
Ռատիոթոնին աւարտին երէկ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի կատարեց հետեւեալ յայտարարութիւնը.
«Պատի՛ւ մեր ժողովուրդին, պատի՛ւ մեր աշակերտներուն, մեր պապիկներուն եւ մամիկներուն, մեր գործատէր ու մեծահարուստ անհատներուն, քաղաքական գործիչներուն, բոլոր մակարդակի պատասխանատուներուն: Պատի՛ւ եւ վարձքը կատա՛ր բոլոր անոնց, որոնք կապուեցան մեզի հետ եւ մասնակցեցան ռատիոթոնին: Պատի՛ւ եւ յարգա՛նք բոլոր անոնց, որոնք հայկական միասնականութեան` մէկ հոգիի, մէկ սրտի եւ մէկ բռունցքի հաւատացող մարդոց լաւագոյն օրինակը տուին: Այսօր այս ռատիոթոնին մասնակցեցան լիբանանահայութեան բոլոր շերտերը ներկայացնող անհատներ: Դաշնակցական պատանին, հնչակեան պատասխանատուն, ռամկավար ղեկավարը, բարեգործականի պատասխանատուներ, կաթողիկէ կղերականը, հայ առաքելական կղերականը, հայ աւետարանական պատուելին, բոլոր դպրոցներուն աշակերտները, Այնճարէն, Թրիփոլիէն, Զահլէէն, Ժունիէէն, Ժիպէյլէն, Մեթնի եւ Պէյրութի զանազան շրջաններէն բոլոր խաւերու հայեր: Այսօր մենք Լիբանանի մէջ անգամ մը եւս տուինք փաստը, որ Լիբանանը է եւ կը մնայ համայն հայութեան հսկայական շղթային ամէնէն զօրաւոր օղակը: Մենք հպարտ ենք յայտարարելու հիմա, որ մեր ժողովուրդը անգամ մը եւս մեր ճակատը բարձր պահեց: Մենք միայն կրնանք հիանալ մեր ժողովուրդին միասնականութեան իբրեւ արդիւնք արձանագրուած այս հաստատակամութեան: Միայն կրնանք հիանալ այս վստահութեան, որ մեր ժողովուրդը` լիբանանահայութիւնը ունի մեզի հանդէպ եւ մեր ճամբով համայն հայութեան, Հայաստանին եւ Արցախին հանդէպ: Այսօր մենք հպարտ ենք ըսելու, որ Արցախի մէջ տակաւին զէնք բարձրացնող մեր հերոս զինուորները հանգիստ պէտք է ըլլան, որովհետեւ իրենց նեցուկ կը կանգնի լիբանանահայութեան նման ժողովուրդ մը, մեր նահատակները թող հանգիստ ննջեն, որ հայ պատանին, հայ ծերունին, անխտիր բոլո՛րը այսօր եկան եւ իրենց սքանչելի մասնակցութիւնը բերին, փոքր թէ մեծ գումարով, անունով թէ անանուն, ըսելու համար, թէ մենք ձեզի հետ ենք, պաշտպանեցէ՛ք Արցախը Արցախի համար, պաշտպանեցէ՛ք Արցախը Հայաստանի համար, պաշտպանեցէ՛ք Արցախը մեզի համար: Վարձքը կատա՛ր բոլոր այն տղոց ու աղջիկներուն, որոնք աշխատեցան, որոնք առաւօտէն մինչեւ հիմա եւ նախորդող օրերուն գիշերը ցերեկին խառնեցին եւ իրենց մասնակցութեամբ սատարեցին այս գործին: Եւ վերջապէս, ռատիոթոնը աւարտեցաւ այս գիշեր, սակայն դրամահաւաքը պիտի շարունակուի յաջորդող օրերուն, եւ բոլոր անոնք, որոնք այսօր չկրցան հետեւիլ ու մասնակցիլ եւ անհրաժեշտ կը նկատեն այս գումարը բարձրացնել եւ անպայման իրենց մասնակցութիւնը բերել, կրնան կապուիլ «Շաղզոյեան» կեդրոնի զանազան հաստատութիւններուն, կոմիտէութիւններուն եւ միութիւններուն հետ, որպէսզի տան իրենց բաժինը, այն բաժինը, որ մենք տուինք, որովհետեւ չկրցանք տալ մեր արեան տուրքը, չկրցանք զոհուիլ այդ հայրենիքին մէջ, բայց կրցանք զոհուողներուն եւ մեր հզօր բանակին զօրակցիլ:
Այսօրուան այս դրամահաւաքին մասնակցեցաւ 1191 հոգի, 1191 անուն, որոնց մէջ կան անհատներ, ընտանիքներ, միութիւններ, դպրոցներ, ուսուցչական կազմեր, լիբանանահայ օգնութեան խաչի մասնաճիւղեր, քաղաքապետութիւններ, քաղաքապետական խորհուրդներ, տիկնանց յանձնախումբեր, կոմիտէներ, պատանեկան միութիւններ, երիտասարդական եւ ուսանողական միաւորներ: Վարձքը կատա՛ր եւ շնորհակալութի՛ւն այս անուններուն:
Մենք կրնանք միայն հպարտանալ մեր ժողովուրդով, մենք կրնանք մեր ճակատները բարձր ըսել, որ տայ Աստուած, որ մենք արժանի ըլլանք այս ժողովուրդին, այս ժողովուրդը շարունակէ զօրակցիլ մեզի, շարունակէ զօրակցիլ հայրենիքին, շարունակէ զօրակցիլ մեր ժողովուրդի պաշտպանութեան բոլոր գործերուն: Հակառակ Լիբանանի դիմագրաւած տնտեսական տագնապին, մենք հպարտ ենք յայտարարելու, որ լիբանանահայութիւնը Արցախի զօրակցութեան ռատիոթոնին նուիրաբերեց 274. 770 տոլար, որմէ 20 հազար տոլարը յատուկ նպատակային ծրագիրներու համար է, որովհետեւ անհատ նուիրատուներ փափաքած են այդ գումարը յատկացնել դպրոցի մը, տան մը նորոգութեան եւ այլն: Վարձքը կատա՛ր մեր ժողովուրդին, մենք մնայուն կերպով պիտի փորձենք արժանի ըլլալ այս ժողովուրդին»:


