Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Աւանդական Բազմամարդ Ջահերթ` Երեւանէն Դէպի Ծիծեռնակաբերդի Անմար Կրակ

Ապրիլ 25, 2016
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Jahert1_42416

Շաբաթ, 23 ապրիլ 2016-ին, Հայոց ցեղասպանութեան 101-րդ տարելիցին առիթով, Երեւանի Ազատութեան հրապարակէն դէպի Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիր  սկիզբ առաւ ջահերով աւանդական երթը: Երթին մասնակցեցան բազմահազար երիտասարդներ, տարբեր կուսակցութիւններու, հասարակական կազմակերպութիւններու, ուսանողական միութիւններու ներկայացուցիչներ: Երթին  մասնակիցները նախ մէկ վայրկեան լռութեամբ յարգանքի տուրք մատուցեցին Մեծ եղեռնին զոհ գացած աւելի քան 1,5 միլիոն հայորդիներու յիշատակին:

ՀՅԴ Հայաստանի երիտասարդական միութեան Կեդրոնական վարչութեան ներկայացուցիչ Հայկ Իգիթեան դիմելով երթի մասնակիցներուն նշեց, որ այսօր եւս աշխարհը ականատեսն է թրքական ձեռագիրով վայրագութիւններու, խաղաղ բնակչութեան դէմ իրականացած ոճրագործութիւններու` մատնանշելով ապրիլի սկիզբը Ազրպէյճանի կողմէ սանձազերծուած յարձակողական գործողութիւնները Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան խաղաղ բնակչութեան դէմ, յատկապէս Թալիշի, Մարտակերտի, Մարտունիի եւ Մատաղիսի մէջ:

«Վայրագութիւններ գործադրուեցան պատանիներու եւ ծերերու նկատմամբ, ուստի մեր պայքարը կը շարունակուի: Այսօր եւս երիտասարդներս հաւաքուած ենք այստեղ` միասնաբար պայքարելու եւ պահանջելու: Քանի տակաւին Թուրքիան եւ Ազրպէյճանը պատասխանատուութեան չեն ենթարկուած, մեր ջահերը պիտի վառին եւ մեր պայքարը պիտի շարունակուի», ըսաւ Իգիթեան:

Jahert2_42416

Իբրեւ բողոքի նշան ջահերթին մասնակիցները այրեցին Թուրքիոյ եւ Ազրպէյճանի պետական դրօշակները` իրենց զայրոյթը արտայայտելով այդ երկիրներու ժխտողական եւ յարձակողական քաղաքականութեանց նկատմամբ:

Մասնակիցները Ծիծեռնակաբերդի անմար կրակին շուրջ իրենց յարգանքի տուրքը մատուցեցին Ցեղասպանութեան անմեղ սուրբ զոհերուն յիշատակին: Անոնք միասնաբար աղօթեցին, ապա կրակին շուրջ խոնարհեցուցին Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչցած երկիրներուն դրօշակները:

Նշենք, որ նմանօրինակ ջահերթ տեղի ունեցաւ նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան մայրաքաղաք Ստեփանակերտի մէջ:

 

Նախորդը

Երեւանի Մէջ. «Ընդդէմ Ցեղասպանութեան Յանցագործութեան» Երկրորդ Միջազգային Համաժողովի Կայացում

Յաջորդը

Հայոց Ցեղասպանութեան 101-Ամեակին Առիթով` Աշխարհահռչակ Հիւրեր Հայաստանի Հանրապետութեան Բարձրագոյն Ղեկավարութեան Ընկերակցութեամբ Այցելեցին Ծիծեռնակաբերդ

RelatedPosts

Ակնարկ.  Կարմիր Գիծէն Անցում Դէպի Մտահոգութիւն
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Կարմիր Գիծէն Անցում Դէպի Մտահոգութիւն

Հոկտեմբեր 25, 2025
«Վենետիկի Յանձնաժողովը Արձանագրած Է Քրէական Շարք Մը Գործերու Ապօրինութիւնը» Նիւթով Մամլոյ Ասուլիս
Գլխաւոր լուրեր

«Վենետիկի Յանձնաժողովը Արձանագրած Է Քրէական Շարք Մը Գործերու Ապօրինութիւնը» Նիւթով Մամլոյ Ասուլիս

Հոկտեմբեր 25, 2025
«Հայաստան» Խմբակցութեան Պատգամաւորները Եւրոպական Միութեան Դեսպան Վասիլիս Մարակոսի Հետ Հանդիպում Ունեցան
Գլխաւոր լուրեր

«Հայաստան» Խմբակցութեան Պատգամաւորները Եւրոպական Միութեան Դեսպան Վասիլիս Մարակոսի Հետ Հանդիպում Ունեցան

Հոկտեմբեր 25, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?