Կառավարութիւնը Համաձայնութիւնը Յայտնեց Ընտրական Օրէնսգիրքի Նախագիծի Ծրարին
Երէկ, Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութիւնը իր նիստին ընթացքին համաձայնութիւն տուաւ Ընտրական օրէնսգիրքի նախագիծին: Համաձայնութիւն տրուեցաւ նաեւ նոյն օրէնսդրական ծրարին մէջ ընդգրկուած շարք մը օրէնքներու եւ օրէնսգիրքերու, որոնց շարքին` Քրէական եւ Վարչական իրաւախախտումներու վերաբերեալ օրէնսգիրքերու, Սահմանադրական դատարանի մասին, պատկերասփիւռներու եւ ձայնասփիւռներու կայաններու մասին, Տեղական ինքնակառավարման մասին, Երեւանի մէջ տեղական ինքնակառավարման մասին, Կուսակցութիւններու մասին օրէնքներուն մէջ առաջարկուող փոփոխութիւններուն ու լրացումներուն: Ծրարը ներկայացուց կառավարութեան...




















