
Երէկ լիբանանահայութիւնը անգամ մը եւս եկաւ ապացուցելու, որ ինք տէրն է համահայկական խնդիրներուն եւ առաջնային դիրքերու վրայ կը բերէ իր աչալուրջ եւ գործնական մասնակցութիւնը:
Երէկ լիբանանահայութիւնը նաեւ հաստատեց, որ ինք չի կրնար անմասն մնալ Արցախի դէմ Ազրպէյճանի շղթայազերծած պատերազմին ստեղծած համահայկական համախմբումի մթնոլորտէն եւ անպայմանօրէն ունի իր ե՛ւ ըսելիքը, ե՛ւ ընելիքը:
Երէկ լիբանանահայութիւնը` իր բոլոր համայնքներով, քաղաքական ուժերով եւ տարիքային ճիւղաւորումներով շեշտեց, որ ինք Արցախի մէջ կռուող եւ սահմանները պահպանող իւրաքանչիւր զինուորի կողքին է եւ պատրաստ է իր մասնակցութիւնը բերելու բոլոր միջոցներով պահպանելու հայրենի հողը:
Երէկ լիբանանահայութիւնը ամրապնդեց իր ուխտը եւ «Զօրակցի՛նք Արցախին» կարգախօսին ներքեւ համաժողովրդային մասնակցութիւն բերաւ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի նախաձեռնած ռատիոթոնին:
Երէկ լիբանանահայութիւնը վերստին այսօրուան համազգային խնդիրին շուրջ միակամ էր, համախմբուած, ուժեղ եւ ազդեցիկ:
ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէին նախաձեռնած «Զօրակցի՛նք Արցախին» կարգախօսով ռատիոթոնը սկսաւ երէկ` չորեքշաբթի, 20 ապրիլ 2016-ին, առաւօտեան ժամը 10:00-ին, Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան քայլերգով: Ռատիոթոնին բացումը կատարեց Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեան, որ նշեց, թէ Արցախի վերջին դէպքերը ցոյց տուին, որ հայոց բանակը անպարտելի է, եւ համաժողովրդային մասնակցութիւնը մեծապէս կը նպաստէ բանակի զարգացման եւ հայրենիքի բարգաւաճման: Առաջնորդ սրբազանը յայտնեց, որ նուիրական պահ է Արցախին նուիրուած դրամահաւաքը, որուն մասնակցութիւնը իւրաքանչիւր հայորդիի պարտականութիւնն է: Ապա ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի անդամ Յակոբ Հաւաթեան ներկայացուց նախաձեռնութեան նպատակը, կազմակերպչական աշխատանքներն ու ընթացքը:
Ամբողջ օրուան ընթացքին «Վանայ ձայն»-ի սթիւտիոյին եւ «Շաղզոյեան» կեդրոնին դիմաց տեղադրուած տաղաւարին մէջ լիբանանահայ երեք յարանուանութիւններու պետերը, նախկին եւ ներկայ նախարարներ եւ երեսփոխաններ, հոգեւորականներ, լիբանանահայ կառոյցներու, պատկան մարմիններու եւ միութիւններու տնօրէններ եւ ներկայացուցիչներ, վարժարաններու տնօրէններ, ուսուցիչներ եւ աշակերտներ, արուեստագէտներ, գործատէրեր, վաճառականներ եւ մարզիկներ ներկայացուցին իրենց զգացումները եւ ուղղեցին զօրակցական կոչերը:
Իսկ հայորդիները հեռաձայնային կապերով եւ անձամբ ներկայացան «Շաղզոյեան» կեդրոնին կից գտնուող տաղաւարներուն եւ կատարեցին իրենց նիւթական նուիրատուութիւնները: Այստեղ ներկայ էին բոլորը` ծերունին, երիտասարդը, մանուկը, անկարը, նոյնիսկ նիւթական դժուարութիւններ ունեցողները իրենց կարելի սահմաններուն մէջ բերին իրենց ոգեւորիչ մասնակցութիւնը: Եռուզեռ մը, որ երբեք կանգ չառաւ եւ օրուան ամբողջ տեւողութեան շարունակուեցաւ, երբ նոյնիսկ շատեր տասնեակ վայրկեաններ սպասեցին, մինչեւ որ իրենց կարգը հասնի…
Հեռաձայնային զրոյցներով Արցախէն իրենց ուղերձները յղեցին Արցախի թեմի առաջնորդ Պարգեւ արք. Մարտիրոսեան, ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան ղեկավար Դաւիթ Իշխանեան, Արցախի Կեդրոնական կոմիտէի անդամ, Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի փոխնախագահ Վահրամ Բալայեան, Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան փոխվարչապետ Արթիւր Աղաբեկեան եւ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի նախագահ Աշոտ Ղուլեան, Հայաստանէն` ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ, Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան քարտուղար Աղուան Վարդանեան:
Ռատիոթոնի աւարտը ճշդուած էր երեկոյեան ժամը 6:00-ը, սակայն ժողովրդային մեծաթիւ մասնակցութեան պատճառով անիկա երկարաձգուեցաւ մինչեւ 7:30:
Աւարտին խօսք առաւ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի (երեսփոխան Բագրատունիի խօսքը կու տանք առանձին):
Յակոբ Բագրատունի հաստատեց, որ «Զօրակցի՛նք Արցախին» ռատիոթոնին լիբանանահայութիւնը հանգանակեց 274.770 ամերիկեան տոլար:
Ռատիոթոնի «Վանայ ձայն»-ի հաղորդավարներն էին Լորիկ Սապունճեան-Ծատուրեան, Հուրի Փափազեան-Էմմիեան եւ Մարալ Հարպոյեան: Հարցազրոյցներու համադրումը կատարեց Րաֆֆի Տեմիրճեան: Ամբողջ օրուան ընթացքին աւելի քան տասնհինգ կամաւորներ մասնակից դարձան ռատիոթոնի կազմակերպման աշխատանքներուն:
Ռատիոթոնը «Վանայ ձայն»-ի կողքին ուղղակիօրէն սփռուեցաւ նաեւ ՀՅԴ Լիբանանի կառոյցի դիմատետրի պաշտօնական էջին վրայ:
https://www.facebook.com/tashnag/?fref=ts

















