Գլխաւոր լուրեր

Գերմանիոյ «Կանաչներ»-ը Կը Խոստանան 25 Փետրուարին «Գորգին Տակէն Հանել» Ցեղասպանութեան Հարցը

Գերմանիոյ «Կանաչներ»-ը Կը Խոստանան 25 Փետրուարին «Գորգին Տակէն Հանել» Ցեղասպանութեան Հարցը

Հայաստանի Հանրային ձայնասփիւռի կայանը կը հաղորդէ, թէ Գերմանիոյ խորհրդարանը 25 փետրուարի նիստի իր օրակարգին մէջ ներառած է Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին առնչուող հարցը, զոր քննարկելու համար առաջարկ ներկայացուցած էր «Միութիւն 90-Կանաչներ» խմբակցութիւնը: 25 փետրուարին, օրուան երկրորդ կիսուն, Պերլինի ժամանակացոյցով ժամը 15:45-ին, քաղաքական այդ ուժը հանդէս պիտի գայ զեկուցումով մը, որուն ներկայացման եւ քննարկման համար նախատեսուած է 45 վայրկեան: Գերմանիոյ «Կանաչներ» կուսակցութեան...

Համաշխարհային Դրամատունը Հայաստանին Նոր Վարկ Տրամադրած Է

Համաշխարհային Դրամատունը Հայաստանին Նոր Վարկ Տրամադրած Է

23 փետրուարին Հայաստանի Հանրապետութեան ելեւմուտքի  նախարար Գագիկ Խաչատրեան եւ Համաշխարհային դրամատան Հարաւային Կովկասի շրջանային տնօրէն Մերսի Թեմպոն ստորագրած են վարկային համաձայնագիր մը, որուն հիման վրայ Համաշխարհային դրամատունը Հայաստանին պիտի տրամադրէ 55 միլիոն ամերիկեան  տոլար գումարի չափով վարկ` 25 տարի մարման ժամկէտով, որմէ 14,5-ը` արտօնեալ: Վերակառուցման եւ զարգացման միջազգային դրամատան հետ ստորագրուած «Տեղական տնտեսութեան եւ ենթակառուցուածքներու  զարգացման ծրագիրի» վարկային համաձայնագիրով կը...

Հայոց Ցեղասպանութեան Ճանաչման Բանաձեւը Ներկայացուցիչներու Տան Մէջ Ունի 60, Իսկ Ծերակոյտի Մէջ` 20 Աջակից

Հայոց Ցեղասպանութեան Ճանաչման Բանաձեւը Ներկայացուցիչներու Տան Մէջ Ունի 60, Իսկ Ծերակոյտի Մէջ` 20 Աջակից

Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբը կը հաղորդէ, որ Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու տան մէջ Հայոց ցեղասպանութեան մասին ներկայացուած թիւ 154 «Ճշմարտութիւն եւ արդարութիւն» բանաձեւը, որ ներկայացուցած են քոնկրեսականներ Էտըմ Շիֆ, Ռոպըրթ Տոլտ, Տէյվիտ Վլատաու եւ Ֆրենք Փալոն, այս պահուս ունի 60 աջակից: Բանաձեւին մէջ կը նշուի, որ Հայոց ցեղասպանութիւնը սկսած է 24 ապրիլ 1915-ին` օսմանեան Թուրքիոյ պաշտօնատարներուն կողմէ հայ մտաւորականներու, քաղաքական գործիչներու...

Հովանաւորութեամբ Նախարար Ռամզի Ժրէյժի.  Լուսանկարիչ Ժորժ  Սեմերճեան Իր Նահատակութեամբ Եւ Րաֆֆի Պէրպէրեան Իր Ոսպնեակով Մասնակցեցան «Նահատակ Լուսանկարիչի Օր»-ուան Նշումին

Հովանաւորութեամբ Նախարար Ռամզի Ժրէյժի. Լուսանկարիչ Ժորժ Սեմերճեան Իր Նահատակութեամբ Եւ Րաֆֆի Պէրպէրեան Իր Ոսպնեակով Մասնակցեցան «Նահատակ Լուսանկարիչի Օր»-ուան Նշումին

Հովանաւորութեամբ տեղեկատուութեան նախարար Ռամզի Ժրէյժի եւ կազմակերպութեամբ Լուսանկարիչներու սենտիքային, երկուշաբթի, 22 փետրուար 2016-ին, կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին, զբօսաշրջութեան նախարարութեան ապակեայ սրահին մէջ նշուեցաւ «Նահատակ լուսանկարիչի օր»-ը` «Մեր կեանքը աւելի զօրաւոր է, քան ձեր մահը» կարգախօսով: Լիբանանեան ուսումնասիրութեանց եւ հրատարակութեանց տնօրէնութեան հետ գործակցաբար իրագործուած այս ձեռնարկին ներկայ էին պետական պաշտօնական անձնաւորութիւններ, զբօսաշրջութեան նախարարութեան ընդհանուր տնօրէնը, մամլոյ ներկայացուցիչներ եւ լուսանկարիչներու խուռներամ բազմութիւն...

Օհանեան Եւ Դեսպան Անտրէյ Սորոքին  Քննարկած Են Պաշտպանութեան Նախարարութեան  Եւ ԵԱՀԿ Գրասենեակին  Համագործակցութեան Վերաբերող Հարցեր

Օհանեան Եւ Դեսպան Անտրէյ Սորոքին Քննարկած Են Պաշտպանութեան Նախարարութեան Եւ ԵԱՀԿ Գրասենեակին Համագործակցութեան Վերաբերող Հարցեր

Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեան 22 փետրուարին ընդունած է Երեւանի մէջ ԵԱՀԿ-ի գրասենեակի ղեկավար, դեսպան Անտրէյ Սորոքինը` Հայաստանի մէջ աշխատանքային գործունէութեան աւարտին առիթով: Պաշտպանութեան նախարարութեան փոխանցումով` հանդիպման ընթացքին քննարկուած են Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան եւ ԵԱՀԿ-ի երեւանեան գրասենեակին միջեւ իրականացուող համագործակցութեան առնչուող հարցեր: Նախարար Օհանեան կարեւոր նկատած է ԵԱՀԿ-ի գրասենեակին օժանդակութեամբ իրականացուող` զինուած ուժերուն մէջ մարդու իրաւունքներու բարելաւման, բարեվարքութեան սկզբունքներու ամրապնդման,...

Սուրիահայութեան Օժանդակութեան Գործադիր  Մարմինը (ՍԱՐՖ) 1 Միլիոն 200.000 Տոլար  Հանգանակեց` Ի Նպաստ Սուրիոյ Հայութեան

Սուրիահայութեան Օժանդակութեան Գործադիր Մարմինը (ՍԱՐՖ) 1 Միլիոն 200.000 Տոլար Հանգանակեց` Ի Նպաստ Սուրիոյ Հայութեան

«Ասպարէզ» կը հաղորդէ, թէ Սուրիահայութեան օժանդակութեան գործադիր մարմինը (ՍԱՐՖ) կիրակի, 21  փետրուար 2016-ի կէսօրէ ետք ժամը 2:00-էն 8:00 (15 վայրկեան երկարաձգումով, ամերիկեան ժամանակացոյցով), վեց ժամուան ընթացքին Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու տարածքէն հանգանակեց 1 միլիոն 200.000 տոլարէն աւելի գումար մը:  

Մամլոյ 113-րդ Լսարան.  Կիրօ Մանոյեան Խօսեցաւ Հայ-Թրքական  Սառած Յարաբերութիւններուն  Եւ Շրջանային Առնչակից Քաղաքական  Գործընթացներուն Մասին

Մամլոյ 113-րդ Լսարան. Կիրօ Մանոյեան Խօսեցաւ Հայ-Թրքական Սառած Յարաբերութիւններուն Եւ Շրջանային Առնչակից Քաղաքական Գործընթացներուն Մասին

«Ազդակ»ի խմբագրատան կազմակերպած մամլոյ լսարաններու ծիրին մէջ երէկ` երկուշաբթի, 22 փետրուար 2016-ին, երեկոյեան ժամը 7:00-ին, «Ազդակ»-ի «Ժիրայր Պուտագեան» մամլոյ ուսումնասիրութեան կեդրոնին մէջ  տեղի ունեցաւ մամլոյ 113-րդ լսարանը, որուն նիւթն էր «Հայ-թուրք սառած յարաբերութիւնները եւ առնչուած քաղաքական գործընթացները տարածաշրջանին մէջ», իսկ զեկուցաբերն էր ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, ՀՅԴ Բիւրոյի Հայ դատի եւ քաղաքական հարցերու գրասենեակի պատասխանատու Կիրօ Մանոյեան: Ձեռնարկին բացման խօսքով հանդէս...

Համազգայինի Եւ Երեւանի Պետական  Համալսարանին Գործակցութեամբ  «Հայոց Պատմութեան Հիմնահարցեր»-Ու  Հեռուսուցման Ծրագիրի Ծանօթացման Հանդիպում

Համազգայինի Եւ Երեւանի Պետական Համալսարանին Գործակցութեամբ «Հայոց Պատմութեան Հիմնահարցեր»-Ու Հեռուսուցման Ծրագիրի Ծանօթացման Հանդիպում

Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան կազմակերպութեամբ եւ համագործակցութեամբ Երեւանի պետական համալսարանի Հայագիտական հետազօտութիւններու հիմնարկին, երէկ` երկուշաբթի, 22 փետրուար 2016, երեկոյեան ժամը 7:00-ին, Համազգայինի «Լ. Շանթ» կեդրոնի «Գ. եւ Հ. Արմէնեան» սրահին մէջ երկրորդ անգամ ըլլալով տեղի ունեցաւ «Հայոց պատմութեան հիմնահարցեր»-ու հեռուսուցման խտացեալ եռամսեայ ծրագիրի մասնակիցներու ծանօթացման հանդիպում: Հանդիպումին ներկայ էին Համազգայինի Շրջանային վարչութենէն անդամներ եւ մասնակիցներ: Բարի գալուստի խօսքով հանդէս եկաւ...

«Խաչիկ Պապիկեան» Հիմնադրամի Հայ Դատի  Եւ Պատմաքաղաքական Հարցերու  Ուսումնասիրութիւններու Հրատարակութեան  Յանձնախումբի Հերթական Նիստը

«Խաչիկ Պապիկեան» Հիմնադրամի Հայ Դատի Եւ Պատմաքաղաքական Հարցերու Ուսումնասիրութիւններու Հրատարակութեան Յանձնախումբի Հերթական Նիստը

«Խաչիկ Պապիկեան» հիմնադրամի Հայ դատի եւ պատմաքաղաքական հարցերու ուսումնասիրութիւններու հրատարակութեան յանձնախումբը իր պարբերական նիստը գումարեց անցեալ շաբաթավերջին` Անթիլիասի մայրավանքին մէջ: Նիստին կը նախագահէր Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը, եւ կը մասնակցէին յանձնախումբի ատենապետ Երուանդ Փամպուքեան, անդամներ Շահան Գանտահարեան, Կիրօ Մանոյեան, Խաչիկ Տէր Ղուկասեան եւ կաթողիկոսարանի դիւանապետ Խաչիկ Տէտէեան: Նիստէն կը բացակայէր փրոֆ. Աշոտ Մելքոնեան: Նիստը քննեց յանձնախումբին յղուած առաջարկները: Շուտով հրատարակութեան...

Գործընկեր Երկիրներուն Հետ Կապերու  Ամրապնդման Նպատակով Նախագահ Սարգսեան  Սկսած Է Խորհրդակցութիւններու Շարք Մը

Գործընկեր Երկիրներուն Հետ Կապերու Ամրապնդման Նպատակով Նախագահ Սարգսեան Սկսած Է Խորհրդակցութիւններու Շարք Մը

Հայաստանի նախագահական նստավայրին մէջ սկսած է արտերկրի եւ միջազգային կազմակերպութիւններու մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպաններու եւ առաքելութեան ղեկավարներու հետ խորհրդակցութիւններու շարք մը: Ի լրումն արտաքին քաղաքականութեան մարզին մէջ երկկողմանի յարաբերութիւններու օրակարգային հարցերու, խորհրդակցութիւններուն ընթացքին պիտի քննարկուին Հայաստանի տնտեսական շահերը յառաջ մղելու նոր կարելիութիւնները, դեսպանընկալ պետութիւններուն հետ տնտեսական կապերու հաստատման, նոր նախագիծերու, ներդրումներու եւ առեւտրական շրջանառութեան բազմացման կարելիութիւնները, ինչպէս նաեւ կրթութեան, առողջապահութեան...

Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը Ընդունած Է  Իրանի Նախագահի Խորհրդականը

Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը Ընդունած Է Իրանի Նախագահի Խորհրդականը

Շաբաթ, 20 փետրուարին Ամենայն հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոս մայր աթոռ Ս.  Էջմիածինի մէջ ընդունած է Իրանի մշակոյթի եւ իսլամական կապերու կազմակերպութեան նախագահ, Իրանի նախագահի խորհրդական Ապուզար Իպրահիմի Թորքամանին: Մայր աթոռ Ս. Էջմիածինի տեղեկատուական համակարգին հաղորդումով, վեհափառ հայրապետը կարեւոր նկատելով հայ-իրանական միջպետական յարաբերութիւնները, մասնաւորապէս նշած է. «Երկու բարեկամ ժողովուրդներու կեանքը յատկանշուած է բազմադարեան մշակութային սերտ կապերով»: Վեհափառ հայրապետը, ի դէմս Թորքամանիի,...

Գերմանիոյ Խորհրդարանին Մէջ Տեղի  Պիտի Ունենայ Հայոց Ցեղասպանութեան  Մասին Քննարկում

Գերմանիոյ Խորհրդարանին Մէջ Տեղի Պիտի Ունենայ Հայոց Ցեղասպանութեան Մասին Քննարկում

«Արմէնփրես» կը հաղորդէ, որ Գերմանիոյ խորհրդարանի պաշտօնական կայքը կը տեղեկացնէ, որ 25 փետրուարին Գերմանիոյ խորհրդարանին մէջ պիտի քննարկուի Հայոց ցեղասպանութեան հարցը` յարգանքի տուրք մատուցելով անոր զոհերուն: Քննարկումը նախաձեռնած է Գերմանիոյ խորհրդարանի «Դաշինք 90/Կանաչներ» կուսակցութիւնը, որուն համանախագահը ազգութեամբ թուրք Ճեմ Էօզտեմիրն է: Հարցի քննարկման պիտի տրամադրուի 45 վայրկեան: «Դաշինք 90/Կանաչներ»  կուսակցութիւնը եւ անոր թուրք համանախագահը բազմիցս դատապարտած են Հայոց ցեղասպանութիւնը` յորդորելով...

Դաւիթ Պարսամեան Լիբանանի Մէջ

Դաւիթ Պարսամեան Լիբանանի Մէջ

Դաւիթ Պարսամեան (ծնած` 1945-ին) ձայնասփիւռի ամերիկահայ հաղորդավար, գրող, հասարակական գործիչ եւ մտաւորական մըն է: Պարսամեանի ծնողները Ցեղասպանութենէն վերապրողներ են: Անոնք իրարու ծանօթացած են Պէյրութի մէջ: Պարսամեան ձայնասփիւռի հաղորդավարութեան ասպարէզը մուտք կը գործէ 1978-ին, երբ մաս կը կազմէ Քոլորատոյի մէջ նորաստեղծ  ձայնասփիւռի կայանի մը: Ապա, 1986-ին ան հիմնեց «Ալթըրնըթիվ Ռատիօ»-ն (alternativeradio.org), որ շաբաթական յայտագիր մըն է, որ կը սփռուի 175 ձայնասփիւռի...

ԱՖՀԻԼ-ը Կ՛արժանանայ Միջազգային Մրցանակներու

ԱՖՀԻԼ-ը Կ՛արժանանայ Միջազգային Մրցանակներու

«ԱՖՀԻԼ-ը Կը Յատկանշուի Անով, Որ Համայնքային Ծառայութիւններ Չի Մատուցեր Միայն, Այլ Բան Մը Կ՛աւելցնէ Համայնքին Մէջ» Հաստատեց Յակոբ Լատոյեան Նախորդ տարուան աւարտին ԱՖՀԻԼ-ը արժանացաւ բարձր որակի եւ առեւտրական համբաւի միջազգային զոյգ մրցանակներու` իր գործունէութեան ողջ ընթացքին մատուցած ծառայութիւններուն եւ իրականացուցած համայնքային օգտաշատ ծրագիրներուն համար: Այս մասին յաւելեալ տեղեկութիւն ունենալու նպատակով «Ազդակ» հարցազրոյց մը կատարեց ԱՖՀԻԼ-ի տնօրէն Յակոբ Լատոյեանի հետ: Նախորդ...

Խմբագրական.   Ռազմական Եւ Քաղաքացիական  Մտածողութիւններու Համատեղումով  (Արցախեան Ազատամարտի 28-Ամեակ)

Խմբագրական. Ռազմական Եւ Քաղաքացիական Մտածողութիւններու Համատեղումով (Արցախեան Ազատամարտի 28-Ամեակ)

Արցախեան ազատամարտի մեկնարկի նշումը այս տարի շեշտուած ձեւով անպայման կը կապուի հայկական երկու հանրապետութիւններու հիմնադրութեան 25-ամեակի յոբելենական տարուան հետ: Պարզ է, որ արցախեան ազատամարտով սկսաւ Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութիւնը, որուն հետ սերտօրէն առնչուած է նաեւ Արցախի Հանրապետութեան հիմնադրութիւնը: Երեւոյթները անքակտելիօրէն փոխկապակցուած են եւ առանց ազատամարտին չէին կայանար ո՛չ առաջինը եւ ո՛չ ալ երկրորդը: Ազատամարտը յանգեցաւ ազատագրումի, եւ ազատամարտիկներու հրաշալի փաղանգները, կամաւորական...

Ռուստամեան. «Շատ Երկար Բանակցած Ենք,  Որպէսզի Հիմնական Բոլոր  Տարակարծութիւնները Կարենանք Հարթել»

Ռուստամեան. «Շատ Երկար Բանակցած Ենք, Որպէսզի Հիմնական Բոլոր Տարակարծութիւնները Կարենանք Հարթել»

ՀՅԴ Բիւրոյի քաղաքական ներկայացուցիչ, Ազգային ժողովի Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւն խմբակցութեան ղեկավար Արմէն Ռուստամեան 19 փետրուարին Ազգային ժողովին մէջ լրագրողներուն հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին անդրադարձած է այն հարցին, թէ արդեօք տարածքային կառավարման եւ արտակարգ իրավիճակներու նախարարութեան անջատման գծով այսքան քննադատութիւն կ՛ակնկալէի՞ն: «Բնական է, տեղի ունեցածը բանավէճ է, ամէն մարդ իր տեսակէտը ունի, հիմա ես չեմ ուզեր անոնց անդրադառնալ: Բայց, մէկ բան...

«Մենք Դժուար Պահուն Բեռ Կը Վերցնենք»  Կ՛ըսէ Աղուան Վարդանեան

«Մենք Դժուար Պահուն Բեռ Կը Վերցնենք» Կ՛ըսէ Աղուան Վարդանեան

«Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութեան կառուցուածքի մասին» Հայաստանի Հանրապետութեան օրէնքին մէջ լրացում եւ փոփոխութիւն կատարելու մասին նախագիծի քննարկումին ընթացքին ՀՅԴ խմբակցութեան պատգամաւոր Աղուան Վարդանեան անդրադառնալով ՀՅԴ-ՀՀԿ համագործակցութեան ըսած է. «Մենք քաղաքական այս համագործակցութեան ընթացքն ու հիմնաւորումները ներկայացուցած ենք: Անհրաժեշտութիւնը տեսած ենք նոր սահմանադրութեան որդեգրումով, երկրին մէջ որակական, արմատական փոփոխութիւններ կատարելու հրամայականէն: Ստորագրուելիք երկկողմանի համագործակցութեան համաձայնագիրին մէջ ցանկութիւն ու աչք ունեցողները պիտի տեսնեն...

ՀՅԴ-ՀՀԿ Համաձայնագիրով Կ՛արծարծուին  Երկրին Առջեւ Ծառացած Մարտահրաւէրները

ՀՅԴ-ՀՀԿ Համաձայնագիրով Կ՛արծարծուին Երկրին Առջեւ Ծառացած Մարտահրաւէրները

Դաշնակցութիւն-իշխանութիւն քաղաքական համագործակցութեան մասին համաձայնագիրով կ՛արծարծուին երկրին առջեւ ծառացած մարտահրաւէրները: Քանի մը լրագրողներու հետ զրոյցի մը ընթացքին  ըսաւ Ազգային ժողովի Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւն խմբակցութեան պատգամաւոր Արծուիկ Մինասեան: «Համաձայնագիրին մէջ պիտի ամփոփուի նաեւ երկու ուժերու ներուժի օգտագործումով երկրին առջեւ ծառացած խնդիրներու լուծման ճամբու  քարտէսը: Ասիկա կը նշանակէ, որ խնդիրները ոչ թէ պիտի սահմանափակուին յառաջիկայ մէկ տարուան համար, այլ` աւելի երկարաժամկէտ առումով»,...

Արմէն Ռուստամեան. «Գլխաւոր Հարցը  Սահմանադրութիւնը Կեանքի Կոչելն Է»

Արմէն Ռուստամեան. «Գլխաւոր Հարցը Սահմանադրութիւնը Կեանքի Կոչելն Է»

ՀՅԴ Բիւրոյի քաղաքական ներկայացուցիչ Արմէն Ռուստամեան 18  փետրուարին «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանին տուած զրոյցին ընթացքին նշած է, որ երկու ուժերուն` ՀՅԴ-ի եւ Հայաստանի հանրապետական կուսակցութեան մշակած փաստաթուղթը պիտի կոչուի «Քաղաքական համագործակցութեան մասին համաձայնագիր»: Ան դիտել տուած է, որ տարածքային կառավարման եւ արտակարգ իրավիճակներու նախարարութեան տարանջատումը Դաշնակցութեան եւ Հանրապետականին միջեւ համագործակցութեան առաջին դրսեւորումն է` դիտել տալով, որ երկու նախարարութիւններու անջատումէն ետք տարածքային...

Page 715 of 795 1 … 714 715 716 … 795

Արխիւներ