Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Շաւարշ Քոչարեան. «Սեղանին Որեւէ Փաստաթուղթ Չկայ»

Ապրիլ 22, 2016
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Shavarsh_42116

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի Հայաստան այցելութեան նախօրեակին պաշտօնական Երեւանը յայտարարած է, որ ղարաբաղեան բանակցութիւններու սեղանին վրայ որեւէ փաստաթուղթ չկայ:

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարին այցելութենէն առաջ ռուսական քանի մը ազդեցիկ թերթեր գրած էին, որ Լաւրով Երեւան պիտի բերէ ղարաբաղեան տագնապի լուծման որոշ ծրագիր` նաեւ անդրադառնալով հոն տեղ գտած կարգ մը կէտերու:

Կառավարութեան նիստէն ետք լրագրողները այս մասին հարցուցած են Հայաստանի արտաքին գործոց փոխնախարար Շաւարշ Քոչարեանին, որ բացատրած է. «Փաստաթուղթը Մատրիտն է, Քազանն է, բայց յստակ այս պահուն փաստաթուղթ չկայ: Լաւրովը կու գայ ոչ թէ պատասխան ստանալու համար, այլ ասիկա իր այցելութիւնն է, որուն ընթացքին պիտի քննարկուի յարաբերութիւններու լայն շրջանակ: Եւ բնական է` կարելի չէ շրջանցել, այն ալ Ազրպէյճանի այս վերջին սանձազերծուած գործողութիւններէն ետք իրավիճակը` կապուած Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի խաղաղ լուծման հետ»: Ան աւելցուցած է, որ ռուսական թերթերուն մէջ գրուածներուն մեծամասնութիւնը շատ հեռու է իրականութիւն ըլլալէ:

Շաւարշ Քոչարեանի համաձայն, ղարաբաղեան բանակցութիւններուն մէջ Հայաստանի պաշտօնական դիրքորոշումը անփոփոխ է: «Աւելին ըսեմ` ներկայ իրավիճակին մէջ անկարելի է հաշուի չառնել Ազրպէյճանի այն կեցուածքը, այն յարձակումները, որ կատարեց` խախտելով արդէն գոյութիւն ունեցող երեք եռակողմանի համաձայնագիրներ: Եւ բնական է` բանակցային արդէն ապագայ հոլովոյթին համար, նախ եւ առաջ, պէտք է երաշխաւորուած ըլլայ զինադադարը, որովհետեւ երբ կը կրակեն, բանակցիլը անկարելի է», նշած է ան:

Ըստ անոր, շրջանառութեան մէջ դրուած է «յետաձգուած հանրաքուէ»-ի գաղափարը, զոր միջնորդները առաջարկած են, որպէսզի Ազրպէյճանի իշխանութիւնները կարենան փրկել իրենց դէմքը եւ ժամանակ ունենան իրենց ժողովուրդին հանրաքուէի անհրաժեշտութիւնը հրամցնելու:

 

Նախորդը

Աղուան Վարդանեան Կը Բացառէ Միակողմանի Զիջումները

Յաջորդը

«ԱԶԴԱԿ»-իՆ Տուած Յատուկ Հարցազրոյցին Ընթացքին. «Մեր Բոլոր Յաղթանակների Հիմքում Ընկած Է Հայաստան – Արցախ – Սփիւռք Եռամիասնութիւնը» Կը Հաստատէ Դաւիթ Բաբայեան

RelatedPosts

Խմբագրական  «Փիս Էքթ»-ը  Չի Կրնար Թերթել Արցախի Էջը
Գլխաւոր լուրեր

Խմբագրական «Փիս Էքթ»-ը Չի Կրնար Թերթել Արցախի Էջը

Հոկտեմբեր 16, 2025
«Անկախներ Լիբանանի Համար» Հանդիպման Պատուիրակութիւնը Կ՛այցելէ «Շաղզոյեան» Կեդրոն
Գաղութային

«Անկախներ Լիբանանի Համար» Հանդիպման Պատուիրակութիւնը Կ՛այցելէ «Շաղզոյեան» Կեդրոն

Հոկտեմբեր 16, 2025
Կալուզին. «Չի Բացառուիր, Որ Լեռնային Ղարաբաղէն  Հեռացածները Որոշ Փուլի Որոշեն Վերադառնալ.  Խաղաղապահներու Ներկայութիւնը Այս Մարդոց Համար  Պիտի Դառնայ Հանգստութեան Լրացուցիչ Գործօն»
Հայկական

Կալուզին. «Պաքուի Եւ Երեւանի Միջեւ Վերջնական Հաշտութիւնը Պէտք Է Ստորագրուի Մոսկուայի Մէջ»

Հոկտեմբեր 16, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?