Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՀՅԴ-ի Թեկնածուներու Ծանօթացման Ժողովրդային Հանդիպում` Ֆանարի Մէջ. «Լիբանանի Մէջ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը Ըրած Է Ամէն Ի՛նչ, Որպէսզի Հայութիւնը Ամուր Մնայ Եւ Հայը Հայ Մնայ» Շեշտեց Յ. Բագրատունի

Ապրիլ 16, 2018
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի Քարոզչական մարմինին եւ ՀՅԴ «Էտկար Ակնունի» կոմիտէութեան կազմակերպութեամբ շաբաթ, 14 ապրիլ 2018-ին, երեկոյեան ժամը 7:20-ին, Ֆանարի ակումբի սրահին մէջ տեղի ունեցաւ ժողովրդային հանդիպում` ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէին առաջադրած չորս թեկնածուներուն հետ:

Ներկայ էին ՀՅԴ-ի առաջադրած թեկնածուներ` ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի, Յակոբ Թերզեան, Սերժ Չուխատարեան եւ Ալեքսանտր Մաթոսեան, Պուրճ Համուտի քաղաքապետ Մարտիկ Պօղոսեան եւ Ֆանարի բնակիչներու հսկայ բազմութիւն մը:

Նախքան հանդիպում-լսարանին սկսիլը, ՀՅԴ-ի թեկնածուները շրջանի կոմիտէութեան հետ շրջեցան Ֆանարի մէջ:

Ֆանարի «Է. Ակնունի» ժողովրդային տան մէջ ժողովրդային հանդիպումը սկսաւ Լիբանանի եւ ՀՅԴ-ի քայլերգներուն յոտնկայս ունկնդրութեամբ:

ՀՅԴ «Է. Ակնունի» կոմիտէութեան ներկայացուցիչ Րաֆֆի Տեմիրճեան բարի ողջունեց բոլորը` յայտնելով, որ թեկնածուները իրենք զիրենք չեն ներկայացներ, այլ` Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան ընտրացանկին մաս կը կազմեն: «ՀՅԴ-ն ներկայացնել կը նշանակէ ժողովուրդը ներկայացնել եւ ձեզմէ իւրաքանչիւրին ներկայացուցիչը ըլլալ», ըսաւ ան:

Ր. Տեմիրճեան նշեց, որ Դաշնակցութեան թեկնածուները միայն ընտրութեան պարագային չէ որ կ՛աշխատին հայութեան եւ Հայ դատին համար, այլ` կուսակցութեան ուղիին կը հետեւին եւ ամբողջ կեանքի ընթացքին կը ծառայեն հայութեան:

Ապա ցուցադրուեցաւ ՀՅԴ Քարոզչական մարմինի պատրաստած տեսերիզը, որ կ՛ընդգրկէր քուէարկելու դրութեան բացատրութիւնը, թեկնածուներուն հակիրճ կենսագրութիւնն ու զոյգ կոմիտէներու շրջանի բնակիչներուն կարծիքները, որոնք հաստատեցին, որ իրենք պիտի քուէարկեն ի նպաստ Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան, որովհետեւ անիկա ժողովուրդին կուսակցութիւնն է եւ մնայուն կերպով դարձած է հայութեան տէրն ու տիրականը:

Ապա խօսք առաւ Պէյրութի Ա. ընտրաշրջանի հայ կաթողիկէ աթոռի թեկնածու Սերժ Չուխատարեան, որ յայտնեց, թէ ինք իր կեանքէն 15 տարի անցուցած է յաճախելով Հռիփսիմեանց վարժարանը:

Ան հաստատեց հայ դպրոցին դերակատարութիւնը հայապահպանման աշխատանքին մէջ` աւելցնելով, որ խորհրդարան հասնելու պարագային ինք օրինագիծեր պիտի մշակէ, որպէսզի հայկական դպրոցներուն յաւելեալ օժանդակութիւն կարելի ըլլայ ապահովել` կառավարութեան կողմէ:

Սերժ Չուխատարեան ընդգծեց նաեւ բնակարաններու շինութեան կարեւորութիւնը, որպէսզի հայ երիտասարդները չհեռանան Լիբանանէն եւ կազմեն իրենց հայկական բոյնը:

«Առանց Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան հայապահպանում չկայ Լիբանանի մէջ», շեշտեց ան` կոչ ուղղելով 6 մայիսին քուէարկելու ի նպաստ հայապահպանումին, որպէսզի 7 մայիսին տօնենք Հայկական երեսփոխանական պլոքի վերակազմութեան յաղթանակը:

Իր կարգին, Պէյրութի Ա. ընտրաշրջանի հայ առաքելական աթոռի թեկնածու Յակոբ Թերզեան յայտնեց, որ ՀՅ Դաշնակցութիւնը  միշտ պաշտպանած է հայ ժողովուրդը եւ այդպէս ալ պիտի շարունակէ գործել:

Ան ընդգծեց, որ իրենք հայ են եւ Դաշնակցութեան ոգիով ու դաստիարակութեամբ սորված են հայանպաստ գործունէութիւն տանիլ եւ այդպէս ալ պիտի շարունակեն:

Պէյրութի Ա. ընտրաշրջանի հայ առաքելական աթոռի թեկնածու Ալեքսանտր Մաթոսեան շեշտեց, որ ինք ուրախ է ժողովրդային այս հանդիպումին մասնակցելու համար եւ վստահ է, որ 6 մայիսին ճիշդ ընտրութիւն պիտի կատարէ ժողովուրդը` ընտրելով ՀՅԴ-ի թեկնածուները:

Ա. Մաթոսեան հաստատեց, որ ինչպէս ժողովուրդը մնայուն կերպով կը զօրակցի Դաշնակցութեան, անոր թեկնածուներն ու երեսփոխաններն ալ իրենց կարգին նեցուկ կը կանգնին հայութեան եւ կ՛աշխատին անոր ապագային համար:

Երեսփոխան Յ. Բագրատունի յայտնեց, որ Լէյլաւանի հանդիպումը իրեն համար հոգեհարազատ է, որովհետեւ իր կեանքին քսան տարիները անցուցած է այդ շրջանին մէջ:

Յ. Բագրատունի ակնարկեց Գեղօ մայրիկին ներկայութեան` շեշտելով, որ ան քսան տարի Ֆանարի մէջ ապրած է իբրեւ իր բնակարանը: Ան բազմաթիւ յուշեր կիսեց ժողովուրդին հետ` ընդգծելով երկուքին միջեւ աշխատանքը կիսելու, հաց կիսելու, պատերազմի վատ օրերը անցընելու, աշակերտներուն անվտանգութիւնը ապահովելու կարելիութիւնը:

«Մեր յարաբերութիւնը շահու վրայ չէ հիմնուած: Եթէ մենք աղ ու հաց ունեցած ենք, զիրար պաշտպանած ենք, լաւ եւ վատ օրեր ունեցած ենք, այդ բոլորը ունեցած ենք, որովհետեւ ես զաւակն եմ դպրոցի մը, որ Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնն է եւ ոչ թէ, որովհետեւ Յակոբ Բագրատունին եմ: Զիս սիրած էք, որովհետեւ ես դաշնակցական մարդ եմ եւ ես ձեզ սիրած եմ, որովհետեւ հայ էք` անկեղծ, մաքուր եւ անբասիր», ըսաւ ան:

Երեսփոխան Բագրատունի շեշտեց, որ Լէյլաւանը այն հազուագիւտ շրջաններէն է, որ ոչ թէ հայահոծ է, այլ` հայկական շրջան է, ուր կը բաբախէ հայու սիրտը, մարդիկ հանգիստ կ՛ապրին եւ երբ քնանաք` տղաք կան, որոնք արթուն կը հսկեն, որ դուք եւ ձեր զաւակները հանգիստ քնանաք: «Այսպէս սորվեցուցած է Դաշնակցութիւնը մեզի: Եւ այս օրերուն, երբ կասկածամիտներուն եւ շատախօսներուն թիւը շատցած է, կ՛ըսենք անոնց, որ ժողովուրդին հարց տան, թէ ինչո՞ւ ժողովուրդը ՀՅԴ-ն կը սիրէ: Թէ ինչո՞ւ այս սքանչելի հոգեկան կապը կայ Դաշնակցութեան եւ ժողովուրդին միջեւ, թէ ինչո՞ւ մինչեւ հիմա հայը, երբ հարց մը ունենայ, առաջին վայրը, որ կ՛ուղղուի, Դաշնակցութեան ակումբն է», ըսաւ ան:

Ան նշեց, որ Դաշնակցութիւնը եւ հայ ժողովուրդը ժառանգն են հայկականութեան, հայախօսութեան, հայ դպրոցին, «դուրսէն եկած աւելի գեղեցիկ զարդերը եւ հագուստները անկարեւոր են, կարեւորը մեր ծնողներէն եւ դաշնակցական ֆետայիներէն ժառանգած մեր աւանդներն են: Ձեր ծնողներէն ձեր ժառանգածը ամէնէն կարեւորն է, որովհետեւ անոնք Քարանթինայի մէջ արիւն թափած են, երբ հոս փոխադրուած են` դարձեալ արիւն թափած են, որպէսզի պաշտպանեն ձեզ` մեր ժողովուրդին զաւակները», շեշտեց Յ. Բագրատունի:

Անդրադառնալով Լիբանանի մէջ տիրող փտածութեան` Յ. Բագրատունի հաստատեց, որ Դաշնակցութիւնը ոչ մէկ կերպով մասնակից է այդ իրավիճակին, եւ աւելցուց, որ քաղաքացիական պատերազմի օրերուն Դաշնակցութիւնը ո՛չ մարդ առեւանգած է, ո՛չ նաւահանգիստի կողոպուտին մասնակցած է, ո՛չ յուշարձան պայթեցուցած է, այլ պարզապէս իր թաղերը պաշտպանած է եւ զէնք բարձրացուցած անոր վրայ, որ իր դէմ յարձակած է` առանց նախայարձակ ըլլալու:

«Դաշնակցութիւնը միշտ եղած է հպարտ կուսակցութիւն, որ հպարտ ժողովուրդի զաւակն է: Մենք մեր քաղաքական ուժը առած ենք մեր կուսակցութեան գիտակցական ուղղութենէն` Լիբանանի գերիշխանութեան, ազատութեան եւ անկախութեան պաշտպանութեան ի խնդիր: Աշխատած ենք Լիբանան հայրենիքը պահելու համար եւ ոչ թէ Լիբանանը ագարակի վերածելու միտումով: Մինչ մարդիկ պետութեան հաշուոյն միլիոններ դիզած են, ԼՕԽ-ական տիկիննե՛ր, դուք տունէ տուն գացած էք եւ աղքատներուն օժանդակած, ՀՄԸՄ-ական տղա՛ք` տունէ տուն պտըտած էք, որպէսզի ձեր սկաուտներուն եւ մարզիկներուն տաբատ եւ թի-շըրթ առնէք, համազգայնականնե՛ր` տունէ տուն պտըտած էք, որպէսզի այսինչ թատրոնին, պարին կամ համերգին համար տոմսեր ծախէք եւ քանի մը ոսկի ապահովէք` հայկական մշակոյթը ոտքի պահելու համար: Հոս հաստատուած «Գարակէօզեան» դարմանատունը պետութենէն օժանդակութիւն չէ ստացած: Մեր քաղաքապետութիւնները Պուրճ Համուտի թէ Այնճարի մէջ ըրած են ամէն ի՛նչ, որպէսզի ամուր մնայ հայութիւնը, որպէսզի հայը հայ մնայ: Մենք մեր ժողովուրդին մեր ծառայութիւնները կը մատուցենք, որպէսզի հայը հայ մնայ: Պատի՛ւ քեզի, սիրելի՛ ժողովուրդ, 6 մայիսին բոլորս պիտի յաղթենք հայութեան համար` մեր ինքնութեան համար: 6 մայիսին միասին պիտի յաղթենք, պիտի յաղթէ հայութիւնը Լիբանանի մէջ, որպէսզի յաղթանակէ հայութիւնը ամբողջ աշխարհի մէջ` Հայաստանի, Արցախի եւ սփիւռքի մէջ», շեշտեց ան:

Հանդիպումին աւարտին ներկաները թեկնածուներուն հետ լուսանկարներ ստացան` անոնց մաղթելով յաջողութիւն:

Նախորդը

«Պուրճ Համուտ-2018» Փառատօնին Մեծաթիւ Հայեր Ու Օտարներ Համախմբուեցան Լիբանանահայութեան Բաբախուն Սրտին` Պուրճ Համուտի Մէջ

Յաջորդը

Ասատ Սուրիոյ Դէմ Յարձակումը Կը Նկատէ «Թշնամական Արարք»

RelatedPosts

Արցախի Եւ Հայաստանի Շարք Մը Քաղաքական  Ուժերու Յայտարարութիւնը
Գլխաւոր լուրեր

Խմբագրական. Եռատօնի Վերաիմաստաւորման Համար

Մայիս 9, 2025
Պատմութեան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով`  Ամերիկացի Կարտինալ Մը` Ռապըրթ  Փրեւոսթ Դարձաւ Լեւոն ԺԴ. Պապ
Գլխաւոր լուրեր

Պատմութեան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով` Ամերիկացի Կարտինալ Մը` Ռապըրթ Փրեւոսթ Դարձաւ Լեւոն ԺԴ. Պապ

Մայիս 9, 2025
Խօսքը Ուղղելով Կեդրոնական Դրամատան  Կառավարիչին Եւ Փոխկառավարիչներուն`  Նախագահ Աուն. «Դրամատնային Համակարգին Նկատմամբ  Ներքին Ու Արտաքին Վստահութեան Վերականգնման Մէջ Ձեր Պատասխանատուութիւնը Մեծ Է»
Գլխաւոր լուրեր

Խօսքը Ուղղելով Կեդրոնական Դրամատան Կառավարիչին Եւ Փոխկառավարիչներուն` Նախագահ Աուն. «Դրամատնային Համակարգին Նկատմամբ Ներքին Ու Արտաքին Վստահութեան Վերականգնման Մէջ Ձեր Պատասխանատուութիւնը Մեծ Է»

Մայիս 9, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?