենգամիտ, խորամանկ, արիւնարբու թուրքը տակաւին կը փորձէ խաթարել հայուն ազգային նկարագիրը` մշակոյթի ճամբով, կը փորձէ թրքաբարոյ երեւոյթներով խլել հայ պատանիին ու երիտասարդին ազգային եւ բարոյական արժէքները», հաստատեց Կանիմեան եւ իր խօսքը եզրափակելով նշեց, որ 101 տարի առաջ եթէ չկրցանք ըլլալ մեր 1.5 միլիոն նահատակներուն հետ, այսօր կանք եւ հոգիով ու սրտով կը զօրակցինք հերոս ղարաբաղցիներուն:

Էլի Ֆըրզլի
Էլի Ֆըրզլի

Խորհրդարանի նախկին փոխնախագահ Էլի Ֆըրզլի այս առիթով արտասանած իր խօսքին մէջ գնահատեց լիբանանահայ վարժարաններու տնօրէններուն ունեցած դերակատարութիւնը սերունդներու դաստիարակութեան գործին մէջ եւ հպարտութիւն համարեց հայութեան հետ գործակցութիւնը` աւելցնելով, որ Լիբանան հպարտօրէն կրնայ յայտարարել, որ հայերը իր զաւակներն են: Ֆըրզլի հաստատեց, որ մեծ գոհունակութիւն կը զգայ երբ կը հրաւիրուի հայկական շրջանակներու կողմէ, որովհետեւ մանուկ հասակէն իր յաճախած վարժարանին մէջ ունեցած է հայ դասընկերներ, որոնք եղած են կրթութեան, կոկիկութեան եւ հաւատքի տիպարներ, որոնք հպարտ եղած են որպէս հայ իրենց պատկանելիութեամբ` միշտ յուսալով, որ ապագային պիտի ստանան իրենց արդար հատուցումը թուրք պետութենէն: Անդրադառնալով յիշատակի հաւաքին` ան կոչ ուղղեց միշտ յիշելու Ցեղասպանութիւնը, որպէսզի չմոռցուի անիկա, եւ թուրք պետութիւնը ստիպուած ըլլայ ընդունիլ հայութեան դէմ իր գործած սպանդը` հաստատելով, որ այդ արարքը չկրցաւ յաղթել հայուն, եւ հայութիւնը մնաց կանգուն իր մեծութեամբ:

Այնուհետեւ Շահէն Արապօղլեան ասմունքեց Պարոյր Սեւակի «Կոչեմ ապրողաց» քերթուածը:

Սամուէլ Մկրտչեան
Սամուէլ Մկրտչեան

Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպան Սամուէլ Մկրտչեան իր խօսքին մէջ հաստատեց, որ 1.5 միլիոն նահատակներուն յիշատակը միշտ վառ կը մնայ հայերուն սրտերուն մէջ` աւելցնելով, որ Արցախի մէջ տեղի ունեցած վերջին դէպքերը ապացոյց են, որ հայ ժողովուրդին գոյատեւման պայքարը չէ աւարտած, այլ կը շարունակուի, եւ պէտք է միշտ զգօն ըլլանք, որպէսզի յիշելով անցեալը, պահպանենք ներկան եւ շարունակենք կերտել մեր ապագան: Խօսքը ուղղելով աշակերտներուն` դեսպանը ըսաւ. «Ձեր ներկայութիւնը ապացոյց է, որ հայ ժողովուրդը յարատեւող է, եւ զայն բնաջնջելու նախորդ բոլոր փորձերը տապալած են, եւ դո՛ւք էք հայ ժողովուրդի յարատեւութեան ու շարունակութեան խորհրդանիշը, եւ ասիկա պէտք է ապահովէք կրթութեան, գիտութեան եւ լոյսի միջոցով, այսօր ինչ որ կը ստանաք, պէտք է փոխանցէք ձեր յաջորդներուն»: Ան նշեց, որ աշակերտները սրտերուն մէջ պահելով մեր անմեղ զոհերու յիշատակը, պէտք է իրենց հայեացքը ուղղեն դէպի ապագայ` փորձելով կերտել ներկան եւ կառուցել ապագայի հիմքերը, որովհետեւ միայն այդպէս կարելի է հասնիլ մեր ժողովուրդի նուիրական նպատակներու իրականացման:

Շահէ եպս. Փանոսեան
Շահէ եպս. Փանոսեան

«Ազատ Հայաստան» խմբային երգէն ետք հաւաքի եզրափակիչ խօսքը արտասանեց Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեան: Ան ըսաւ, որ աշակերտներու այս հաւաքին նպատակն է Հայոց ցեղասպանութեան մէկուկէս միլիոն նահատակներու աճիւններէն մեր կեանքին համար սրբութիւն քաղելը` աւելցնելով, որ 100-ամեակէն ետք մեր ժողովուրդը սուգ չունի, այլ ունի աշխատանք, պայքար, որպէսզի մեր ճիգով մեր ժողովուրդին ձեռքէն բռնի կերպով խլուած իրաւունքները միջազգային ճանաչողութեամբ վերադարձուին մեզի` արդարութիւն տնօրինելով հայ ժողովուրդին: «Այսօր մենք հոս կը գտնուինք, որպէսզի մեր պատմութեան հետ մեր ուխտը վերանորոգենք, եւ այդ գիտակցութիւնը մեր վարժարաններուն ճամբով կը ջամբուի մեր ժողովուրդի զաւակներուն, որպէսզի սերունդէ սերունդ հաւատարմօրէն ապրինք մեր ինքնութիւնը եւ մնանք պահանջատէր պատմութեան դիմաց», շեշտեց առաջնորդ սրբազանը` մաղթելով, որ նոր սերունդի զաւակներուն մէջ զօրանայ հաւատարմութիւնն ու գիտակցութիւնը:

Աշակերտական հաւաքը եզրափակուեցաւ «Կիլիկիա» երգով:

 

 

Նախորդը

Քայլարշաւ Պուրճ Համուտէն Ժեհթաուի Եւ Մեծ Եղեռնի Նահատակներու Յիշատակի Ոգեկոչում Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքարանին Մէջ

Յաջորդը

«Կամար» Դաշնամուրային Երկեակը Տպաւորիչ Կերպով Ներկայացուց Հայկական Արժէքներ

RelatedPosts

Իսրայէլեան Լայնածաւալ Օդային  Յարձակում` Իրանի Վրայ
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլեան Լայնածաւալ Օդային Յարձակում` Իրանի Վրայ

Յունիս 14, 2025
Իրանի Վրայ Իսրայէլեան Յարձակումին  Միջազգային Արձագանգներ
Գլխաւոր լուրեր

Իրանի Վրայ Իսրայէլեան Յարձակումին Միջազգային Արձագանգներ

Յունիս 14, 2025
Իրան Պիտի Չմասնակցի Կիրակի Օր Մասքաթի Մէջ  Միացեալ Նահանգներու Հետ Բանակցութիւններուն
Գլխաւոր լուրեր

Իրան Պիտի Չմասնակցի Կիրակի Օր Մասքաթի Մէջ Միացեալ Նահանգներու Հետ Բանակցութիւններուն

Յունիս 14, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?