Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Տեղի Ունեցաւ Լրագրողներու Համահայկական Համաժողովները Համակարգող Մարմինի Նիստը

Ապրիլ 22, 2016
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

Journalists_42116

21 ապրիլին տեղի ունեցաւ Լրագրողներու համահայկական համաժողովները համակարգող մարմինի նիստը, որուն կը մասնակցէր Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի  նախարար  Հրանուշ  Յակոբեան:

Նիստը կը վարէր «Ազդակ»-ի գլխաւոր խմբագիր, Լրագրողներու համահայկական համաժողովները համակարգող մարմինի նախագահ Շահան Գանտահարեան:

Նիստին կը մասնակցէին Հայաստանի Լրագրողներու միութեան նախագահ Աստղիկ Գէորգեան, Միացեալ Նահանգներու «Քալիֆորնիա Քուրիըր» շաբաթաթերթի գլխաւոր խմբագիր Յարութ Սասունեան, Միացեալ Նահանգներէն լրագրողներ Յակոբ Վարդիվառեան եւ Պայծիկ Գալայճեան, Լրատուամիջոցներու համահայկական ընկերակցութեան նախագահ Տիգրան Յարութիւնեան, Երեւանի պետական համալսարանի  լրագրողներու բաժանմունքի վարիչ Նաղաշ Մարտիրոսեան, Երեւանի պետական համալսարանի լրագրողներու բաժանմունքի դասախօս Աստղիկ Աւետիսեան, սփիւռքի նախարարութեան տեղեկատուութեան եւ հեռահաղորդակցութեան վարչութեան պետ Վաղինակ Վարդանեան, սփիւռքի նախարարութեան աշխատակազմի մամլոյ եւ հասարակութեան հետ կապերու վարչութեան պետ Էվելինա Բաղդասարեան, նախարարութեան այլ աշխատակիցներ: Նիստին հեռակապով միացած էին նաեւ Արցախի Լրագրողներու  միութեան նախագահ Կիմ Գաբրիէլեան, Ֆրանսայի «Նոր Յառաջ» թերթի գլխաւոր խմբագիր Ժիրայր Չոլաքեան, Իրանի «Ալիք» օրաթերթի գլխաւոր խմբագիր Դերենիկ Մելիքեան, Լիբանանի «Խօսնակ» ամսագիրի գլխաւոր խմբագիր Համբիկ Մարտիրոսեան, Չեխիոյ «Օրեր» ամսագիրի գլխաւոր խմբագիր Յակոբ Ասատրեան, Լիբանանի «Զարթօնք» օրաթերթի գլխաւոր խմբագիր Սեւակ Յակոբեան, Քանատայի «Հորիզոն» շաբաթաթերթի գլխաւոր խմբագիր Վահագն Գարագաշեան:

Ողջունելով նիստին մասնակիցները` նախարար Հրանուշ Յակոբեան նախ անդրադարձաւ 2-6 ապրիլին Լեռնային Ղարաբաղի սահմանին Ազրպէյճանի գործած լայնածաւալ զինուորական յարձակումին: «Մեզի համար այդ ծանրագոյն օրերուն սփիւռքի հայկական համայնքները համախմբուեցան եւ ամէնէն տարբեր, մեծածաւալ օգնութիւնը ցուցաբերեցին Արցախին: Մինչեւ այսօր Լեռնային Ղարաբաղի մէջ բացուած պաշտօնական դրամատնային հաշիւին կը փոխանցուին գումարներ, կը կազմակերպուին դրամահաւաքներ, Արցախ կ՛առաքուին մարդասիրական բեռներ, Ռուսիայէն կ՛ուղարկուին տարբեր մեքենաներ: Շնորհակալ ենք բոլորին: Պէտք է շեշտել, որ սփիւռքի մէջ գործող մեր լրատուամիջոցներուն արագ արձագանգման շնորհիւ էր, որ մեր հայրենակիցները անմիջապէս տեղեկացան, համախմբուեցան եւ 50-է աւելի երկիրներու մէջ կազմակերպեցին Արցախի պաշտպանութեան  նուիրուած ու Ազրպէյճանի յարձակումները դատապարտող ցոյցեր, բողոքի երթեր, դատապարտող վերաբերմունք դրսեւորելու համար նամակներով դիմեցին իրենց բնակութեան երկիրներու իշխանութիւններուն», նշեց Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարարը` աւելցնելով. «Ազրպէյճան իրականացուցած է զինուորական յանցագործութիւն, եւ այդ մասին մենք պէտք է կարենանք կարելի եղածին չափ շատ գրել` իրականութիւնը ներկայացնելով համաշխարհային հանրութեան, ձեւաւորելով ղարաբաղեան հարցին վերաբերեալ ճիշդ պատկերացում եւ մօտեցում: Հայ ժողովուրդը 10 միլիոննոց բանակ դարձաւ: Մենք պէտք է յառաջ տանինք Արցախի անկախութեան միջազգային ճանաչման հոլովոյթը: Միայն Հայաստան-Արցախ-սփիւռք եռամիասնութեամբ եւ մէկ բռունցք դարձած մենք կրնանք յաղթահարել մեր առջեւ ծառացած մարտահրաւէրները»:

Համաժողովին մասնակիցները ներկայացուցին իրենց համայնքներուն մէջ տեղի ունեցած զարգացումները եւ լրատուամիջոցներուն մէջ տեղ գտած արձագանգները:

Օրակարգին վրայ էին հետեւեալ հարցերը` «Ազրպէյճանական յարձակումներու լուսաբանման խնդիրները շրջանի երկիրներու պաշտօնական եւ ոչ պաշտօնական լրատուամիջոցներուն մէջ», «Հայոց ցեղասպանութեան 101-րդ տարելիցի ծրագիրները սփիւռքի համայնքներուն մէջ», «Լրագրողներու համահայկական 8-րդ համաժողովի նիստերու նիւթերը»:

Անդրադառնալով «Ազրպէյճանական յարձակումներու լուսաբանման խնդիրները շրջանի երկիրներու լրատուամիջոցներուն մէջ» հարցին` նիստին  մասնակիցները կարեւոր նկատեցին հարցին քարոզչութիւնը օտար լեզուներով կազմակերպելու, յարձակումներու օրերուն հայկական եւ սփիւռքի լրատուամիջոցներու համախմբուած աշխատանքին շնորհիւ Ազրպէյճանի կողմէ իրականացուող ապատեղեկատուական հոսքերուն մէջ չներքաշուելու եւ ի վերջոյ` սփիւռքի համայնքներուն ազգային տուրք իրականացնելուն վերաբերող հարցերը:

 

Նախորդը

Թուրքիոյ Խորհրդարանին Մէջ Յայտնուած Են Ցեղասպանութեան Զոհ Դարձած Հայ Երեսփոխաններուն Լուսանկարները

Յաջորդը

Սիկիլիոյ Նահանգային Խորհրդարանը Միաձայնութեամբ Ճանչցած Է Հայոց Ցեղասպանութիւնը

RelatedPosts

Պատմութեան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով`  Ամերիկացի Կարտինալ Մը` Ռապըրթ  Փրեւոսթ Դարձաւ Լեւոն ԺԴ. Պապ
Գլխաւոր լուրեր

Պատմութեան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով` Ամերիկացի Կարտինալ Մը` Ռապըրթ Փրեւոսթ Դարձաւ Լեւոն ԺԴ. Պապ

Մայիս 9, 2025
Խօսքը Ուղղելով Կեդրոնական Դրամատան  Կառավարիչին Եւ Փոխկառավարիչներուն`  Նախագահ Աուն. «Դրամատնային Համակարգին Նկատմամբ  Ներքին Ու Արտաքին Վստահութեան Վերականգնման Մէջ Ձեր Պատասխանատուութիւնը Մեծ Է»
Գլխաւոր լուրեր

Խօսքը Ուղղելով Կեդրոնական Դրամատան Կառավարիչին Եւ Փոխկառավարիչներուն` Նախագահ Աուն. «Դրամատնային Համակարգին Նկատմամբ Ներքին Ու Արտաքին Վստահութեան Վերականգնման Մէջ Ձեր Պատասխանատուութիւնը Մեծ Է»

Մայիս 9, 2025
Պաքուի Մէջ Ազրպէյճանի Միջնորդութեամբ  Թուրք-Իսրայէլեան Բանակցութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Պաքուի Մէջ Ազրպէյճանի Միջնորդութեամբ Թուրք-Իսրայէլեան Բանակցութիւններ

Մայիս 9, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?