
Միացեալ Նահանգներու դեսպանատան գործակատար դեսպան Ռիչըրտ Ճոնզ այցելեց «Շաղզոյեան» կեդրոն, ուր հանդիպում ունեցաւ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունիի հետ: Հանդիպումին ներկայ էին դեսպանատան խորհրդական Ճորճ Օլտրիճ եւ Կեդրոնական կոմիտէի փոխներկայացուցիչ Աւետիս Կիտանեան:
Մէկուկէս ժամ տեւած հանդիպումին արծարծուեցան լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները, Սուրիոյ տագնապն ու սուրիացի գաղթականներու խնդիրը, ինչպէս նաեւ Լիբանանի հայութիւնը յուզող հարցերը:
Բագրատունի այս առիթով Միացեալ Նահանգներու դեսպանին լայն տեղեկութիւններ փոխանցեց ՀՅ Դաշնակցութեան մասին` շեշտելով անոր դերակատարութիւնը Լիբանանի քաղաքական կեանքին մէջ` անցեալին ու ներկայիս: Ան անհրաժեշտ նկատեց երկխօսութեան ճամբով լուծել ներքին տարակարծութիւնները եւ վերակենդանացնել ժողովրդավարական սկզբունքները:


