Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Այն Թինէի Մէջ Գումարուեցաւ Ազգային Երկխօսութեան 17-րդ Նիստը

Ապրիլ 21, 2016
| Գլխաւոր լուրեր, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Hiwar_41916

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ նախագահեց Ազգային երկխօսութեան 17-րդ նիստին` ներկայութեամբ վարչապետ Թամմամ Սալամի եւ քաղաքական զանազան ուժերու ներկայացուցիչներուն, որոնց կարգին` ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի, ընկերակցութեամբ` ուժանիւթի եւ ջուրերու հարցերու նախարար Արթիւր Նազարեանի:

Աւելի քան երկու ժամ տեւած խորհրդակցութեանց առանցքը կազմեցին երկրին հրատապ հիմնահարցերը, յատկապէս` խորհրդարանի օրէնսդիր իշխանութեան վերակենդանացման քայլերն ու ընտրական օրէնքի վերամշակման կարելիութիւնները: Կարծիքներու փոխանակումէն ետք եւ նախքան ժողովի աւարտը, Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան նախագահ, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ եւ Մարատա հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Սլէյման Ֆրենժիէ լքեցին ժողովը` առանց որեւէ յայտարարութիւն կատարելու: Լրագրողներու կողմէ հարցապնդուելով` երեսփոխան Ֆրենժիէ ըսաւ. «Լռութիւնը ոսկի է»: Պըրրիի քաղաքական օգնական եւ ելեւմուտքի նախարար Ալի Հասան Խալիլ «լաւ» որակեց ժողովին մթնոլորտը` աւելցնելով, որ ժողովականները լսած են խորհրդարանի նախագահին առաջարկած բանաձեւը օրէնսդրական նիստի գումարման համար, որուն օրակարգը պիտի ճշդուի խորհրդարանի դիւանին կողմէ: Խալիլ նաեւ ընդգծեց, որ Պըրրի նախանձախնդիր գտնուած է միջլիբանանեան Ազգային ուխտի տրամադրութեանց պահպանման, «որոնց կիրարկման հաւատարիմ գտնուած է ան իր երկարամեայ գործունէութեան տեւողութեան»: Նշեալ օրէնսդիր ժողովին պիտի վերանայուի խորհրդարանի նախկին որոշումներէն մէկը, ըստ որուն ընտրական (վերամշակուած) օրէնքը պիտի չվաւերացուի նախքան նախագահի ընտրութիւնը:

Երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի յայտնեց, որ երկարատեւ խորհրդակցութիւններ եղան, որոնց ընթացքին արծարծուեցաւ օրէնսդիր ընդհանուր ժողովի գումարման կարելիութիւնը կամ այսպէս կոչուած անհրաժեշտ հարցերու օրինականացումը  եւ այս գծով խորհրդարանի նախագահը ներկայացուց կարգ մը առաջարկներ: Բագրատունի նաեւ աւելցուց, որ արծարծուած է ընտրական օրէնքի վերամշակման հարցը, որուն գծով խորհրդարանի նախագահը մինչեւ շաբաթավերջ պիտի տեղեկանայ կողմերու կեցուածքներուն մասին, որոնց լոյսին տակ պիտի գումարուի օրէնսդիր ժողովը, ապա պիտի կատարուի ընտրական օրէնքի վաւերացումը:

Իսկ նախկին վարչապետ Նեժիպ Միքաթի յայտնեց, որ Պըրրի նշեալ օրէնսդիր ժողովի գումարման ընթացքին պիտի ներկայացնէ առաջադրուող ընտրական վերամշակուած օրէնքի տարազը` առ ի վաւերացում: «Սակայն ես կը խորհիմ, որ ատիկա պէտք է ըլլայ նախագահի ընտրութենէն ետք` նկատի ունենալով, որ նախագահը լիազօրութիւն ունի վերատեսութեան ենթարկելու առաջադրուած բանաձեւը եւ ի հարկին` ետ մղելու»:

Նախորդը

Պատկերասփիւռի «Մանար» Կայանի Զօրակցական Հաւաք. «Ամէն Ձեւով Կը Զօրակցիմ Մամլոյ Ազատութեան» Ընդգծեց Տեղեկատուութեան Նախարարը

Յաջորդը

«Իրանն Ու Ռուսիան Պէտք Է Օգտագործեն Իրենց Կարելիութիւնները Ղարաբաղի Մէջ Խաղաղութեան Հասնելու Համար» Կ՛ըսէ Լարիժանի

RelatedPosts

Ակնարկ.  Անգարա-Պաքու Միացեալ Խաղը` Կազայի Հաշուոյն
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Անգարա-Պաքու Միացեալ Խաղը` Կազայի Հաշուոյն

Հոկտեմբեր 28, 2025
Այսօր Խորհրդարանի Նիստ. Շարք Մը Պլոքներ Նիստը Պոյքոթի Կ՛ենթարկեն
Գլխաւոր լուրեր

Այսօր Խորհրդարանի Նիստ. Շարք Մը Պլոքներ Նիստը Պոյքոթի Կ՛ենթարկեն

Հոկտեմբեր 28, 2025
Նախագահ Աուն. «Արտերկրի Լիբանանցիները Իրաւունք Ունին Քաղաքական Կեանքին Մասնակցելու»
Լիբանանեան

Նախագահ Աուն. «Արտերկրի Լիբանանցիները Իրաւունք Ունին Քաղաքական Կեանքին Մասնակցելու»

Հոկտեմբեր 28, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?