Ֆրանսախօս Երկիրներու 17-րդ Վեհաժողովին Մասնակցելու Հրաւէր Ստանալով` Նախագահ Աուն Երեւանի Մէջ Պիտի Տեսակցի Նախագահ Սերժ Սարգսեանի Հետ Յառաջիկայ Շաբթուան Ընթացքին
Նախագահ Միշել Աուն շաբաթավերջին հրաւէր մը ստացաւ մասնակցելու ֆրանսախօս երկիրներու 17-րդ վեհաժողովին, որ պիտի գումարուի Երեւանի մէջ, յառաջիկայ հոկտեմբերին: Հրաւէրը, որ նախագահ Աունին յանձնեց Լիբանանի մէջ Հայաստանի արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Սամուէլ Մկրտչեան, հետեւեալը կ՛ընդգրկէր. «Այն մարտահրաւէրները, որոնք կը դիմակալէ ֆրանսախօս մեր ընտանիքն ու միջազգային ընկերութիւնը, մեզ մղեց ընտրելու «համակեցութիւն» խորագիրը վեհաժողովին համար: Մարդկային արժէքներու խորքէն բխող այս խորագիրը առիթ...




















