Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայաստանի Ազգային Ժողովը Վաւերացուց Հայաստանի Հանրապետութիւն – Եւրոպական Միութիւն Համաձայնագիրը

April 12, 2018
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

10 ապրիլին Հայաստանի խորհրդարանը քննարկեց Հայաստանի Հանրապետութիւն-Եւրոպական Միութիւն համապարփակ եւ ընդլայնուած գործընկերութեան համաձայնագիրը վաւերացնելու մասին հարցը: Երէկ Ազգային ժողովը միաձայնութեամբ` 95 ձայնով, կողմ քուէարկեց համաձայնագիրին:

Յիշեցնենք, որ փաստաթուղթը կը կանոնակարգէ երկկողմանի քաղաքական, տնտեսական, առեւտրական յարաբերութիւնները, կը խրախուսէ անոնց շարունակականութիւնը: Այդտեղ կը խօսուի Եւրոպական Միութիւն-Հայաստան ընդհանուր սկզբունքներու, կազմակերպուած յանցագործութեան ու փտածութեան դէմ պայքարի, ուժանիւթի եւ փոխադրութեան, շրջակայ միջավայրի պաշտպանութեան, գրեթէ բոլոր ոլորտներուն մէջ համագործակցութեան սկզբունքներու եւ ծրագիրներու մասին:

Առանձին եւ յստակ մաս յատկացուած է Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի խաղաղ եւ համապարփակ լուծման հարցին. համաձայնագիրը կը վերահաստատէ Եւրոպական Միութեան յայտարարուած յանձնառութիւնը` աջակցիլ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներուն կողմէ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի  հանգուցալուծման ջանքերուն եւ մօտեցումներուն` հիմնուած միջազգային իրաւունքի չափանիշներու եւ սկզբունքներու, յատկապէս` ուժ կամ ուժի սպառնալիք չկիրարկելու, ժողովուրդներու ինքնորոշման իրաւունքի եւ իրաւահաւասարութեան, տարածքային ամբողջականութեան սկզբունքներուն վրայ: Համաձայնագիրով նաեւ կը նախատեսուի Հայաստանի Հանրապետութեան օրէնսդրութեան համապատասխանեցում Եւրոպական Միութեան օրէնսդրութեան:

Կը նախատեսուի Եւրոպական Միութեան անդամ երկիրներուն հետ ստեղծել խորհրդարանական գործընկերութեան կոմիտէ, որ պիտի գործէ նոր ձեւաչափով եւ պիտի ունենայ  ենթակոմիտէներ: Հայկական կողմը  կ՛ակնկալէ, որ մօտերս Եւրոպական Միութեան կողմէ Հայաստանին տրամադրուի մուտքի արտօնագիրներու ազատականացման մեկնարկի գործողութեան ծրագիրը:

Յարութ Շիրինեան. «Կարեւոր Էր, Որ Հայաստանը Արագ Վաւերացնէր
Եւրոպական Միութեան Հետ Համաձայնագիրը»

Կարեւոր էր, որ Հայաստանը արագ վաւերացնէր Եւրոպական Միութեան հետ համաձայնագիրը. «Երկիր»-ի հետ զրոյցի մը ընթացքին ըսաւ ՀՅԴ Եւրոպայի Հայ դատի գրասենեակի հաղորդակցութեան եւ հասարակութեան հետ կապերու պատասխանատու Յարութ Շիրինեան:

Ան նշեց, որ Հայաստանի Ազգային ժողովին կողմէ, ինչպէս խոստացուած էր, ապրիլ ամսուն կատարուած այս քայլը կրնայ միայն դրական ձեւով ընկալուիլ Եւրոպական Միութեան անդամ երկիրներու խորհրդարաններուն կողմէ եւ ցոյց կու տայ Հայաստանի պատրաստակամութիւնը` ճիշդ ձեւով սկսելու հոլովոյթին:

«Այս վաւերացումը նաեւ պիտի խրախուսէ այն անդամ երկիրները, որոնք մինչեւ այսօր չեն վաւերացուցած զայն: Այս հարցով, մեր ներկայիս տուեալներուն համաձայն, որեւէ խոչընդոտ չենք ակնկալեր», ըսաւ  Շիրինեան:

 

 

Նախորդը

Շարմազանով. «Սերժ Սարգսեանը` Հայաստանի Հանրապետական Կուսակցութեան Վարչապետի Թեկնածու»

Յաջորդը

Նախագահ Արմէն Սարգսեանը Խորհրդականներ Նշանակած Է

RelatedPosts

Ակնարկ.  Մրցակից-Գործակից Միջնորդներ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Մրցակից-Գործակից Միջնորդներ

October 29, 2026
Իսրայէլեան Ընտրութիւններու Արդիւնքը  Այսօր Երեկոյեան Կը Սպասուի
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլեան Ընտրութիւններու Արդիւնքը Այսօր Երեկոյեան Կը Սպասուի

October 29, 2026
Ազգային Ժողովը Վաւերացուց ԹՐԻՓՓ-ի Համաձայնագիրը. Ընդդիմադիր Խմբակցութիւնները Դէմ Քուէարկեցին
Գլխաւոր լուրեր

Ազգային Ժողովը Վաւերացուց ԹՐԻՓՓ-ի Համաձայնագիրը. Ընդդիմադիր Խմբակցութիւնները Դէմ Քուէարկեցին

October 29, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.